Մոսկուա արձագանգեց Հայաստանի մէջ դիտորդական նոր առաքելութիւն տեղակայելու՝ Եւրոպական Միութեան որոշման, եւ յայտարարեց, որ Պրիւքսէլ շահագրգռուած չէ Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեամբ եւ կ՛ուզէ դիտորդական առաքելութեան միջոցով իր դիրքերը ամրապնդել Հայաստանի մէջ եւ ճնշել Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերը: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ այս մասին յայտարարութիւն հրապարակեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ ՀԱՊԿը պատրաստ է գործնական կերպով առաքելութիւն տեղակայելու Հայաստանի մէջ:
Նախարարութիւնը նշեց, որ ակնյայտ է, թէ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական նոր առաքելութիւնը աւելի լայն տարողութեամբ պիտի ըլլայ, քան՝ Եւրոպական Միութեան դիտարկման գործիքակազմը, որ Հայաստանի մէջ գործեց անցեալ տարուան Հոկտեմբերէն Դեկտեմբեր:
«Անդրկովկասի մէջ արտատարածաշրջանային գործօնի ամրապնդման առումով, Ռուսիա իր սկզբունքային դիրքորոշումը չէ փոխած: Մենք որեւէ «յաւելեալ արժէք» չենք տեսներ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն նկատմամբ Եւրոպական Միութեան »փորձագէտներ«ու վերահսկողութեան մէջ: Եթէ Պրիւքսէլ անկեղծօրէն շահագրգռուած ըլլար Անդրկովկասի մէջ խաղաղութեամբ, իրենց առաքելութեան աշխատանքի պայմանները կը համաձայնեցնէին Ատրպէյճանի հետ», կ՛ըուի յայտարարութեան մէջ:
Ըստ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հայ-ատրպէյճանական սահմանին Եւրոպական Միութեան առաքելութիւնը կրնայ աշխարհաքաղաքական առճակատման առաջնորդել:
«Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱԹՕի կցորդի վերածուած եւ ԱՊՀի տարածքին մէջ առճակատման քաղաքականութիւն վարող Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչներուն յայտնուիլը Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կրնայ միայն աշխարհաքաղաքական առճակատում բերել տարածաշրջանը եւ սրել ներկայ հակասութիւնները: Եւրոպական Միութեան առաքելութեան յայտարարուած քաղաքացիական բնոյթը նոյնպէս պէտք չէ մոլորեցնէ. անիկա կը ձեւաւորուի Եւրոպական Միութեան ընդհանուր ապահովութեան եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան ծիրին մէջ՝ անկէ բխող բոլոր հետեւանքներով», դիտել տուաւ նախարարութիւնը:
Ընդգծուեցաւ, որ ռուս խաղաղապահները պիտի արձագանգեն Եւրոպական Միութեան դիտորդներու պահուածքին:
«Հայաստանի մէջ ամէն գնով ամրապնդուելու, Ռուսիոյ միջնորդական ջանքերը ճնշելու Եւրոպական Միութեան փորձերը կրնան վնասել հայերու եւ ատրպէյճանցիներու հիմնարար շահերուն, տարածաշրջանի խաղաղ զարգացման վերադառնալու անոնց ձգտումներուն: Համոզուած ենք, որ տեսանելի հեռանկարին մէջ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան եւ ապահովական առանցքային գործօնը կը մնայ Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան հիման վրայ տեղակայուած ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը, ինչպէս նաեւ հայկական սահմաններուն ծառայութիւն իրականացնող ռուս սահմանապահները: Անոնք պիտի արձագանգեն Եւրոպական Միութեան դիտորդներու պահուածքին՝ նկատի ունենալով «տեղւոյն վրայ» իրավիճակի զարգացումը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Հայաստանի մէջ ՀԱՊԿի առաքելութեան տեղակայման կարելիութիւնը: «Մենք կ՛արձանագրենք, որ ՀԱՊԿի առաքելութեան ուղղութեամբ աշխատանքները տրամաբանական աւարտին չհասցնելով՝ Երեւանի մէջ գերադասած են ընտրութիւն կատարել յօգուտ Եւրոպական Միութեան: Եթէ հայ դաշնակիցներուն մօտ շահագրգռուածութիւն կայ՝ օգտագործելու ՀԱՊԿի ներուժը, այդ առաքելութիւնը կրնայ շուտափոյթ կերպով տեղակայուիլ Հայաստանի մէջ»:
Յայտարարութեան մէջ լուսարձակի տակ առնուեցաւ այն, որ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ, ընդհանրապէս, տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի բարելաւման ամէնէն կայուն եւ տեւական հիմքը 9 Նոյեմբեր 2020ի, 11 Յունուար եւ 26 Նոյեմբեր 2021ի, 31 Հոկտեմբեր 2022ի՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներու եռակողմ պայմանաւորուածութիւններու խստիւ եւ հետեւողական կատարումն է, որոնց կարգին՝ բոլոր երթեւեկային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը, հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանազատումը եւ սահմանագծումը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի յատկանիշներու համաձայնեցումը, հասարակութեան, փորձագիտական շրջանակներուն եւ խորհրդարանականներուն միջեւ եռակողմանի կապերու զարգացումը: Աւարտին նախարարութիւնը հաստատեց, որ Մոսկուա պատրաստ է ամէն կերպով աջակցելու ասոր: