ՔՈԼՈՄՊՕ, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 18ին, թամիլ անջատողականները ականներով լեցուն հինգ նաւերով յարձակեցան Սրի Լանքայի ծովային խարիսխներէն մէկուն վրայ, որու հետեւանքով սպաննուեցան 15 անջատողականներ եւ զինուոր մը: Վիրաւորուեցան նաեւ 15 զինուորներ:
Յիշեցնենք, թէ Երկուշաբթի օր տեղի ունեցած անձնասպանական արարքի մը հետեւանքով սպաննուած էին մօտաւորապէս 100 զինուորներ եւ վիրաւորուած էին նոյնքան ուրիշներ: