Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը, Հայաստանի վարչապետին յանձնարարականով կազմակերպեց երկրաշարժէն տուժած Սուրիոյ Հանրապետութիւն աւելի քան 30 թոն օգնութեան տեղափոխութիւնը:
Մարդասիրական բեռը ներառեց ուտելիք, դեղորայք եւ բժշկական սարքեր: Անիկա ուղարկուեցաւ Երեւանի «Էրեբունի» օդակայանէն:
Սուրիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը իր կարգին հաստատեց, որ օգնութիւնը հասած է Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ նոյն օդանաւով Հալէպ հասած են 29 հայ փրկարարներ։
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի տեղական մարմինը եւս 100,000 տոլար տրամադրած է երկրաշատժէն վնասներ կրած Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի
հայկական կրթական հաստատութիւններու շուրջ 1100 ուսուցիչներուն եւ անձնակազմերուն:
