Ամէն անգամ, որ կը հաւաքուինք այս առիթով, նշելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան Օրը, մտորումներու հեղեղ մը կը համակէ մեզ: Իւրաքանչիւր դաշնակցական, կուսակցական կամ համակիր, կը յանձնուի միտքերու եւ վերլուծումներու հեղեղին: Թէ ո՞ւր էինք եւ ո՞ւր կ’երթանք:
Բայց խորքին մէջ, մեզմէ իւրաքանչիւրը, մտածելով հանդերձ Դաշնակցութեան մասին, վերլուծելով հանդերձ անցնող տարուան ընթացքին անոր առած այս կամ այն քայլը, վերլուծումը կը կատարէ ոչ թէ կուսակցութեան մը, այլ հայութեան ու Հայաստանի ներկայ կացութեան ու գալիք օրերուն: Որովհետեւ 1890ին, աւելի քան դար մը առաջ հիմնուած այս կազմակերպութեան պատմութիւնն ու քաղաքական ընթացքը կարելի չէ անջատել հայութեան երթէն:
Այս վերլուծումներու ծիրէն ներս, երբեմն կը մտածենք, կը վիճինք կամ տեսաբանական մարզանքներ կ’ընենք հարց տալով մենք մեզի, թէ ո՞ւր, կամ ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ Դաշնակցութեան ուժին գաղտնիքը: Եթէ այսօր ան կենսունակ ու վճռորոշ ազդակ է հայկական իրականութենէն ներս, ի՞նչ բանի պէտք է վերագրել այդ կենսունակութիւնը: Եթէ ան ունի քաղաքական ազդեցութեան լայն ծիր՝ զանազան երկիրներու մէջ, ի՞նչն է այս ազդու ներկայութեան գաղտնիքը: Եթէ Հայաստանի ու հայութեան վերջին աւելի քան հարիւրամեայ պատմութեան ընթացքին անկիւնադարձային դերակատարութիւն ունեցած է Դաշնակցութիւնը, եթէ ան յաջողած է արտակարգ պայմաններու տակ նոյնքան արտակարգ նախաձեռնութիւններու դիմել, ի՞նչ բանի շնորհիւ ան կրցած է ստեղծել այդ անկիւնադարձները: Եթէ Դաշնակցութիւնը կրցած է մեր ժողովուրդի լայն զանգուածները իր ետեւէն տանիլ՝ յանուն գերագոյն իտէալի մը, ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ այդ հմայքը:
Պատասխանելով այս հարցերուն, շատեր յառաջ կը քշեն մեր ներքին կարգապահութիւնը, ուրիշներ՝ մեր գաղափարական նուիրումը, այլ մտածողներ՝ մեր աւանդներուն կառչած ըլլալը: Կարելի է երկարել շարքը եւ աւելցնել ըսելով՝ մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքներու վերատիրացման, մեր ժողովուրդի իտէալներուն հաւատարիմ ըլլալու հանգամանքը, որ խորքին մէջ կը բխի մեր աշխարհահայեացքէն:
Հաւանաբար այս բոլորը միասին եւ ոչ մէկը առանձին: Բայց յատկապէս այս օրերուն, երբ ամբողջ աշխարհ կ’ընթանայ դէպի քաոսային իրավիճակ մը, երբ համաշխարհայնացման ալիքին մէջ կեղծ միջին լուծումներ փնտռող մտայնութիւնը մոտա դարձած է, երբ ազգային գերագոյն շահերու հետապնդումը կը նկատուի իբրեւ ծայրայեղականութիւն, երբեմն նոյնիսկ անջատողականութիւն, երբ մարդկային անդասակարգ հասարակարգ ստեղծելու պոլշեւիկեան տոկման փոխարինուած է անոր մէկ ուրիշ նմանակով՝ համաշխարհայնացումի կեղծ գաղափարախօսութեամբ, որ խորքին մէջ ամբողջ աշխարհը կը համարէ միայն ու միայն մեծ շուկայ մը, ուրկէ կարելի է դրամական շահեր ապահովել՝ անտեսելով ու ոտնակոխելով այն բոլոր արժէքները, որոնք դրամատան հաշիւի, նիւթական շահի հետ կապ չունին, հիմա՛, յատկապէս ա՛յս օրերուն է, որ հայկական իրականութենէն ներս անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի Հ.Յ.Դաշնակցութեան ազդու դերակատարութեան ու գիտական մտածողութեան:
Բայց ի՞նչ բանի մէջ կը կայանայ այս գիտական մտածողութիւնը:
Տեսա՞ծ էք որմնադիրը պատ հիւսելու ընթացքին, երբ ան աղիւսները իրարու վրայ շաղախով շարելէ ետք, տրամալարով կը ստուգէ, թէ արդեօք իր հիւսած մէկ կամ երկու մեթրը շիտա՞կ է: Որովհետեւ պատին արժէքը կը կայանայ իր ուղղահայեաց, շիտա՛կ ըլլալուն մէջ: Ծուռ պատը արժէք չունի: Կը փլի ուշ կամ կանուխ եւ աղէտի պատճառ կը դառնայ:
Երբ դիտենք այս որմնադիրը աշխատանքի պահուն ու պահ մը երեւակայենք, թէ մէկի տեղ ան երկու տրամալար կը գործածէ, բնականաբար պիտի տարուինք մտածելու, որ քով-քովի կախուած այս երկու տրամալարերու թելերը իրարու զուգահեռ են: Դժուար թէ գտնուի մէկը, որ զուգահեռ ըլլալու այս գաղափարին դէմ ըլլայ եւ հակառակը պնդէ:
Հաւատաք կամ ոչ, գիտական մտածողութիւնը մեզի կը յուշէ, որ ո՛չ, այս թելերը զուգահեռ չեն: Պարզ այն պատճառով, որ եթէ տրամալարերուն թելերուն ծայրը կապուած կոնաձեւ մետաղեայ ծանրութեան սուր անկիւնները ուղղուած են դէպի ձգողութեան ուժին, այս պարագային՝ երկրագունդին կեդրոնը, ուրեմն, եթէ երեւակայութեամբ շարունակենք այդ գիծերը, պիտի տեսնենք, որ անոնք իրար պիտի հատեն այն կէտին վրայ, որ կը գտնուի երկրագունդին կեդրոնը տեղ մը:
Աւելի քան հարիւր տարի առաջ եւս, նման չակերտաւոր «ողջմիտներ», «ողջախոհներ» եւ «իրապաշտներ» մեզի թելադրեցին, թէ զուր է հայութիւնը զինեալ ապստամբութեան մղելու Հ.Յ.Դաշնակցութեան կոչը, որովհետեւ, ըսին անոնք, ինչպէ՞ս կարելի է հսկայական Օսմանեան կամ Ցարական կայսրութեան դէմ կռուիլ: Ուրիշ խօսքով եւ որմնադիրին օրինակով, փորձեցին մեզ համոզել, որ տրամալարերը իրարու զուգահեռ են:
Սակայն Դաշնակցութեան գիտական-յեղափոխական մտածողութիւնը պնդեց հակառակը: Դո՛ւք էք սխալը, ըսինք մենք 1890ին: Դուք սխալ էք, ըսինք մենք, որովհետեւ դուք կ’ընդունիք մեզի պարտադրուած կապանքները. բռնատէրերը հայութիւնը դրած են կատարուած իրողութեան առջեւ եւ դուք կ’ընդունիք այդ կատարուած իրողութիւնը: Մենք կը մերժենք այդ կատարուած իրողութիւնը, ըսին Սարգիս Կուկունեան ու իր ընկերները, մենք պիտի քանդենք կատարուած իրողութեան պարիսպները, յայտարարեցին Սաֆոները, Մշեցի Միսաքները, Նիկոլ Դումանները, Ռուբէնները, Դրոներն ու Աղբալեանները ու հազար-հազարով մեծ ու խոնարհ հերոսները, որոնցմէ շատեր չտեսան իրենց թափած արեան արգասիքը եղող հայկական առաջին անկախ պետականութիւնը 1918ին:
Խորհրդային իշխանութեան ծանր տարիներուն, յատկապէս Սփիւռքի մէջ, նոյն այդ չակերտաւոր «ողջախոհները» հայ կամ օտար շրջանակներէ, աղմկարարութեամբ յատկանշուող դժգոհութեան ալիք մը կը բարձրացնէին ամէն անգամ, երբ Դաշնակցութիւնը կը խօսէր Արեւմտահայաստանի կամ Արցախի նկատմամբ հայութեան արդար իրաւունքներուն մասին: Թուրքիա՞ն, NATO-ի անդամ Թուրքիա՞ն, հայութիւնը իր չունեցած ուժերով ինչպէ՞ս Ցեղասպանութեան ու արդար հատուցման խնդիր պիտի արծարծէ: Իսկ Արցախը Խ. Միութեան ներքին հարց է, ճիշդ չէ հոն եւս հողային հարց յարուցանելը: Այսպէս կը տրամաբանէին Դաշնակցութենէն դուրս գտնուող ու յատկապէս անոր հակադրուած շրջանակները:
Արեւմտահայաստանը արդէն պարպուած էր իր բնիկներէն: Նախիջեւանը հայաթափումի ընթացքի մէջ էր՝ լռիկ-մնջիկ: Իսկ Արցախը հայաթափումի յաջորդ թեկնածուն էր:
Եւ «պատահեցաւ այնպէս», որ 1965ին, մեր ժողովուրդը Երեւանի մէջ հարիւր հազարներով փողոց իջաւ եւ «Մեր հողերը, մեր հողերը» գոչեց: Տիրութիւն ընելով իր արդար իրաւունքներուն, նոյնիսկ խորհրդային կապանքներուն տակ, մեր ժողովուրդը փաստօրէն կը յայտարարէր, թէ կը մերժէ կատարուած իրողութիւնը: Այդ օրերուն, ինչպէս հեքիաթներուն մէջ, երբ օձը իր պորտով եւ թռչունը իր թեւով չէր կրնար անցնիլ խորհրդային սահմաններէն ներս, այդ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ հայրենի ժողովուրդը փողոց կ’իջնէր հարիւր հազարներով՝ կարծէք անսալով Դաշնակցութեան մէկ օր առաջ հրապարակած ինչ-որ կոչի: Ի՞նչ էր այս երեւոյթին գաղտնիքը:
Ինչպէս կ’ըսեն ամերիկացիները, it doesn’t need to be a rocket scientist! Հրթիռային համակարգերու մասնագէտ ըլլալու պէտք չկայ հասկնալու համար այն պարզ ճշմարտութիւնը, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը հարազատ արտայայտիչն է հայ ժողովուրդի իղձերուն, նպատակներուն եւ իտէալներուն: Երբ Դաշնակցութիւնը կը մերժէ հայութիւնը կատարուած իրողութեան առջեւ դնելու այլոց փորձերը, ժողովուրդին կամքն է, որ կ’արտայայտէ այդ ձեւով: Որովհետեւ մեր ժողովուրդը կը մերժէ իրեն պարտադրուած կատարուած իրողութիւնները:
Եւ այսպէս, նոյն այդ օրերուն, երբ ազերի ուսուցիչը կը պղծէր հայ երեխան Ստեփանակերտի մէջ ու միմիայն խորհրդանշական պատիժի կ’արժանանար խորհրդային-ատրպեճանական զաւեշտադատարանին կողմէ, երեխային հայրը, Բենիկ Մովսիսեան, ըմբոստանալով այս անարդարութեան դէմ, իր համախոհներուն հետ, ոճրագործին կու տար անոր արժանի պատիժը՝ աւելի քան քսան տարի բանտարկութեան արժանանալու գնով:
Խորհրդային կառքին լծուած հայկական շրջանակները լուռ մնացին: Բայց լուռ չմնաց Դաշնակցութիւնը, որ իր մամուլին միջոցով ժողովուրդը տեղեակ պահեց այս անցուդարձերէն, որոնք առաջին սաղմերը կը հանդիսանային Արցախի ազատագրական պայքարին:
Իսկ երբ հասաւ 1988 թուականը, ու երբ այդ օրերուն իսկ շատեր իրենց յոյսը դրած էին խորհրդային կեդրոնական իշխանութեան ողորմածութեան վրայ, մեր ժողովուրդը, 1965ի ժողովուրդը, բարեբախտաբար, կը գտնուէր խորհրդային իշխանութիւններէն վատթարագոյնը ակնկալողի դերին մէջ: Ու երբ հասաւ պահը, երբ ինկան առաջին հայ անմեղ զոհերը՝ շուտով ինկան նաեւ զանոնք կռնակէն հարուածած թշնամիները:
Ձեզմէ շատ շատեր այցելած են ազատագրուած Արցախ: Հաւանաբար այցելած էք նաեւ 1988ին Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար մարզի սահմաններէն դուրս գտնուող Աղդամ քաղաքը: Աղդամը այն քաղաքն է, որ 1988ի Փետրուարին իսկ առաջին ազդանշանը տուաւ անմեղ հայերու կոտորածին՝ իբրեւ ատրպեճանական պատասխան մեր արդարացի պահանջներուն:
Աղդամը վճարեց գինը իր ոճիրին: Կ’ուզէ՞ք տեսնել, թէ ինչպէս: Յաջորդ անգամ, երբ Արցախ այցելէք, բարեկամէ մը խնդրեցէք, որ ձեզ տանի Աղդամ, որպէսզի ձեր աչքերով տեսնէք կատարուած իրողութիւնները մերժելու իսկական պատկերը:
Իսկ արտասահմանի մէջ, Յունիս 1987ին Սթրազպուրկի մէջ, Եւրոխորհրդարանը բանաձեւ կը քուէարկէր ճանչնալով Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ Թուրքիայէն կը պահանջէր նոյնը ընել:
Բայց ի՞նչ պատահած էր: Եւրոպական բարձր քաղաքակրթութիւնը կ’ուզէր մարդասիրական նոր բարձունքնե՞ր նուաճել, թէ ինքզինք գերազանցել իբրեւ մարդկային իրաւունքներու կամ արդարութեան ախոյեան: Բնականաբար, ոչ:
Պատասխանը դարձեալ պարզ է: Մեր ժողովուրդը, այս անգամ Սփիւռքի մէջ եւ ղեկավարութեամբ Հ.Յ.Դաշնակցութեան, խորհրդային կարգերուն տակ ապրող իր միւս կէսին յար եւ նման, մէկ պատգամ տուաւ Արեւմուտքի քաղաքական շրջանակներուն: Նոյն պատգամը.- Մենք կը մերժենք կատարուած իրողութիւնը եւ տէրն ենք մեր արդար իրաւունքներուն:
Այսօր, Ցեղասպանութեան ճանաչումի խնդիրը անխուսափելի ազդակ է Թուրքիոյ ու իր դաշնակիցներու օրակարգին վրայ: Սակայն զայն դիմագրաւելու անոնց մարտավարութիւնը փոխուած է:
Այսօրուան չակերտեալ ողջախոհները, աւելի ճիշդ՝ հայութեան պարիսպներէն ներս գտնուող Տրովադայի ձիերը, ճիշդ 100 տարի առաջ իրենց նախահայրերուն կամ հոգեղբայրներուն նման, կը փորձեն մեզ համոզել, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումով հարցը պէտք է փակուած համարել: Մեզ կը փորձեն համոզել, որ հարցը պէտք է երկու կողմէն նայինք, տեսնենք, թէ թուրքերը ինչ կ’ըսեն, այդքան ալ վայրենի մարդիկ չեն Անգարա նստածները, տեսէ՛ք, մեզի կ’առաջարկեն պատմաբաններու խառն յանձնախումբ կազմել, եկէք մենք ալ հաշտութեան յանձնախումբ մը կազմենք, որպէսզի այս հարցը լուծենք, մինչեւ ե՞րբ Թուրքիոյ դէմ վարքագիծ պիտի ճշդենք, կրնա՞նք դէմ դնել Թուրքիոյ, որ շրջանէն ներս ամէնէն մեծ բանակը եւ տնտեսութիւնը ունի, 65-70 միլիոն են:
Նոյն այս շրջանակները սակայն չեն գիտեր, որ մենք 1878ին արդէն անցած ենք խաբուելու, կատարուած իրողութեան դիմաց կքելու հանգրուանը:
Ի լուր այս հայ թէ օտար բոլոր շրջանակներուն, անգամ մը եւս այս բեմէն կը յայտարարենք, որ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ անոր արդար հատուցումը անքակտելի են իրարմէ: Ճանաչումը անընդունելի է առանց հատուցումի: Ռազմատենչ, պատերազմասէր կամ արիւնարբու ժողովուրդ չէ հայութիւնը. մեր փնտռածը եւ պահանջածը մեր իրաւունքներն են: Միայն եւ ոչ ուրիշ բան: Եթէ պիտի բանակցինք, պիտի բանակցինք քննելու համար հատուցման թղթածրարը, որովհետեւ ինչպէս ըսինք, ճանաչումը առանց հատուցման՝ զուտ ձեւական խնդիր է: Եթէ Թուրքիա մինչեւ մէկուկէս տասնամեակ առաջ առջեւ կը քաշէր այն պատրուակը, որ խօսակից չունի, որ չկայ գերիշխան եւ անկախ Հայաստան, որո՞ւ հետ խօսի, այսօր սակայն իրականութիւնը այլ է: Այսօր կայ Հայաստան մը, որ անկախութեան վերատիրացաւ 1991ին: Անկախ պետութիւն մը՝ իր բոլոր ստորոգելիներով:
Հասանք մեր այսօրուան նիւթին վերջին բաժինին: Անկախ Հայաստան:
Եւ իսկապէս, գիտական մտածողութիւն, կատարուած իրողութիւններ մերժելու կեցուածք, իրաւատիրութիւն, անկախ Հայաստան: Դաշնակցական մարդուն համար այս բոլորը ի՞նչ ներքին տրամաբանութեամբ կը շաղկապուին իրարու:
Ի՞նչ է կացութիւնը այսօր Հայաստանի մէջ, ի՞նչ պատկեր կը պարզէ անոր ներքին կեանքը՝ քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային իմաստներով:
Բոլորս ուրախ ըլլալով հանդերձ զանազան բնագաւառներէ ներս Հայաստանի արձանագրած յառաջխաղացքէն, արդարօրէն կը դժգոհինք մեր հայրենիքէն ներս պարզուած ոչ դրական երեւոյթներէն, որոնք երբեմն իրար կը հրմշտկեն: Այսպէս, ժողովրդային բառերով՝ մաֆիա, վարչական փտախտ, կոռուպցիա, ընտրակաշառք, պետական մակարդակի վրայ խնամիական կապեր, տնտեսական մենաշնորհներ, շատ յաճախ վարչական կառավարումի ապիկարութիւն եւայլն, եւայլն, յուսահատական ընդհանուր հորիզոն մը կը գծեն մեր դիմաց:
Ասոր զուգահեռ, ի՞նչ է պատկերը նախկին խորհրդային կամ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ: Փորձենք արագ ակնարկ մը նետել հոն ու բաղդատական պատկերը աւելի կը յստականայ:
Այսպէս, Ռուսիոյ կամ վերոնշեալ տարածաշրջաններու երկիրներուն մէջ, վատ կամ տկար կառավարումը երբեք նոր պատմութիւն չէ: Ըստ միջազգային վերլուծողներու, այս տարածաշրջանի կառավարութիւններէն ոչ մէկը արդիականացումի ընթացքի մէջ է, ոչ ալ ներքին կուռ միասնակամութեամբ օժտուած է: Սլովաքիոյ մէջ ցեղապաշտութիւն կայ ու կառավարութիւնը կը գտնուի մէկը միւսէն ապիկար կուսակցութիւններու համախոհութեան մը ձեռքը: Լեհաստանի մէջ կառավարման ապիկարութիւն կայ, ուր իշխանութիւնը գրեթէ ամէն մակարդակի վրայ բոլորին հետ խնդիր ունի, ներսը թէ դուրսը: Հոն, վարչապետը կամ նախագահը, կրնա՞ք երեւակայել, երբեմն նոյնիսկ չեն պատասխաներ այլ մայրաքաղաքներէ եկած հեռաձայններու: Հունգարիոյ վարչապետը բացէ ի բաց կը ստէ՝ խռովութիւններու եւ ժողովրդային զայրոյթի պատճառ դառնալով: Բայց իր ընդդիմադիրը, Վիքթոր Օրպան, իրմէ որակաւոր մէկը չէ:
Բոլոր այս նախկին համայնավար երկիրներուն մէջ, իշխանութեան գլուխ անցած են կառավարելու անատակ մարդիկ կամ հոսանքներ, յաճախ այնքան ապականած, որ փողկապով գողեր կրնան համարուիլ նոյնիսկ: Այս երկիրներուն մէջ պիզնէսն ու կառավարութիւնը այնքան սերտացած են իրարու, որ շահակցական կապերը սկսած են վնասել տուեալ երկրին: Նոյնիսկ կը խօսուի կազմակերպուած յանցագործութեան հետ պետական գործակցութեան մասին: Ռուսիոյ մէջ, դիւանակալութիւնը ահաւոր բեռ է ամավարկին, միաժամանակ՝ ապաշնորհ: Արեւելեան ու Կեդրոնական Եւրոպայի մէջ, այս ընթացքը աւերիչ է յատկապէս այն երկիրներուն համար, որոնք կը փորձեն կա՛մ ՆԱԹՕ եւ կամ Եւրոպական միութիւն մտնել: Մէկ երկուքը, Պուլկարիա եւ Ռումանիա՝ երկու-երեք շաբաթ ետք:
Այս բոլորը պատճառ կը դառնան, որ օտար ներդնողները երկու, երեք անգամ մտածեն, նախ քան որեւէ քայլ առնելը: Եւ ինչո՞ւ ոչ, երբ, օրինակ, Սլովաքիոյ մէջ, նախարար մը, Փիթըր Զիկա, օտար ներդնողներու համագումարի մը խօսք առաւ… սլովաքերէն, առանց թարգմանիչի:
Հապա՞ օրէնքի երկիր համարուող Մ. Նահանգներ: Տակաւին երկու օր առաջ մասնագէտի մը կողմէ լոյս տեսած յօդուած մը կը հաշուարկէր, թէ 1990ական թուականներու սկիզբները ծագած Savings and Loans ընկերութեան սնանկացումին հետեւանքով պետական գանձին վնասը ոչ թէ 10 միլիառ է, այլ՝ քանի մը տարիէն պիտի հասնի 200 միլիառ տոլարի: Նոյն ընկերութեան մեծամեծ պաշտօնատարները իւրացուցին հսկայական գումարներ, որովհետեւ Ուաշինկթընի մէջ սերտ բարեկամութիւններ ունէին դաշնակցային շրջանակներէ ներս ու այժմ վնասը կը վճարէ պարզ քաղաքացին, պետական գանձը:
Կը խօսինք Հայաստանի մէջ ընտրակաշառքի՞ մասին: Հրամմեցէք: Քանի մը տարի առաջ, «Էնտրու» կոչուած փոթորիկը հարուածեց Ֆլորիտա նահանգը եւս: Հոն կան կարգ մը գաւառներ, որոնք միայն քանի մը ջարդուած ապակիներով անցուցին աղէտը: Յանկարծ, դաշնակցային համապատասխան գրասենեակներէն այդ գաւառներու բնակիչներուն վրայ սկսան տեղալ չէքեր՝ 10,000էն մինչեւ 40,000 տոլարի հասնող, իբրեւ աղէտի վնասուց հատուցում, երբ, ինչպէս ըսինք, այդ գաւառները քանի մը կոտրած ապակիներով ճամբու դրին փոթորիկը: Պատճա՞ռը. եղանակը աշուն էր, Նոյեմբերի ընտրութիւնները մօտ էին. այդ քանի մը գաւառներու քուէները խառն էին, կէս դեմոկրատ, կէս հանրապետական: Իսկ այդ չէքերու տեղատարափէն ետք դժուար չէ գուշակել, թէ ո՞ր կուսակցութեան թեկնածուները շահեցան շրջանի քուէներու առաւելագոյն թիւը…
Բայց այս բոլորը մեզ ի՞նչ եզրակացութեան կը տանին: Կը տարուինք մտածելու, որ եթէ Լեհաստանը ապիկարութենէ բխած խնդիրներ ունի, եթէ Հունգարիոյ վարչապետը կը խաբէ իր ժողովուրդը, եթէ, եթէ, եթէ… նոյնիսկ Ամերիկայի մէջ ընտրակաշառք գոյութիւն ունի, ալ ինչո՞ւ դժգոհինք Հայաստանի մէջ պարզուող այս ժխտական երեւոյթներէն, «բնական» պէտք է համարենք ու վստահելով տարիներու սահանքին հետ գալիք մտայնութեան փոփոխութեան, համբերութեամբ սպասենք աւելի լաւ օրերու, մինչեւ որ, մինչեւ որ… Հայաստանի մէջ, գեղեցիկ օր մը, այլեւս քեզ անարգէ ու ձերբակալել տայ այն պաշտօնեան, որուն կը համարձակիս կաշառք առաջարկել:
Հոս եւս, սիրելի ներկաներ, ամենայն լրջութեամբ կ’ուզենք յայտարարել: Ո՛չ: Մենք հոս եւս կը մերժենք գտնուիլ կատարուած իրողութեան դիմաց: Հայաստանի կառավարող այս կամ այն մարմիններու բարձրաստիճան այրերը երբեք թող չակնկալեն, որ Դաշնակցութիւնը մեղսակից կրնայ դառնալ իրենց ընտրական կամ այլ տեսակի զեղծարարութիւններուն: Երբեք թող չակնկալեն, որ Դաշնակցութիւնը պիտի հաշտուի իրենց ապօրինութիւններու կատարուած իրողութեան հետ: Թող լաւ յիշեն, թէ նախագահական վերջին ընտրութիւններու առաջին հանգրուանէն անմիջապէս ետք Հ.Յ.Դաշնակցութեան Բիւրոյի ներկայացուցիչը Հայաստանի հանրային հեռատեսիլէն ի՞նչ յայտարարեց, երբ տեղ մը, պետական գրասենեակի մը մէջ, խումբ մը իշխանաւորներ կը պատրաստուէին զեղծել ժողովուրդին քուէները ու աշխարհը խաբել ըսելու համար, որ ընտրութիւնը վերջ գտած է: Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչը ի լուր աշխարհին եւ իրենց յայտարարեց. «Յանուն արդարութեան եւ ճշմարտութեան, մենք պէտք է գնանք երկրորդ փուլի»: Այսքան պարզ եւ յստակ: Եւ Հայաստան գնաց երկրորդ փուլին:
Դաշնակցութիւնը այս յայտարարութիւնը կատարելով ոչ միայն մերժած եղաւ կատարուած իրողութիւնը, կամ կատարուած իրողութիւն ստեղծելու փորձ մը, այլեւ փորձեց խափանել փորձերը բոլոր այն կողմերուն, որոնք ընտրական զեղծարարութիւններով զբաղած, խորքին մէջ մեր երկրի նոր նուաճուած անկախութեան հիմերը կը քանդէին:
Անկախ պետականութիւն ունենալը բոլոր ժողովուրդներու անկապտելի իրաւունքն է: Անկախացումը խորքին մէջ օտար լուծէ ազատագրում կը նշանակէ:
Սակայն անկախութիւնը շահիլը խնդիրին կէսն է միայն: Միւս կէսը զայն պահպանելուն եւ ամրապնդելուն մէջ կը կայանայ: Ճիշդ է, ուժեղ բանակ մը, կամ բարգաւաճող տնտեսութիւնը տուեալ անկախութիւնը պաշտպանող առարկայական միջոցներն են: Կայ սակայն անկախութիւնը պաշտպանելու գաղափարական, ենթակայական միջոցը, որ հիմնուած է ազատութեան, ազատ քաղաքացիի, ազատ քաղաքացիական հասարակարգի ստեղծումի սկզբունքին վրայ:
Խորհրդային Միութիւնը անկախ պետութիւն էր, սակայն անոր փլուզումին հիմնական պատճառը ազատ քաղաքացիական հասարակութենէ զրկուած ըլլալն էր: Խորհրդային Միութեան նոյնիսկ հիւլէական զինանոցը չկրցաւ առաջքը առնել փլուզումին, որովհետեւ կը բացակայէր այդ անկախութիւնը պաշտպանող ազատ քաղաքացիներու հասարակարգը: Հարաւային Ամերիկայի դասական բռնատիրութիւնները եւս չկրցան տոկալ ազատ հասարակարգի բացակայութեամբ ստեղծուած բնական ճնշումին եւ փուլ եկան: Նոյն տրամաբանութեամբ, ժամանակի հարց է որեւէ բռնատիրական վարչակազմի փլուզումը, որովհետեւ ներքին ազատութեան չգոյութիւնը, տարբեր խօսքով, առողջ ժողովրդավարութեան բացակայութիւնը կը կաշկանդէ տուեալ երկրի լիակատար յառաջդիմութիւնը եւ ներքին ուժեղացումը: Աստիճանաբար, այդ վարչակարգը կը կքի եւ ի վերջոյ փուլ կու գայ, ուշ կամ կանուխ:
Մեր կարծիքով, Հայաստանի պարագան տարբեր չէ: Ան եւս ենթակայ է այս օրէնքներուն եւ օրինաչափութիւններուն: Նոյնիսկ եթէ երազային օր մը դէպի Հայաստան սկսին հոսիլ երեւակայական տարողութեամբ ներդրումներ, նոյնիսկ եթէ նման «բարգաւաճ» տնտեսութեան շնորհիւ կրկնապատկուին կամ եռապատկուին Հայաստանի պաշտպանութեան առարկայական միջոցները:
Հարցը կը կայանայ ժողովրդավարութեան այնպիսի մակարդակի մը մէջ, ուր Հայաստանի քաղաքացին վայելէ ամբողջական ազատութիւններ խօսքի, մտածումի, շարժումի, համոզումի եւ նախաձեռնութիւններու: Ազատ քաղաքացին հիմնաքարն է ազատ հասարակարգին: Իսկ ազատ քաղաքացին կը պաշտպանուի օրէնքի գերիշխանութեան շնորհիւ. այսինքն, երբ կ’ապրի այնպիսի վարչակարգի մը տակ, ուր գերիշխողը ոչ թէ մարդկային կամայականութիւնն է, այլ՝ օրէնքը: Այն օրէնքը, որ մշակուած է քաղաքացիին ազատ կամքով ընտրուած օրէնսդիր իշխանութեան, խորհրդարանին կողմէ:
Հայաստանի անկախութեան անցնող 15 տարիներու ուրախութիւնը սակայն, անխառն չեղաւ դժբախտաբար: Անոր վրայ լուրջ ստուեր ձգեցին իշխանաւորներու եւ մէկէ աւելի քաղաքական կողմերու կամայականութիւնները, ապօրինութիւնները, օրէնքի նկատմամբ արհամարհական կեցուածքը, եւ ամէնէն աւելի՝ ժողովուրդին նկատմամբ անտեսումի կեցուածքը, այն աստիճան, որ այսօր մարդիկ լրջօրէն կորսնցուցած են պարկեշտ ընտրութիւններու նկատմամբ իրենց հաւատքը:
Մեզի համար անընդունելի են ժողովուրդի կամքը ոտնակոխող ընտրական խախտումները, որոնք յատկանշեցին բոլոր ընտրութիւնները վերանկախացումէն ասդին: Կարեւոր չէ, թէ ընտրախախտումին հեղինակը ո՞ր ճամբարն է, իշխանութեա՞ն, թէ ընդդիմադիր, թէ երկուքը միասին: Էականը այն է, որ խախտած է ժողովրդավարութեան եւ ազատ կարգերու ամէնէն ցայտուն սկզբունքը՝ ազատ քուէարկութիւնը: Այսինքն ընտրական այնպիսի դրութիւն մը, որ ըլլայ թափանցիկ եւ որ կարենայ ամէնէն հարազատ ու արդար կերպով արտայայտել ժողովուրդին կամքը: Իսկ երբ չկան ազատ ու արդար ընտրութիւններ, կարելի չէ խօսիլ ազատ (եւ հետեւաբար առողջ) հասարակարգի մասին: Իսկ նման հասարակարգի բացակայութիւնը ոչ միայն չի նպաստեր անկախութեան ամրապնդումին, այլեւ ներսէն ու հիմէն կը մաշեցնէ անոր հիմերը: Կը ստեղծուի վտանգաւոր կացութիւն, որ կը սպառնայ մեր ազգային ապահովութեան: Իսկ այս կէտին վրայ, մեր կեցուածքը սկզբունքային է ու անզիջող: Անզիջող ու աններող:
Եւ ահաւասիկ, Հ.Յ.Դաշնակցութեան Օրուան առիթով անգամ մը եւս կը կրկնենք ու կը պահանջենք հայրենի իշխանութիւններէն, որ յառաջիկայ խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւնները ազատ, թափանցիկ ու պարկեշտ ձեւով կայացնելը առաջնահերթութիւն պէտք է համարեն: Հայրենի իշխանութիւնները կամ քաղաքական հոսանքները պէտք է հրապարակաւ յայտարարեն, թէ յանձնառու են ազատ, թափանցիկ եւ առանց ընտրական կեղծիքներու քուէարկութեանց, յանձնառու են ժողովուրդի կամքը վեր դասելու նեղ անձնական շահերէ, յանձնառու են պետութեան նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը ամրապնդելու սկզբունքին, ու այդ ձեւով՝ յանձնառու են մեր անկախութեան ամրապնդումին:
Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն ընդունած է մեր ժողովուրդին պարտադրուած կամայականութիւնները, ոչ անցեալին, ոչ այսօր եւ ոչ ալ վաղը: Եւ հո՛ս, այս յանդգնութեան մէ՛ջ կը կայանայ Դաշնակցութեան ուժին աղբիւրն ու գաղտնիքը՝ միաժամանակ:
Շնորհակալութիւն: