
Համադրեց՝ ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա, 4 Նոյեմբեր 1893ին: Ան զաւակն է բժիշկ Սողոմոն եւ Ովսաննա Աբէլեան ամոլին: Ունեցած է երեք եղբայր եւ երկու քոյր:
Նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսումը ստացած է Քեսապի մէջ, ապա բարձրագոյն ուսումը՝ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլէճէն: Իբրեւ աւարտաճառ՝ պատրաստած է «Քեսապ Եւ Իր Գիւղերը» հատորը, որ արժանացած է բարձր գնահատանքի: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Բժշկական դպրոցին մէջ եւ վկայուած է 1917ին: Շուտով զինակոչուած է Օսմանեան բանակ՝ ենթասպայի աստիճանով, եւ ծառայած է Նապլուսի մէջ, պաղեստինեան ճակատին վրայ: Պատերազմէն ետք, Հոմսի եւ Ճըսր Շուղուրի քեսապցի գաղթականները փոխադրած է Քեսապ: 1920ին, գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ հաստատուած է Մեսեչուսեց նահանգի Պոսթըն քաղաքը, ուր իբրեւ մանկաբուժ գործած է իր անձնական դարմանատան, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներու մէջ: Անդամակցած է Մեսեչուսեցի եւ ամերիկեան բժշկական միութիւններու: Ամուսնացած է 1923ին, Զապէլ Առաքելեանի հետ․ ամոլը բախտաւորուած է երեք դուստրերով:
Բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեան, տեսնելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքով հայ ժողովուրդի թուային նօսրացումը եւ ֆիզիքական ու հոգեկան ախտավարակ երեւոյթները, որոշած է իր գիտական-բժշկական մտապաշարը ի սպաս դնել հայ ժողովուրդի եւ ի մասնաւորի՝ հայ նոր սերունդի հայօրէն զարգացման, աճման եւ հզօրացման: Իր բժշկական ասպարէզին ընդմէջէն՝ ան փորձած է արտացոլել իր հայկականութիւնը՝ գրելով հայերէն բժշկական-առողջապահական գիրքեր, որոնք եղած են աղբիւր բժշկական գիտելիքներու: Ան բժշկական գրականութեան մէջ մուտք գործած է հայերէն լեզուով եւ այդ ըրած է մեծ հաճոյքով, իբրեւ հայ բժիշկի պարտականութիւնը հանդէպ իր արենակիցներուն:

Բժիշկ Ա. Աբէլեան հայերէն լեզուով լոյս ընծայած է բժշկական եւ առողջապահական հետեւեալ հատորները. «Հայ Մայրերու Մենտոր», «Հեքիմարան», «Մատեան Մանկանց»:
Ան չէ բաւարարուած բժշկական գրականութեամբ եւ իր միտքն ու հոգին արտայայտած է նաեւ ոչ բժշկական գրականութեամբ, ուր դրսեւորած է հայ վերապրողի իր զգացումները, իր ներաշխարհը եւ իր անհատականութիւնը: Իր գրչին կը պատկանին հետեւեալ հատորները. «Հնգամեայ Զրոյցներ», «Անահիտ Կամ Ամերիկահայ Ֆլէփփըրը», «Զմրուխտ Մատանին», որոնք հրատարակուած են 1929ին, «Վաղուան Արշալոյսը», եւ «Աշգար»ը՝ 1930ին, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ՝ «Քեսապ Եւ Իր Գիւղերը»:
Ան բժշկագիտական եւ գեղարուեստական գրութիւններով աշխատակցած է հայ մամուլին, մասնաւորապէս Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին եւ Նիւ Եորքի «Նոր Աշխարհ» ին: Կատարած է թարգմանական աշխատանք՝ «Թելմա», «Վենտեթթա», «Իշխանուհի Վերճինիա» եւ «Կարմիր Մայրապետ»:
Անգլերէնով գրած է Tales from Armenian History-ն եւ The Antiochians վէպը, որոնց միջոցաւ ուզած է ամերիկացի ժողովուրդին ծանօթացնել հայը՝ իր կենցաղով ու մարտնչումներով, եւ թուրքին գործադրած վայրագութիւնները՝ հայ ժողովուրդին դէմ: Նշեալ վէպը եղած է արժէքաւոր եւ ուշագրաւ աշխատասիրութիւն մը, ուր Քեսապը մեծ տեղ գրաւած է:
Իր գրչանունը եղած է «Էբիլենց»: Ունի անտիպ վէպեր՝ «Ամերիկահայ Մտաւորականը», «Անմեղ Սէրերու Յուշեր», «Զինուորական Յուշերէս», «Հիւանդին Խոհանոցը», «Բժշկական Զրոյցներ» եւ 5 արարով թատերգութիւն մը՝ «Լորա»:

1930ին գրած է իր հայերէն վերջին գիրքը: Այդ թուականէն ետք, մինչեւ 1960, հեռու մնացած է գրելէ եւ իր ժամանակը տրամադրած է իր ընտանիքին: 1960ին գրած է իր վերջին՝ The Antiochians անգլերէն գիրքը:
Բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեան մահացած է Պոսթըն, 14 Նոյեմբեր 1986ին:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին», Մոնթրէալ, 2018:
2. Աբէլեան Ս. Ալպէրթ, «Քեսապ Եւ Իր Գիւղերը», Պէյրութ, 2002:
3. Չոլաքեան, Յակոբ, «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004:
4. Apelian, H. Vahe, Apelian, Albert MD, a Social Diagnostician As well, V.H. Apelian’s Blog, August 1, 2018
