«Արմէնփրէս»ը, վկայակոչելով Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան հրապարակած հաղորդագրութիւնը՝ կը հաղորդէ, որ Վատիկանի մէջ հաւատարմագրուած օտարերկրեայ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու հետ 9 Յունուարին տեղի ունեցած տարեկան հանդիպումին, որուն կը մասնակցէր նաեւ Հայաստանի դեսպանը, Ֆրանսիս պապը, անդրադառնալով զանազան շրջաններու մէջ շարունակուող տագնապներուն՝ ըսաւ.
«Մասնաւորաբար կը մտածեմ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան մասին: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ` յարգելու զինադադարը, եւ կը վերահաստատեմ, որ պատերազմական գերիները եւ պահուող քաղաքայիններու ազատ արձակումը կարեւոր քայլ պիտի հանդիսանայ շատ ցանկալի խաղաղութեան համաձայնագիրին համար»: