ԴՈԿՏ. ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

ՀՅԴ Ծրագիրը փոքր գրքոյկ մըն է, որ առաջին անգամ մշակուած է Դաշնակցութեան առաջին Ընդհանուր ժողովին կողմէ (1892), ապա 1907ին՝ 4րդ Ընդհանուր ժողովին, որդեգրուած է ընկերվարութիւնը՝ իբրեւ գաղափարախօսութիւն, իսկ 9րդ Ընդհանուր ժողովին (1919) ընդունուած է Ազատ Անկախ եւ Միացեալ Հայաստան բանաձեւումը՝ իբրեւ քաղաքական պահանջ։ Այդ թուականէն սկսեալ, անիկա որոշ բարեփոխումներու ենթարկուած է եւ բովանդակութեան իր այսօրուան ձեւը առած է 1998ին, 27րդ Ընդհանուր ժողովին կողմէ։
Այս փոքր գրքոյկը իր մէջ պարփակած է հայ ժողովուրդի դարաւոր երազներու, իղձերու եւ նպատակներու յստակ բանաձեւումը։ Իր բովանդակութեամբ անիկա հիմնականին մէջ բաժնուած է երեք ենթաբաժիններու՝ գաղափարախօսութիւն, քաղաքական պահանջներ եւ ընկերային ու տնտեսական առաջադրանքներ։
Բնականաբար, Դաշնակցութեան Ծրագիրի ծանրութիւնը գաղափարախօսութիւնն է, որուն վրայ խարսխուած են հայութեան արդար պահանջատիրութիւնը եւ արդար հասարակարգ ստեղծելու՝ Դաշնակցութեան ձգտումը։
Ըստ էութեան, Դաշնակցութիւնը ընկերվարական եւ ժողովրդավարական կուսակցութիւն է։ Այս բաժինին մէջ պատմական բոլոր հիմնաւորումները կը ներկայացուին, թէ Դաշնակցութիւնը ինչո՛ւ կը դաւանի այս գաղափարախօսութիւնը։ Փորձենք կեդրոնանալ անոր քանի մը դրոյթներուն վրայ եւ տեսնել, թէ անոնք որքանո՛վ ներկայ են մեր առօրեային մէջ. եւ Դաշնակցութիւնը ինչպէս կը տարածէ եւ կ՛իրականացնէ զանոնք։
«Հ.Յ. Դաշնակցութեան ընկերվարական իտէալն այնպիսի հասարակութեան կերտումն է, ուր մարդը ազատագրուած կը լինի ցեղային, կրօնական-դաւանական, ազգային, քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական ամէն կարգի խտրականութիւնից, կաշկանդումից, բռնութիւնից եւ շահագործումից»:
«Ժողովրդավարութիւնը խարսխւում է մարդկային եւ քաղաքացիական իրաւունքները եւ ազատութիւնները յարգելու վրայ: Այն օրէնքով պաշտպանում է բազմակարծութիւնը, բազմակուսակցականութիւնը եւ խօսքի, խղճի, մամուլի, ստեղծագործութեան եւ աշխատանքի լիակատար ազատութիւնը»։
Դաշնակցութեան Ծրագիրին մէջ տեղ գտած այս երկու դրոյթները ամբողջական պատկերը կ՛ուրուագծեն անոր հաւատամքին թէ՛ իբրեւ գաղափարական աշխարհահայեացք եւ թէ քաղաքական կուսակցութեան մը գոյութեան եւ գործունէութեան ծիր։
Առաջին պարբերութեան փակագիծերը բանալով՝ պիտի տեսնենք, որ այդ պահանջներուն մեծամասնութիւնը Արեւմտեան երկիրներու կողմէ Մարդու Ւրաւունքներու հասկացութեան ծիրին մէջ կ՛իյնայ, առանց ընկերվարութիւն բառը գործածելու։ Սակայն Դաշնակցութիւնը «Մարդու Իրաւունքներ»էն մէկ քայլ առաջ կ՛անցնի եւ կը շեշտադրէ ամէնէն էականը՝ տնտեսական շահագործումը, որ դուռ կը բանայ մնացեալ շահագործումներուն։ Որովհետեւ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ տնտեսական շահագործումէն անկախ, անհատն է որ կրնայ դառնալ ազատ մարդ, ազատ քաղաքացի եւ իր մարդկային ու քաղաքացիական իրաւունքներուն ամբողջական տէրը ըլլալ։ Տնտեսապէս ազատ եւ շահագործումէ ձերբազատած մարդն է որ կրնայ ստեղծել եւ մասնակից դառնալ յառաջացման արդար հասարակարգի մը, որուն մէջ գոյութիւն պիտի չունենայ որեւէ տեսակի խտրականութիւն։ Որովհետեւ տնտեսական կախուածութիւնը եւ շահագործումը մարդ արարածը կը վերածէ գերին զինք շահագործողներուն եւ անոնց կամակատարը դառնալով՝ ան կը կորսնցնէ իր ինքնուրոյնութիւնը եւ ընկերային-հասարակական հարցերու շուրջ իր ազատ կամքի, միտքի եւ խօսքի իր տարրական եւ աներկբայ իրաւունքը։
ՀՅԴ Ծրագիրը յստակօրէն կը բացատրէ շահագործման այս երեւոյթը, որ մարդկութեան պատմութեան չափ հնութիւն ունի եւ անոր դէմ պայքարելու հիմնաւորումը կը բխի էապէս ԱԶԱՏ ՄԱՐԴ կերտելու՝ Դաշնակցութեան հաւատամքէն։ Այս հաւատամքը Դաշնակցութեան Ծրագիրին մէջ կը զուգորդուի նոյնքան կարեւոր դրոյթով, որ ժողովրդավարութիւնն է։ Առանց ժողովրդավարութեան Դաշնակցութիւնը կը վերածուի համայնավար-ամբողջատիրական կուսակցութեան։ Ընկերվարութիւնը, ընկերակից ունենալով ժողովրդավարութիւնը՝ կրնայ ստեղծել այն արդար հասարակարգը, որուն մէջ մարդ անհատին բոլոր իրաւունքները կրնան յարգուիլ։ Իսկ ժողովրդավարութիւնը միայն քուէատուփ երթալ եւ ընտրութեան մասնակցիլը չէ։ Ազատ եւ թափանցիկ ընտրութիւնները ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքներէն մէկն են միայն։ Ինչպէս որ ընկերվարութիւնը անհատի տնտեսական իրաւունքներու պաշտպանութիւնը կ՛ապահովէ եւ կ՛ազատէ զայն շահագործումէ, ժողովրդավարութիւնը նոյն անհատին (ներուն) հաւաքական, քաղաքական եւ հասարակական կեանքի մասնակցութեան արդար միջավայրը կ՛ապահովէ։ Ժողովրդավարութիւնը անընդհատ գործող օրէնքներու շղթայ մըն է, որ առիթ եւ հաւասար հնարաւորութիւն պիտի ստեղծէ պետութեան մէջ գործող մեծ եւ փոքր կուսակցութիւններու եւ միութիւններու։ Հաւասարութիւն թէ մամուլ, ուր յարգուին բազմակարծութիւնը, պետական հաստատութիւնները հաւասարապէս հասանելի ըլլան բոլորին, անկախ անհատներու քաղաքական հայեացքներէն, պետական միջոցները մենաշնորհ պէտք չէ ըլլան իշխող կուսակցութեան կամ ընդհանրապէս որոշ խաւի մը։
Գաղափարական այս զոյգ հասկացութիւնները՝ ընկերվարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն, ՀՅԴ Ծրագիրին մէջ հիմք կը ծառայեն յստակօրէն բանաձեւելու Դաշնակցութեան քաղաքական պահանջները։
«Իր հայրենի տարածքի վրայ իւրաքանչիւր ազգի գոյատեւման երաշխիքը անկախ եւ իրաւական պետականութիւնն է: Այն մարմնաւորում է ազգի քաղաքական կամքը, պաշտպանում նրա շահերը եւ ապահովում նրա անվտանգութիւնն ու ինքնուրոյն զարգացումը»:
Արդէն պարզօրէն Դաշնակցութիւնը կը խօսի ազգերու պետականութիւն ունենալու իրաւունքին եւ անհրաժեշտութեան մասին։ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ որեւէ ազգի գոյատեւման եւ բնական ու ինքնուրոյն զարգացման հիմնական կռուանը անկախ պետութիւն ունենալն է։ Ինչպէս որ անհատը պէտք է ազատագրուի շահագործումէ եւ տնտեսապէս ինքնուրոյնութիւն ձեռք բերէ, նոյնը կարելի է ըսել ազգերու պարագային։ Օտար տիրապետութիւններու տակ գոյատեւող ազգերը, ուշ կամ կանուխ, դատապարտուած են այլասերման, մինչեւ իսկ ձուլման։ Պատմութեան մէջ բազմաթիւ են օրինակներ, երբ ժողովուրդներ, կորսնցնելով իրենց պետականութիւնը՝ անհետացած են պատմութեան բեմէն։ Այս հիմնաւորումով ալ Հայաստանի անկախ պետականութեան գոյութիւնը, Դաշնակցութեան համար ծրագրային սկզբունք է, հայ ժողովուրդի պատմական երթը անխափան շարունակելու համար։
Քաղաքական պահանջներու բաժինի նպատակներ ենթաբաժինին մէջ կը կարդանք.
«ՀՅ Դաշնակցութիւնը նպատակադրում է.
Ա .- Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանի կերտում: Միացեալ Հայաստանի սահմանների մէջ պիտի մտնեն Սեւրի դաշնագրով նախատեսուած հայկական հողերը, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի, Ջաւախքի եւ Նախիջեւանի երկրամասերը:
Բ .- Թուրքիայի կողմից հայութեան դէմ գործադրուած եւ մինչեւ այժմ անպատիժ մնացած Ցեղասպանութեան ոճիրի միջազգային դատապարտում, բռնագրաւուած հողերի վերադարձ եւ վնասի արդար հատուցում հայ ազգին»:
Քաղաքական պահանջները հիմնաւորելէ ետք, Դաշնակցութիւնը իր առջեւ դրած է յստակ նպատակներ, որոնք բանաձեւուած են Ա. եւ Բ. կէտերով։
ՀՅԴի քաղաքական նպատակը. որ հայ ժողովուրդի սեփական երկիրին՝ Հայաստանի մէջ պետականութեան կերտումն է՝ իբրեւ հայութեան գոյութեան երաշխիք, անկատար պիտի մնայ, եթէ Հայ Դատը իր արդար լուծումը չգտնէ։ Չի բաւեր Ցեղասպանութեան ճանաչում տարբեր երկիրներու կառավարութիւններու, նախագահներու կամ խորհրդարաններու կողմէ։ Եթէ կայ ոճիր, ուրեմն կայ զոհ եւ խլուած իրաւունք։ Այդ իրաւունքներու արդար պահանջն է, զոր կը ներկայացնէ Դաշնակցութիւնը։ Հայաստանը բովանդակ հայութեան հայրենիքն է, որուն մեծ մասը բռնագրաւուած է Թուրքիոյ կողմէ, որ տակաւին կը ժխտէ ցեղասպանութիւն գործադրած ըլլալու փաստը, որուն պատճառով հայութեան բեկորները սփռուած են աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ։
Հողային եւ նիւթական այս պահանջները կը հիմնաւորուին Սեւրի դաշնագիրով եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռով, որոնք, միջազգային իրաւունքներու դիտանկիւնէն, կը շարունակեն մնալ անժամանցելի։ Եւ Դաշնակցութեան ամբողջ քաղաքական պայքարը ուղղուած է հայ ժողովուրդի նկատմամբ շարունակուող անարդարութիւններուն դէմ։ Իսկ վերոնշեալ դաշնագիրը եւ իրաւարար վճիռը ամէնէն արդար հատուցումը կը հանդիսանան Հայ Դատին։ Որովհետեւ հայութիւնը պէտք է ապրի իր ամբողջական հայրենիքին մէջ, ուր ազատօրէն կենսագործելու, զարգանալու եւ բարգաւաճելու պայմանները գոյութիւն ունենան։
Դաշնակցութեան ծրագիրին մասին ամէնէն դիպուկ գնահատականը կամ բնորոշումը տուած է ՀՅԴ Բիւրոյի երբեմնի անդամ Սարգիս Զէյթլեան. «Դաշնակցութիւնը իր ժողովուրդին սպասաւորն է։ Միջոց է, ճանապարհ է, նպատակ չէ. Հակառակ անոր որ ամբողջ գաղափարական մեծ իտէալի մը ջահակիրն է։ Բայց այդ իտէալը իր իտէալը չէ, այլ իր ժողովուրդին իտէալն է։ Եւ ճիշդ ատոր համար իր իտէալն է»։
ՀՅԴ Ծրագիրը գրքոյկ մըն է, զոր ոեւէ շարքային դաշնակցական անընդհատ պէտք է կարդայ, որպէսզի մնայ գաղափարական այն դաշնակցականը, որ կը մերժէ իր վրայ պարտադրուած որեւէ շեղում անկէ։ Որպէսզի հասկնայ Դաշնակցութեան էութիւնը եւ գործէ իբրեւ իսկական դաշնակցական իրականացնելու համար ՀԱՅ ժողովուրդի երազները: Եւ վերջապէս, որպէսզի հասկնայ, որ Դաշնակցութիւնը ունի մէկ ծրագիր եւ անկէ շեղումը կը նշանակէ դառնալ սոսկ կուսակցական մը եւ ոչ՝ դաշնակցական: Որովհետեւ, անիկա է, որ գաղափարական ուժ եւ հիմնաւորում կու տայ նաեւ ՀՅԴ Կանոնագիրին։ Որովհետեւ անիկա առաւել քան հարիւր տարիներ ուղեցոյցն է Դաշնակցութեան գործունէութեան թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ ու ներշնչարան է նորահաս սերունդներուն, միշտ մնալով գաղափարական եւ քաղաքական աշխարհահայեացքներու դասագիրք։
Վերջապէս, ՀՅԴ Ծրագիրը արդարութեան համար պայքարողներու սրբազան գրքոյկն է։