ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Երէկ, Հոկտեմբեր 20ին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծի Իջեւան-Ղազախ հատուածին վրայ, ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Ա. Գասփրչիքի առաջարկով, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդելու ծիրէն ներս, տեղի ունեցաւ երկու երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու հանդիպում:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարներ, յաջորդաբար Սերժ Սարգսեան եւ Սաֆար Ապիեւ, ըստ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութեան հրապարակած տեղեկատուութեան, քննեցին երկուստեք հետաքրքրութիւն ունեցող, մասնաւորապէս, սահմանի վերահսկման եւ զինադուլի պահպանման առնչուող հարցեր:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան այս հանդիպումին մասին: