Իսրայէլի բանակը հարուածներ հասցուց Սուրիոյ մէջ իրանեան եւ սուրիական կառոյցներու՝ իբրեւ պատասխան Սուրիայէն անցեալ շաբաթ կատարուած ռմբակոծութիւններուն, յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու՝ զգուշացնելով Սուրիոյ իշխանութիւնները եւ նախագահ Պաշշար Ասատը, որ շրջանին մէջ լարուածութեան յաւելեալ սրումի պարագային, անոնք «սուղ գին պիտի վճարեն», հաղորդեց «Թասս»ը։
«Ասատի վարչակազմը կը գիտակցի, որ իր վճարած գինը միայն սկիզբն է։ Եթէ անոնք շարունակեն արտօնել, որ հրթիռներ արձակուին Իսրայէլի վրայ, Ասատ շատ լուրջ գին պիտի վճարէ», ըսաւ Նեթանիահու պատկերասփռուած իր ուղերձին մէջ։
Ան ազդարարեց, որ Իսրայէլ պատրաստ է «շատ հզօր գործողութիւններու բոլոր ճակատներուն վրայ, որեւէ հակառակորդի դէմ»։