Ծայրայեղ քաջութեան, նուիրուածութեան ու անվախութեան ազնիւ յատկութիւններով օժտուած անհատը, որ նմանին, կամ մարդկային ընկերութեան ապահովութեան համար սեփական կեանքը զոհելու գնով արտակարգ, անիրական ու անհաւատալի գործերով զանգուածներուն հիացումի, նոյնիսկ պաշտամունքին արժանացած է, կը կոչուի հերոս:
Հերոսականը՝ հերոսին մղում տուող հոգեկան ուժն է, ընդհանրութեան, հայրենիքին ծառայելու անոր ազնիւ կիրքը եւ գաղափարի մը նուիրուելու պատրաստակամութիւնն է:
Հին յունական դիցաբանութենէն ծնունդ առած են հերոսի ըմբռնումն ու կոչումը: Ք.Ա. 6րդ դարու յոյն Հոմերոսի առասպելական դիւցազունները կոչուեցան հերոս: Հետագային, երբ ուրիշ ժողովուրդներ եւս ընկալեցին Հոմերոսի գաղափարները, անոր դիւցազունները դարձան հերոսի համամարդկային՝ դասական տիարներ:
Հոմերական հերոսները աստուածային կարողութիւններու տէր գերէակներ էին: Ժամանակի ընթացքին սակայն, հերոսի տիպարը մարդկային բնոյթ ստացաւ: Արուեստի, գիտութեան, ընկերային ծառայութեան եւ այլ բնագաւառներու մէջ արտակարգ գործեր իրականացնող անհատներ հասարակութեան կողմէ հերոսի կոչում սկսան ստանալ:
Հինէն ի վեր հայութիւնը հերոսապաշտ ժողովուրդ եղած է:
Վերջին ժամանակներուն, հայութեան պաշտամունքին արժանացան նկարագրային բարձր առաննայատկութիւններ ցուցաբերող հայ ֆետայիները, որոնք դարձան ժողովրդական հերոսներ:
Ռուբէն Տէր Մինասեան, հանրածանօթ հայ յեղափոխականը, դաշնակցական հերոսի տիպարին կու տայ հետեւեալ բնորոշումը. «Իսկական հերոսները անոնք են, որ ոչ անուն ունին, ոչ ալ փայլ: Անոնք աշխարհին կը նային վերեւէն եւ հետաքրքիր չեն դէպի փառքը, իշխանութիւնը, հռչակը… Անոնք միայն մի հզօր կիրք ունին, մի հաճոյք՝ տեսնել մարդկութիւնը, այնպէս ինչպէս իրենք կը ցանկան: Անոնց ուժը կախում չունի ոչ կրթութենէ, ոչ գրական կամ այլ շնորհներէ, այլ իրենց հաւատի ներշնչումէն ու անձնական օրինակէն»:
Դաշնակցական հերոսի մասին Ռուբէնի այս ինքնատիպ հասկացողութիւնը կու գայ հայ ժողովուրդի ազնիւ նկարագրի խորունկ ակունքներէն: Ասոր փաստը կը տեսնենք իր «Յիշատակները»ուն («Ա.».- Պէտք է ըլլայ՝ «Հայ յեղափոխականի մը յիշատակները») մէջ գրուած հետեւեալ հետաքրքրական դրուագին մէջ.-
Երբ հերոս բառը կը լսեմ, իմ առջեւ կը պատկերանայ Մշոյ Արգաւանաց գիւղի Բէնոն ու Գոմսայ Կորիւնը: Մի օր, ֆետայի Կորիւնը, Արգավանք գիւղը ցոյց տալով, ինձ ասաց. «Հոն կայ մի շատ տարօրինակ մարդ՝ Բէնօ անունով. բերենք, հետը մի քիչ խօսենք, չգիտցածներս իմանանք…
Բէնոն ինծի ծանօթ էր: Նա մեզմէ՝ դաշնակցական չէր, բայց մեզի համակիր՝ 60նոց ծերունի մըն էր: Հաճելի էր հետը խօսիլ ամէն տեսակի հարցերի մասին: Գրել կարդալ չէր գիտեր, բայց բոլոր հարցերին այնքան տարօրինակ պատասխաններ կու տար, որ շատեր զայն խենթ կը կարծէին, իսկ ուրիշներ՝ իմաստուն, եւ իր ըսածներուն մասին լրջօրէն կը մտածէին:
Ֆետայիները կը հանդիպին Բէնոյին: Կորիւն Բէնոյին կը հարցնէ, թէ ի՞նչ է հերոսը: Կը պատմէ Ռուբէն.-
Բէնոն խօսեցաւ առակներով ու հերոսի մասին իր պատկերացումը բացատրեց իր գիւղի (Արգավանքի) պատմութեան օրինակով: «Առաջ մեր գիւղը կը կոչուէր Ակռավանք: Հլօ անունով մէկը Գէլօ անունով շուն մը կ’ունենայ: Գէլոն կը բարկանայ Հլոյի վրայ ու կը խածնէ տիրոջը: Հլոն իր մանգաղով կը զարնէ Գէլոյին եւ անոր բերնէն երկու ատամ կը քաշէ: Հլոն կը զղջայ, կը վերցնէ ատամները եւ կը թաղէ բլուրի վրայ՝ երկու սալաքարերի տակ: Երբ Գէլոն կը սատկի, զայն կը թաղէ քիչ հեռուն՝ փոսի մը մէջ:
Ժամանակ կ’անցնի, կը մեռնի նաեւ Հլոն: Հլոյի թոռը, մի 10 տարու աղջիկ, երազ կը տեսնէ եւ աչքին կ’երեւայ Ս. Կարապետը, որ աղջկան կ’ըսէ.- «Իմ ակռաները ձեր բլուրին վրայ սալաքարերուն տակ թաղուած են: Թէ որ այնտեղ վանք չշինէք, ձեր գիւղը աղքատութիւնը անպակաս պիտի ըլլայ»: Աղջիկը կը պատմէ մօրը, մայրը՝ կեսուրին, կեսուրը՝ ռէսին, ռէսը՝ տէրտէրին, տէրտէրը՝ վադապետին: Լուրը կը տարածուի եւ վարդապետ, տէրտէր, մեծ պզտիկով, կնիկ տղամարդով կը բարձրանան Արգաւանուց բլուրը, կը քանդեն սալաքարերը եւ կը գտնեն երկու ակռաները: «Պէտք է վանք շինուի» ըսելով, սալաքարերուն տեղը կը բարձրացնեն վանքը եւ այդ օրուանէն գիւղը կը կոչուի Ակռավանք:
Վանքի մէջ բոյն դրին եպիսկոպոս, վարդապետ, եւ այն դարձաւ ուխտատեղի:
Մրգէ անունով մի ծերունի, որ Հլոյի ընկերնրէն էր, գլուխը կը շարժէր ու կ’ըսէր: «Հլոյին ալ գիտեմ, Գէլոյին ալ: Այդ ատամները Ս. Կարապետինը չեն, Գէլոյինն են»:
Եպիսկոպոս-վարդապետով, ռէս ու գզիրով, ամբողջ գիւղով որոշեցին, որ Մրգէն անաստուած է, վիզը չուան գցեցին, խեղդամահ ըրին եւ առանց տէրտէրի, թաղեցին Գէլոյի կողքին:
Անցան տարիներ: Մուկը մէկ կողմէ, մարախը ուրիշ կողմէն, երաշտը տարբեր կողմէն կը զարնէին Ակռավանքին արտերը եւ բերքը կը փճացնէին: Ժողովուրդը ոսկի տուփին մէջ պահուած Ս. Կարապետի ակռաները կը պտտցնէին արտերը, հսկումներ կ’ընէին, անօգուտ: Միայն Մրգէի տղաներու արտերն էին, որ Աստծոյ պատիժէն անվնաս կը մնային:
Գիւղը ժողուաւ հանգուցեալ Մրգէի տունը.- «Ինչո՞ւ մեր արտերը կը չորնան, ձեր արտերը կը կանաչնան եւ պտուղ կու տան», հարցուցին: Մեծ տղան՝ Գսպէն, որ հօր նման քաջ էր, ըսաց. «Դուք շան ատամներ սուրբ էք դարձուցած, մենք չենք դարձուցած: Չէ՞ք հաւատայ, գացէք փոսին մէջ թաղուած Գէլոյի բերանը բացէ՛ք, առէ՛ք ոսկի տուփին մէջ դրուած ատամները, դրէք Գէլոյի կոտրուած ատամներուն տեղը եւ տեսէք, թէ ո՞վ է շնապաշտ եւ ով անհաւատ»:
Գացին, Գէլոյի դիակը հանեցին, բերանը բացին, երկու ատամը պակաս գտան, տուփի ատամները Գէլոյի բերանը դրին եւ գտան, որ ատամները Գէլոյինն են: Գացին վանք, եպիսկոպոս, վարդապետ ծեծելով դուրս քշեցին, վանքը քանդեցին ու գիւղը կրկին Արգվանք կոչեցին:
Կորիւնը լեզու ելնելով ըսաւ.- «Բէնօ, ուրեմն ըսածդ այն է, որ հերոսներէն շատերը Գէլոյի ատա՞մն են: Ինչո՞ւ հարցումիս շիտակ չես պատասխաներ: Պարզ ըսէ, ի՞նչ է եւ ո՞վ է հերոսը»:
«Չհասկցար ուրեմն: Ըսեմ իմ մտածածը», պատասխանեց Բէնօ ու շարունակեց: «Հերոսը այն է, որ հերոսութեան հարցով ոչ կը հետաքրքրուի, ոչ ալ կը ձգտի: Ինծի համար հերոսները դուք էք, որ ոչ փառք եւ ոչ ալ անուն ունիք: Հերոսը, որ պաշտօն ունի եւ կը խնկարկուի, այդ չի նշանակէ, որ ատոր արժանի է: Կան այդպիսիներ. օրինակ Ակռավանքի եպիսկոպոսի ու վարդապետներու նման փառաբանուողները, որոնք ճշմարտախօս Մրգէի վիզը չուան անցուցին: Կորիւն, դո՛ւք քաջ էք, բայց ձեր քաջութեան արժէքը չէք գիտեր: Դուք անսահմանօրէն կը սիրէք ժողովուրդը, որուն շատ ծառայութիւններ բերած էք, բայց ո՞վ լսած է ձեր մասին: Մի՞թէ ինքներդ գիտէք ձեր ըրածներուն հաշիւը: Բայց լաւ է, որ չէք գիտեր, որովհետեւ իսկական հերոսները դուք էք:»
Բէնոյի յիշեալ պատկերներով Ռուբէն կազմած է հերոսի իր տիպարը: Իր «Յիշատակները»ուն մէջ, ան գրած է անհամար հերոսներու մասին: Բայց երբ հետեւինք անոնց մասին իր բնութագրումներուն, մեր ուշադրութենէն չի վրիպիր անոր տկարութիւնը դէպի «խոնարհները»՝ Փեթարի Մանուկ ու Ախօ, Գոմսայ Կորիւն ու Լաճկանայ Արթին, Չոլօ ու Թաթօ, Սպաղանաց Գալէ ու անոնց նման համեստներ, որոնց շարքը կ’երկարի «Յիշատակները»ուն մէկ ծայրէն միւսը: Նախապատուութեանց այս շարքին մէջ սակայն կը հանդիպինք ֆետայիի մը, որուն հանդէպ Ռուբէնի տկարութիւնը այնքան շեշտուած է, որ մեզի մտածել կու տայ, թէ այս է հերոսին ու հերոսականին անոր վերջնական բնորդը:
Փեթարցի Իսրօ:
Մշոյ քաղաքի կողքին, Սասնոյ լանջերում, մի փոքրիկ գիւղ կայ Փեթար անունով: Այդ գիւղի մէջ մի աղքատ տուն կար եւ այդ տան մէջ 19 տարեկան մի տղայ՝ Իսրօ անունով, որ ոչ գրել, աչ ալ կարդալ գիտէր. միայն ոչխար կ’արածէր:
Օր մը թուրք հարկահաւաքները կը կոխեն գիւղը, ինչ որ կայ չկայ կ’ուզեն հաւաքել ու տանիլ: Մարդկանց կը ծեծեն, հարսներին մարագ կը քաշեն… գիւղացիք ահէն կը սկսին փախչիլ:
Իսրոն որ այդ կը տեսնէ, երկար չի մտածեր. խանչալը մեծաւորին փորը կը խոթէ, անոր հրացանը կ’առնէ, մի քանիսին գետին կը փռէ, լեռը կը քաշուի ու կը դառնայ «ղաչախ» (փախստական):
Իսրոյի հոգին սակայն գիւղին մէջն էր: Հոն կար Մուրատ էֆէնտի թուրքը, որ գիւղին հողերը գրաւած էր: Գիւղացիք կ’աշխատէին, ինք կը վայելէր: Փեթարցի ջահիլներ մտածեցին. «Հերիք է այս անօրէնը մեր արիւնը ծծէ»: Մանուկն ու Պետիկ, Ախոն ու Թաթոն, Իսրոյի հետ խօսքը մէկ արեցին, կոխեցին Մուրատ էֆէնտիի տունը, մեծով պզտիկով սրէ անցուցին, քէօշքը վառեցին ու մոխիր դարձուցին:
Լուրը կը հասնի Գէորգ Չաւուշի ու Կորիւնի ականջը: «Գնանք Փիթարայ ճժերուն սանձերը քաշենք», մտածեցին, խմբով լեռնէն վար իջան եւ կանչեցին Փեթարի գիժերը:
– Առանց հրաման իմա՞լ մարդ զարնէք, օլուխ չոճուխով քէօշքը կը վառէք, բարկացաւ Գէորգ Չաւուշ:
– Մի շան համար օսմանցուն մեր վրայ կը հանէք, կ’աւելցնէ Կորիւն, հրացանի կոթը Իսրոյի մէջքին փշրելով:
– Վա՜յ, հարամ լինի ձեր ծծած կաթը: Խանչալը մէջքիս, կ’ըսէք համբերեմ: Հարսներ կը պղծեն, կ’ըսէք համբերեմ: Վա՜յ, ես իմա՞լ նստիմ հանգիստ, հարուածներուն տակ, կ’ըսէր Իսրօ:
– Լաւ, եղածն եղած, այսօրուանէն դուք իմ զինուորներն էք, կ’ըսէ Գէորգ Չաւուշ եւ կ’ուղղուի դէպի լեռները: Ատկէ ետք Իսրոն Կորիւնի հետեւորդը եղաւ, կը գրէ Ռուբէն:
Այս նախաբանէն ետք, Ռուբէն կու տայ Իսրոյի մանրամասն կենսագրութիւնը: Այսպէս:
Իսրոն կը կռուի 1904ի Սասնոյ բոլոր կռիւներուն: Կորիւնի հետ, կ’երթան Կովկաս ու կը մասնակցին թաթարներուն դէմ Շարուր-Դարալագեազի ու Զանգեզուրի կռիւներուն: Կը վերադառնայ Տարօն ու Օսմանեան սահմանադրութեան տարիներուն, զէնքը մէկ կողմ դրած, արօրը ձեռքին, ռանչպարութիւն կ’ընէ ու բարեկեցիկ կեանք կ’ապրի:
1915ի Սասնոյ հերոսամարտին ան կը խիզախէ բոլոր ճակատրներուն վրայ. ապա կրկին կ’անցնի Կովկաս, բայց հայ կամաւորներուն հետ կը վերադառնայ Տարօն, հարիւրաւոր որբեր կը հաւաքէ քիւրտերուն քովէն ու կը պատսպարէ որբանոցներուն մէջ:
1918ի Մայիսին կը կռուի Ղարաքիլիսէի ճակատին վրայ: Անկախութեան շրջանին, Մանուկի, Մուշեղի, Ախոյի, Չոլոյի, Թաթոյի ու միւս ընկերներուն հետ, Թալինէն սկսած մինչեւ Միլլի Ձոր, Աղուտ-Վաղուտ ու Զանգեզուր, Հայաստանը կը մաքրեն թաթար ու քիւրտ թշնամիներէն ու անոնց գիւղերուն մէջ կը տեղաւորեն Տարօնի գաղթականները:
Խորհրդային իշխանութեան հաստատուելէն ետք, Իսրոն չ’ուզեր հեռանալ Հայաստանէն: Կը քաշուի «իր հայրենի Փեթարին նմանող» Արագածի լանջերուն թառած մէկ գիւղը եւ այնտեղ կ’ապրի ռանչպարի չարքաշ աշխատանքով:
Ճակատագիրը սակայն Իսրոյին վերապահած էր մէկ շատ ցաւալի վախճան: 1938ի չարաբաստիկ օրերուն, շատերու նման, այս դիւցազնը եւս դժբախտ զոհը կը դառնայ Չեկայի մէկ ստորին դաւադրութեան…
***
Ըսինք արդէն, որ Ռուբէն մասնաւոր տկարութիւն ցոյց տուած է դէպի Իսրոն: Մեր այս հետեւութիւնը արդիւնք է երեք բացառութիւններու, զորս Ռուբէն ըրած է Իսրոյին:
Նախ, որ եօթը հատորներէ բաղկացած իր կոթողական «Յիշատակները»ուն 2500 էջերէն 14ը ան յատկացուցած է Իսրոյին, բան մը, զոր ան զլացած է ուրիշ շատ շատերու:
Երկրորդ. ան խզած է 1915ի Սասնոյ հերոսամարտի մասին իր առեղուածային լռութիւնը եւ պատմական այդ ցնցող դէպքէն յիշած ու գրած է միմիայն մէկ դրուագ, շեշտելու համար Իսրոյի հերոսական նկարագիրը: Ահա այդ դրուագը:
1915ի Յունիս ամիսն է: Թուրք զօրքը եկած պաշարած է Մշոյ գիւղերն ու քաղաքի հայկական թաղերը: Ֆետայիներն ու դաշտի հայութեան մէկ մասը ապաստանած են լեռները, բայց հայ կռուողներ (որոնց մէջ է նաեւ Իսրոն), թուրք զօրքերէն հազիւ 200 մեթր հեռաւորութեան վրայ, մտած են իրենց դիրքերը եւ կը սպասեն…
Լուր կը հասնի, որ թուրք բանակը սկսած է հրդեհել Մշոյ դաշտի գիւղերն ու քաղաքի հայկական մասերը եւ կոտորել ժողովուրդը: Նաեւ շշուկներ կը հասնին, որ ռուս բանակը սկսած է շարժիլ դէպի Մուշ եւ անոնց թնդանօթներու ձայները որոշ տեղեր կը լսուին արդէն: Ռուբէն եւ խմբապետները ժողով կը գումարեն եւ կ’որոշեն ֆետայիներու խումբ մը քաղաք մտցնել՝ պաշարուածներուն օգնելու, նաեւ ռուսական յառաջխաղացքին լուրը ստուգելու:
Իսրոն կ’առաջարկէ գիշերանց յարձակիլ, թուրքերը խրամներէն դուրս հանել ու անոնց հետ խառնուելով՝ մտնել Մուշ:
Ծրագիրը կ’ընդունուի. բայց, երբ կը ստուգուի, որ գործի յաջողութեան համար իւրաքանչիւր ֆետայիի անհրաժեշտ 100 փամփուշտի տեղ հազիւ 40-50 փամփուշտ ունին տրամադրելի, առաջարկը կը ձախողի:
Խօսողը Իսրոն է նորէն. «Առէ՛ք իմ հրացան ու փամփուշտները, տուէք ինծի 20 դաշունաւորներ եւ 20 ատրճանաւորներ. ես կը մտնեմ անոնց խրամներ: Թէ փախցուցի, ճամբախը կը բացուի եւ դուք կ’երթաք Մուշ կը մտնէք. թէ մեռանք, էդ էլ ձեր բախտն է»:
Կէս գիշերին Իսրոյի խումբը կը մտնէ թուրքերու խրամները եւ դաշոյններով ու ատրճանակներով զօրքը փախուստի կը մատնէ: Այս յաջողութեան վրայ, ֆետայիներըլեռնէն վար կ’իջնեն, բայց հազիւ քաղաք մտած, կ’ենթարկուին թուրքերու գնդակոծութեան: Այլեւս անկարելի ըլլալով դէպի հայոց դիրքերը յառաջանալ, Մշոյ հայութեան մէկ փոքր մասը առնելով, անոնք կրկին լեռ կը բարձրանան: Մնացեալը արդէն ծանօթ է…
Ռուբէն այսքան միայն գրած է Սասնոյ հերոսամարտին մասին:
Իսրոյի համար ան ըրած է երրորդ բացառութիւն մը եւս: Ռուբէն ողբացած է իր սիրած հերոսին եղերական մահը, բան մը, որ ան չէ ըրած նոյնիսկ Գէորգ Չաւուշին, որուն մահուան ականատես եղած է, Փեթարի Մանուկին, որուն յուղարկաւորութեան մասնակցած է:
Չենք գիտեր ե՞րբ, ինչպէ՞ս կամ ո՞ւր ան ստացաւ Երկաթէ վարագոյրին ետեւ, 1938ին պատահած Իսրոյի մահուան գոյժը: Յայտնի չէ նոյնպէս, թէ ան ե՞րբ գրեց իր այրած սրտէն թռած ցաւի ու կսկիծի հետեւեալ բացականչութիւնը.- «Իսրօ՜, Իսրօ ջան. գիտեմ, որ վերջին վայրկեանին դուն ինծ յիշեցիր ու զարմացած ըսիր, թէ այս ոճիրը մեր ճժերի ու իմ գլխուն ինչո՞ւ պատահեց, եւ»… երբ կը կարդանք այս ու յաջորդող իր սրտամորմոք ու աղեխարշ բառերն ու տողերը, կը զգանք, որ հերոսին անարցունք ու անմռունչ ողբն է, որ կ’ընէ Ռուբէն:
Բայց. ասիկա ո՞ղբ է միայն, թէ հերոսականին յուզիչ, բայց նաեւ հպարտ պանծացումը…