
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը, Ազգային վարչութիւնը, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը, ծխական շրջանները եւ Ազգային վարժարանները սրտի դառն կսկիծով կը գուժեն թեմի բազմավաստակ եւ շինարար նախկին առաջնորդ Եփրեմ արք· Թապագեանի վախճանումը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 20 Յունուար 2023ի երեկոյեան, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Անցնող շուրջ հինգ տասնամեակներուն, լուսահոգի սրբազանը բազմամակարդակ ծառայութիւն բերած է եւ փնտռելի ներկայութիւն դարձած է Արեւմտեան Ամերիկայի հայ կեանքին մէջ: Ան կը հանդիսանայ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի երկրորդ առաջնորդը՝ 1977էն մինչեւ 1985, ինչպէս նաեւ հեղինակ է շարք մը հոգեւոր աշխատասիրութիւններու եւ թարգմանութիւններու:
Վերջին օծման եւ թաղման մանրամասնութիւնները կը փոխանցենք յաջորդիւ։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
***
ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱԳԵԱՆի վախճանման տխուր առիթով, Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը իր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմին, վախճանեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։