ԼԻՒՔՍԵՄՊՈՒՐԿ, «Ռոյթըրզ».- Եւրոպական միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեցին ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի 1701 բանաձեւին, շեշտելով, թէ Իսրայէլ պէտք է հեռանայ հարաւային Լիբանանի մէջ վերագրաւած Ղաժար գիւղէն՝ գործակցելով ՄԱԿի խաղաղապահ ուժին հրամանատարներուն հետ։
Անոնք դիտել տուին, որ հարկ է անպայման յարգել Լիբանանի օդային, ծովային եւ ցամաքային սահմանները, ինչպէս նաեւ նշեցին, որ գերեվարուած իսրայէլացի զինուորներ պէտք է անմիջապէս ազատ արձակուին։
Ժողովը զօրակցութիւն յայտնեց Լիբանանի վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի կառավարութեան եւ մարդասիրական, վերակառուցման եւ կենսոլորտի ապականումի նուազեցման առումով օժանդակութիւններ խոստացաւ Լիբանանի։
Ժողովը խստօրէն դատապարտեց Լիբանանի մէջ վերջերս արձանագրուած ապահովական խախտումները եւ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան հարցով միջազգային ատեանի կազմութիւնը պէտք է ամբողջանայ, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1664 բանաձեւի գործադրութեան համար։