Յատուկ թռիչքով եւ առաքելութեամբ 8 Փետրուարին, Թուրքիա եւ Սուրիա մեկնած հայկական քաղաքային որոնողական-փրկարարական խումբերը կը շարունակեն աշխատանքներ իրականացնել Թուրքիոյ Ատիյաման եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքներուն մէջ:
Ըստ ներքին գործոց նախարարութեան Փրկարար ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան՝ Թուրքիոյ մէջ հայկական խումբին կողմէ կը տարուի տեղակայման եւ տարբեր տեղամասերու մէջ որոնողական-փրկարարական աշխատանքներ:
Հալէպ քաղաքի չորս տեղամասերու մէջ փրկարարները կը կատարեն իրավիճակի գնահատում, իսկ մէկ տեղամասի մէջ որոնողական աշխատանքները կը շարունակեն երկու հերթափոխներով: