Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը սկսի 44օրեայ պատերազմին ընթացքին Պաքուի վերահսկողութեան տակ անցած Թալիշ գիւղի բնակեցման գործընթացին: 16 Մարտէն սկսեալլ, գիւղին մէջ պիտի հաստատուին առաջին 20 ընտանիքները։ Այս մասին յայտնեցին ատրպէյճանական լրատուամիջոցները` վկայակոչելով պաշտօնական աղբիւրները՝ ըստ որոնց, Թալիշի առաջին բնակիչներուն առանձնատուները արդէն պատրաստ են:
Արցախի Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղը Ատրպէյճանի զինուած ուժերը գրաւեցին 3 Հոկտեմբեր 2020ին: Պատերազմի աւարտէն անմիջապէս ետք Ատրպէյճանի կառավարութիւնը յայտարարեց այդ գիւղին մէջ լայնածաւալ շինարարական աշխատանքներու մեկնարկին մասին: