Լիբանանի խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ նախագահեց խորհրդարանական միացեալ յանձնախումբերու նիստին, որուն ընթացքին շարունակուեցաւ «Քեփիթըլ Քոնթրոլ» օրինագիծին քննարկումը:
Նիստէն ետք, Պու Սաապ յայտնեց, որ այդ օրինագիծը դուրս պիտի գայ միացեալ յանձնախումբերու նիստէն` հաստատելով, որ յանձնախումբերը նկատի պիտի ունենան դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն իրաւունքը, առանց անձնատուր ըլլալու այդ գաղափարին, թէ այդ գումարները վերացած են:
«Դրամատուները կրնան քաղաքացիներուն իրաւունքները ապահովել Կեդրոնական դրամատան հետ գործակցաբար: Պայման չէ, որ լիբանանեան պետութիւնը իր կալուածները վաճառէ, սակայն անիկա կրնայ զանոնք ներդրել` վերստանալու համար քաղաքացիներուն պահ դրած գումարները», յայտնեց Պու Սաապ: