ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Վահան եւ Անոյշ Շամելան Ազգային վարժարանին մէջ տեղի ունեցած գիտական մրցանքէն ետք, դատակազմին որոշումով խումբ մը աշակերտներ իրաւունք ստացան վարժարանը ներկայացնելու 2022-2023ի Լոս Անճելըս գաւառի գիտական մրցանքին։
Շամլեան վարժարանի աշակերտներէն երկուքը՝ Լիանա Ասատրեան եւ Սոֆիա Մարթին առաջին հանդիսացան, իսկ Դրօ Ապուլեան՝ երկրորդ։

Պատուոյ յիշատակութեան արժանացան՝ Դաւիթ Էնֆիաճեան, Նաթալի Դաւիթեան, Թալիա Պօղոսեան եւ Ալեքս Ղազարեան։
Նաեւ, յիշատակութեան արժանացան՝ Արի Արմէնեան, Մարալ Շահնազարեան, Վէմ Պոյնէրեան, Էմիլի Գաբրիէլեան, Լեւոն Հայրապետեան եւ Անժելիք Մաթէոսեան։
Վարժարանին տնօրէնը՝ դոկտ. Թալին Քարկոտորեան ողջունեց այս պատուաբեր արդիւնքները, շնորհաւորելով աշակերտները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով յատկապէս գիտական մրցանքը համադրող եւ գիտութեան բաժանմունքի պատասխանատու ուսուցչուհի Լիտա Գէորգեանին։