«ԱՍՊԱՐԷԶ».- Նոյեմբեր 8, 2005ին, լոյս ընծայեցինք լոս անճելըսահայ ծանօթ ազգայիններէն Յովսէփ Թոքատի հետ Իշխան Ճինպաշեանի վարած հարցազրոյցը, որու ընդմէջէն կը ներկայացուէր Թոքատի արժէքաւոր աշխատութիւնը՝ «Հայ արծաթագործ վարպետներ» խորագրով:
Գիրքին մասին գրախօսական մը ունի նաեւ ծանօթ թուրք հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու՝ «Էօզկիւր կիւնտէմ» թրքերէն ամսագրին մէջ: Զարաքօլու բազմիցս դատական հետապնդումի ենթարկուած է թրքական իշխանութիւններուն կողմէ, հայութեան ու Հայկական հարցին առնչուած գիրքեր թարգմանած եւ լոյս ընծայած ըլլալուն պատճառով:
Ստորեւ կու տանք գրախօսականը, որպէսզի ընթերցողը եւս վերահասու ըլլայ, թէ թուրք մտաւորականը ինչպէ՞ս կ’արժեւորէ թէ՛ Թոքատի արժէքաւոր աշխատասիրութիւնը եւ թէ Վանը, հայուն կորուսեալ հայրենիքի այդ անկիւնը:
«Հայ արծաթագործ վարպետներ» հատորը կարելի պիտի ըլլար նաեւ խորագրել՝ «Վանի անհետացած աշխարհը»։ Վան՝ այս սքանչելի ոստանը, ուրարտացիներու մայրաքաղաք, իր այգիներով, գետերով ու լիճերով, գոյութիւն ունեցած է հազարամեակներէ ի վեր։ Առաջին աշխարհամարտէն ամէնէն շատ տուժած բայց վերստին կեանք առած, Վան իր անունը առած է մօտակայ ծովէն, որ միշտ գոյութիւն պիտի ունենայ։
Սակայն Վանը ուրուական մըն է նաեւ։ Պատերազմի մը, կործանման մը, սոսկում պատճառող յուշարձանն է հին Վանը… Կարծէք անցեալի երազները, քանդուած պատերը, անորոշ փողոցներուն միջեւ քամիին հետ կը փսփսան ու կը կանգնին։ Այս քաղաքը կրնաք դիտել բերդէն միայն։ Չէք կրնար այցելել…
Թռչուններու եւ ջուրերու ձայներով պերճաւորուած խրախճանքները այլեւս մոռցուած են այսօր։ Հազար տարի գոյատեւած կեանքը այլեւս չկայ հոն։
Վանը 19րդ դարու օսմանեան աշխարհի ամէնէն քաղաքականացուած կեդրոններէն մէկն էր, խարիսխը՝ բազմաթիւ թերթերու, մտաւորականներու, քաղաքական վէճերու, ինչպէս նաեւ զօրաւոր կուսակցութեան մը։ Ես այդ տեղը կը կոչեմ «Արեւելքի Սելանիկը»։
Առաջին աշխարհամարտին վանեցիները դիմեցին ինքնապաշտպանութեան։
Մեծ կորուստներ տալով հանդերձ, յաջողեցան վերապրիլ։ Հազարաւոր տարիներու Վանի բերդը զիրենք առանձին չթողուց, կուրծքին սեղմեց։ Բայց ինչպէս միշտ,
ինքնապաշտպանութիւնը կոչուեցաւ «ըմբոստութիւն» եւ պատճառ դարձաւ ամբողջ ժողովուրդի տեղահանման։ Այս դժուար ճամբորդութեան ընթացքին ժողովուրդի
մեծամասնութիւնը ոչնչացաւ։ Ներկայիս Երեւանի մէկ թաղամասը կը կոչուի Նոր Վան. հոն, ինչպէս աշխարհի չորս ծագերուն, կը ծաղկի Անատոլուն, Մարաշի եւ Անատոլուի միւս քաղաքներուն նման։
Վանի արծաթագործ վարպետները աշխատանքներ կ’արտադրէին ոչ միայն Օսմանեան, այլ օտար արքունիքներու համար նաեւ։ Յովսէփ Թոքատ, հեղինակը՝ «Հայ արծաթագործ վարպետներ» գրքին, ծնողքէն ժառանգած Վանի քանի մը գործերու հիման վրայ ձեռնարկած է ուսումնասիրական աշխատանքի. ժամանակի ընթացքին, իր յայտնաբերումները զինք առաջնորդած են ընդարձակ հետազօտութեան։ Յովսէփը, հակառակ բնական ենթադրութեան, վանեցի չէ. ան ծնած է Քղիի Ճերմակ գիւղը, 12րդ զաւակը իր ծնողներուն։
Յովսէփ սիրահարուած է վանեցի վարպետներու նուրբ աշխատանքներուն. պրպտելով անոնց գեղարուեստական եղանակներն ու խորիմաստ պատմութիւնները, զանոնք ահա հրամցուցած է արուեստասէրներու ուշադրութեան։ Այսպէս կը բացատրէ հեղինակը. «Արուեստաբան չըլլալով հանդերձ, ինծի համար անկարելի էր անտեսել արծաթագործութեան բնագաւառէն ներս իմ ժողովուրդիս կատարած հրաշագործութիւնները, անկարելի էր չհիանալ ու չհպարտանալ անոնցմով։
Իրականութեան մէջ կը հաւատամ, որ արհեստն ու արուեստը կը պատկանին ոչ թէ ազգի մը կամ անձի մը, այլ համայն մարդկութեան. իսկ զանոնք պաշտպանելն ու պահպանելը նոյնպէս կը պատկանին համայն մարդկութեան»։
Դժբախաբար հայկական հրաշագործութիւնները կորուստի ենթարկուած են, հետեւաբար հայկական մշակոյթը բաւականաչափ ճանաչողութիւն չէ գտած։
Այո, 90 տարիներ առաջ Վանի մէջ կային արծաթի 120 գործարաններ։ Այն վարպետները, որոնք 1915էն ետք ողջ մնացին, տարածուեցան աշխարհի զանազան վայրերը, իրենց հետ տանելով իրենց արհեստը։ Պատմութեան ալեկոծ դէպքերուն տոկալով ու գոյատեւելով, անոնք անկիւն մը ստեղծեցին, որպէսզի վերստին, խոր եռանդով լծուին արծաթ ձեւաւորելու աշխատանքին։
Յովսէփ Թոքատի գրքին մէջ կը տեսնէք ցուցակ մը՝ Կովկասի մէջ 1842-1917 թուականներու արծաթագործ վարպետներու քանակին ու ազգային համեմատութեան մասին։ Թիֆլիսի մէջ, օրինակ, 947 վարպետներէն 328ն եղած են հայ, 181ը՝ վրացի, 122ը՝ տաղստանցի, եւ 169ը՝ հրեայ. Գիւմրիի մէջ եղած են 174 վարպետներ՝ բոլորն ալ հայ. Պայազիտի մէջ՝ 14 վարպետ՝ բոլորն ալ հայ. Պաքուի մէջ՝ 214 հայ, 182 ազերի, 22 հրեայ եւ 50 տաղստանցի. իսկ Պաթումի մէջ՝ 31 հայ, 26 տաղստանցի, 12 յոյն եւ 9 հրեայ։
Յովսէփ Թոքատի աշխատասիրութիւնը թէ՛ ձօն մըն է եւ թէ՛ երախտագիտութեան արտայայտութիւն մը՝ այս վարպետներուն։
Երբ կը նայիք այս սքանչելի գրքին, հիացում ու միաժամանակ բարի նախանձ կը զգաք։ Ձեր աչքերուն առջեւ անցած աշխարհ մըն է, որ կեանքի կու գայ։ Այդքան դժուարութիւններու դիմաց, ինչպէ՞ս ստեղծուած են այդ հարստութիւնները։ Եւ կը մտածէք՝ արդեօք այսօր ալ աւելի՞ սնանկացած ենք։
Այս գրքին մէջ ներառուած է նաեւ այլ հետաքրքրական տեղեկութիւն մը. այսպէս, 2004ին, Պոլսոյ Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հայկական թանգարանի բացման միջոցին, հիւանդանոցի թաղական խորհուրդի պատուոյ նախագահ Սեդրակ Թոքատ, Թուրքիոյ վարչապետ Ռէճէփ Թայիփ Էրտողանին կը նուիրէ հայ վարպետի մը ձեռամբ կերտուած արծաթեայ պնակ մը։ Այս հիւանդանոցը կառուցուած է սուլթան Մահմուտ Բ.ի յատուկ արտօնութեամբ, իբրեւ շնորհակալիք՝ հայ ժողովուրդին, կառավարութեան դժուար օրերուն անոր ցուցաբերած համերաշխութեան ոգիին համար։ Թանգարանի բացման ընթացքին վարչապետ Էրտողան կը յայտնէ՝ «Անատոլուի մէջ ամէն տան մէջ կ’ըսուի, որ հայ վարպետ մը ունեցած են։ Մեր գրականութիւնը, ճարտարարուեստը, մարդկային արժէքները, առեւտուրը, մեր երգերը, մեր խոհանոցը միահիւսուած են»։
Ինչպէս Յովսէփ Թոքատ կ’ապացուցէ իր գրքին մէջ, հայերը Օսմանեան կայսրութեան ընթացքին իրենց ստեղծագործականութեան գագաթնակէտին հասած են։ Այս պատճառով իսկ քաջալերուած են կառավարութեան կողմէ։ Կ’իմանանք, օրինակ, որ տակաւին 1414 թուականին, ճարտարապետ Եղիազար կառուցած է Պուրսայի Կանաչ մզկիթն ու Կանաչ դամբարանը, որ Նեւշեհիրի Իպրահիմ Փաշա
մզկիթի ճարտարապետը եղած է Սարգիս Գալֆան։ Արդարեւ, Յովսէփ Թոքատի այս գիրքը հայ վարպետին ուղղուած գովասանքի բանաստեղծութիւն մըն է։
Հապա այդ կնիքները, որոնք տեղ գտած են Թոքատի աշխատասիրութեան մէջ. որքա՜ն նուրբ արձանագրութիւններ են անոնք։ Երանի մենք ալ այսօր կնիք գործածէինք։ Իւրաքանչիւր արծաթագործական առարկայի վրայ կը տեսնէք վարպետին կնիքը. իսկ ինչե՜ր չեն փորագրուած այդ առարկաներուն վրայ – Մուշի քարտէսը… այժմ քանդուած վանքերու նկարներ… Վանէն, Պոլիսէն տեսարաններ… թռչուններ, նաւեր. եւ ինչքա՜ն այլազան են առարկաներու տեսակները – ձեռագիրներու կազմեր, բաժակներ, բաժակակալներ, վզնոցներ եւ զանազան զարդեր։
Բայց բոլորը կը կրեն մէ՛կ կնիք՝ ՎԱՆ։
Յովսէփ Թոքատ այս կնիքներու ստեղծած հետաքրքրութեամբ է, որ ուղղուած է Վան… եւ իրականացուցած է նախընթաց մը՝ կեանքի բերելով կորսուած արհեստ մը։
Թոքատ Վանի վերաբերեալ վիճակագրական կարեւոր տեղեկութիւններ քաղած է օսմանեան առաջին հանրագիտարանը գրող Շէմսէտիին Սամիի «Քաղաքներու բառարան» աշխատասիրութենէն։ Սոյն աղբիւրին համաձայն, 19րդ դարու վերջաւորութեան Վանի մէջ կ’ապրէին 66,000 հայ եւ 61,000 թուրք ու քիւրտ։ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի տուեալներով, քաղաքի բնակչութիւնը կը ներկայացնէր հետեւեալ կազմը – 41.3 տոկոս հայ, 31.9 տոկոս քիւրտ, 18 տոկոս ասորի, 7 տոկոս թուրք, 3 տոկոս եզիտի, 5 տոկոս հրեայ, գնչու եւ կովկասեան ցեղեր։ 1915էն առաջ, Վան նահանգի կամ վիլայէթի (ներառեալ Հաքքարի) հայ բնակչութիւնը 207,000 էր։
Վանը այլեւս պէտք է հաշտուի ինքն իր հետ։ Ինչո՞ւ աշխարհի բոլոր վանեցիները իրենց ծննդավայրը պիտի չայցելեն, ինչո՞ւ պիտի վախնան այս քայլը վերցնելէ։ Հոն աշխատիլ ուզողներուն առջեւ դժուարութիւններ կը յարուցուին՝ իրենց արմատներուն պատճառաւ… պանդոկի մը կամ դեղարանի մը բացման արտօնութիւն չի տրուիր։ Գաղտնի օրէ՞նք մը կայ արդեօք։ Ինչպէ՞ս Անատոլուն կ’արգիլուի անատոլուցիներուն։ Ի՞նչ միտք է այս։
Շնորհիւ իր աշխատանքին, Յովսէփ Թոքատ բոլոր վանեցիներուն զիրար ողջագուրելու գաղափարը զօրացուց։ Զինք սրտանց կը շնորհաւորեմ, մէջբերելով իր վերջաբանը. «Եթէ տէր չկանգնինք մեր արժէքներուն, ապագային ոչինչ պիտի ունենանք»։