
Սուրիահայութեան Անմիջական Օժանդակութեան Կոչ
Անցեալ շաբաթավերջին Անթիլիաս մեր կեցութեան ընթացքին, Միջին Արեւելքը հարուածած հսկայացունց երկրաշարժը մենք եւս ապրեցանք, բայց մեր զգացածը ոչինչ էր յարաբերաբար այն ցնցումին, զոր ապրեցան Սուրիոյ տարածքի բնակիչները, ընդ որում նաեւ մեր ժողովուրդի զաւակները:
Անկախ քարեղէն կառոյցներու ահագնադղորդ տապալման, մենք կը շարունակենք խոր ցաւով հետեւիլ յատկապէս Հալէպի մեր ժողովուրդին դիմագրաւած անչափելի դժուարութիւններուն, տակաւին յետ ցնցումներ պատճառող շարժին գործած հոգեբանական ցնցում-աւերներուն, երբեմնի ծաղկուն ոսկեայ Հալէպի ներկան այլապէս ալ հարուածող ցուրտ ու մռայլ այս օրերուն:
Դժբախտաբար, այսօր Հալէպի մեր ժողովուրդը նախկինէն շատ աւելի տագնապահար վիճակ մը կը պարզէ, երկրաշարժին պատճառով բազմապատկուած, քառապատկուած են անոնց նիւթական, ընկերային, մարդկային ու հոգեբանական կարիքները, որոնց լոյսին տակ, Արեւմտեան թեմը անմիջապէս անցաւ գործի եւ նիւթական զօրակցութիւն մը դրաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի տրամադրութեան տակ, որ ըստ էութեան բաւարար չէ ամոքելու հոգեկան կսկիծն ու ցաւը եւ նիւթական կորուստներն ու կարիքները աղէտահար հալէպահայութեան:
Մենք, գիտակից մեր կոչումին, մարդկային, հայկական եւ քրիստոնէական մեր առաքելութեան՝ պարտաւորուած կը զգանք աւելի կանոնաւոր ու ամբողջական նոր զօրակցութիւն մը փութացնել Անթիլիաս, որպէսզի վեհափառ հայրապետին կողմէ տրամադրուի Բերիոյ թեմին:
Այսու պաշտօնապէս՝ որպէս առաջնորդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր խնամքին յանձնուած հոգեւոր, ազգային եւ շրջանի մէջ գործող բոլոր կառոյցներուն, կազմակերպու-թիւններուն ու միութիւններուն, մեր ծխական շրջաններու եւ Ազգային վարժարաններու պատասխանատուներուն ու յարակից մարմիններուն, հոգեւորականաց դասերուն, ազգային երեսփոխաններուն, բարերարներուն, բարեկամներուն եւ շրջանի մեր ժողովրդեան, որ պարտաւորեցուցիչ այս պահը անպայման տեսնեն, անմիջապէս կապուին ծխական շրջաններու գրասենեակներ կամ Ազգային առաջնորդարան եւ իրենց զօրակցութիւնները կատարեն Հալէպի մեր քոյր-եղբայրներուն ու ընդհանրապէս սուրիահայութեան ի նպաստ:
Աղօթարար՝
Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ
Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հայոց Թեմի