
Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի հետեւողական աշխատանքներուն իբրեւ արդիւնք, 25 Յունուարին, Գանատայի խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ Միջազգային զարգացման մնայուն յանձնաժողովը գումարեց երկու առանձին նիստեր:
Նիստերը գումարուեցան՝ ըստ յանձնաժողովին կողմէ նախորդ շաբաթ միաձայնութեամբ ընդունուած որոշումին, որուն նախագիծը ներկայացուեցաւ ընդդիմադիր «Պլոք Քեպեքուա» կուսակցութեան խմբակցութեան անդամ Սթեֆան Պերկերոյի կողմէ, որ պահանջած էր նուազագոյնը երեք հանդիպումներ, որոնց ընթացքին յանձնաժողովի անդամները կարելիութիւն պիտի ունենան լսելու Արցախի Հանրապետութիւնը ներկայացնող անձերու, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու եւ գանատահայութեան ներկայացուցիչներու:
Գանատայի խորհրդարանի նիստերուն բացառիկ բնոյթը եւ պատմականութիւնը այն երեւոյթին մէջ է, որ առաջին անգամ ըլլալով Արցախի Հանրապետութեան պետական ներկայացուցիչները հանդէս եկան գանատական խորհրդարանին առջեւ եւ ներկայացուցին Արցախի բնակչութեան պայքարը՝ յանուն արժանապատիւ կեանքի:
Առաջին հանդիպման մասնակցեցան Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբի համանախագահ Շահէն Միրաքեան, դոկտոր Թալին Փափազեան, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի մօտ Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Ռոբերտ Աւետիսեան եւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան:
Երկրորդ հանդիպման մասնակցեցան «Միջազգային ճգնաժամային խումբ»ի Հարաւային Կովկասի հարցերու աւագ վերլուծաբան Օլեսեա Վարդանեան եւ Ուինտզըր համալսարանի իրաւաբանութեան դասախօս փրոֆեսէօր Քրիստըֆըր Ուաթըրզ:
Հրաւիրեալները հանգամանօրէն անդրադարձան ստեղծուած իրավիճակին: Կարեւոր նկատուեցաւ Գանատայի կողմէ Ատրպէյճանի վրայ միջազգային ճնշման գործադրութիւնը, որպէսզի վերջինս վերջ տայ իր ցեղասպանական քաղաքականութեան:
Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները յանձնաժողովի անդամներուն ներկայացուցին իրական փաստեր՝ մարդասիրական ծանր հետեւանքներուն եւ Ատրպէյճանի ցեղասպանական գործողութիւններուն, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի Հանրապետութեան առաջնահերթութիւնները եւ ազատ ու անկախ կեանքի տեսլականին վերաբերեալ:
Հայ Դատի Գանատայի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանական յանձնաժողովի անդամներուն այս կարեւոր հարցին օժանդակելուն համար՝ դիտել տալով, որ հասատատակամ է շարունակելու ջանքերը՝ Արցախի շրջափակման վերջ դնելու եւ Արցախի ձայնը լսելի դարձնելու ուղղութեամբ: