Դրամահաւաքի Ձեռնարկ
«Համազգային»ի զանազան մշակութային կարիքներու եւ առաքելութիւններու մատակարարման իմաստով, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութեան ծրագրումներու իրագործման նպաստելու նպատակով Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր, 2007ին, Սագօ եւ Պէքի Պէրպէրեաններու բնակարանին մէջ, Կլէնտէյլ, մտերմիկ հաւաք մը տեղի ունեցաւ, որուն իբրեւ արդիւնք հանգանակուեցաւ 25 հազար տոլար:
Դրամահաւաքի այս ձեռնարկին առաջնորդ Մուշեղ Մարտիրոսեանի կողքին ներկայ էին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Վիգէն Յովսէփեան, «Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Եդուարդ Մսըրլեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Գօգօ Աչըգեան, «Համազգային»ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ տոքթ. Վիգէն Եագուպեան եւ վարչական անդամ-անդամուհիներ, «Համազգային»ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներ եւ «Համազգային»ի ընտանքի բարեկամներ, շուրջ 25 զոյգեր:
Իր տան մէջ դրամահաւաքի այս ձեռնարկը հիւրընկալող Սարգիս Պէրպէրեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ ապա քաջալերեց վարչութեան դէպի երիտասարդութիւն բացուելու եւ աշխուժացման որոշումը եւ շեշտը դրաւ «Համազգային»ի առաքելութեան վրայ։
Իր կարգին առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախ օրհնեց հիւրընկալ ամոլը եւ ապա վեր առաւ «Համազգային»ի դերը այս ափերուն եւ մեծապէս գնահատեց անոր հայ մշակոյթին բարգաւաճման ու տարածման ի խնդիր տարած աշխատանքները:
Շրջանային վարչութեան կողմէ խօսք առնելով, ատենապետ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան հաստատեց, թէ «Համազգային»ը կը շարունակէ մշակութային իր պարտականութիւններու եւ առաքելութիւններու երթը, որոնց յաջողութեան համար էական է նման նախաձեռնութիւն: Ան պարզեց հաւաքի գլխաւոր նպատակը եւ անոր ծնունդ տուող էական պատճառները ու երախտագիտութեան խօսքեր ուղղեց բոլոր ներկաներուն՝ իրենց անսակարկ նուիրումին ու զօրակցութեան համար:
«Մեծ են մեր գաղութի մշակութային պէտքերը եւ միաժամանակ անհամար մեր դիմաց կանգնած մարտահրաւէրները: Միւս կողմէ, որեւէ աշխատանք ծաւալելու համար նիւթականն ալ էական է: Սակայն «Համազգային»ը, հակառակ զանազան խոչընդոտներու, ազգային ինքնութեան իմաստով նկատառելի աշխատանք տարած է եւ տակաւին կը տանի այս շրջանէն ներս, շնորհիւ իր անդամներուն եւ մշակութասէր հասարակութեան»:
Իր խօսքի աւարտին ատենապետ Եագուպեան կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկը հիւրընկալող ամոլին:
«Համազգային»ի Կեդրոնական վարչութեան անունով Եդուարդ Մսըրլեան շեշտեց հաւաքական աշխատանքին եւ միասնական ճիգերուն կարեւորութիւնը եւ մեծապէս գնահատեց նուիրատուները եւ գնահատական խօսքեր ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք յարատեւ կը զօրակցին այս մեծ միութեան:
Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիղը յիշեցուց, թէ գալ տարի «Համազգային»ի 80ամեակն է եւ թէ ժամանակն է, որ յոբելենական այս թուականը միասնաբար եւ արժանավայել կերպով յիշատակելու աշխատանքին լծուինք:
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնին սիրայօժար իր մասնակցութիւնը բերաւ արուսետագէտ Ռազմիկ Մանսուրեան: Իսկ ճաշի ընթացքին կիթառի վրայ եղանակներ հրամցուցին հայր եւ որդի Սարգիս եւ Վահագն Տուրկութեանններ:
Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղ
Տաղանդաւոր Երիտասարդներու Ձեռնարկ – TALENT SHOW
Կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան, Հինգշաբթի, 13 Սեպտեմբեր, 2007ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, Sherman Oaks “White Fire Theatre” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ տաղանդաւոր երիտասարդներու ձեռնարկը, որուն շրջանի հոգեւոր հովիւ Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանի եւ ելոյթ ունեցող արուեստագէտներու ծնողներուն կողքին, ներկայ էին համազգայնականներ եւ մշակութասէրներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց հանդիսավար Մարալ Վարժապետեան, որ բարի գալուստի ու շնորհակալութեան իր խօսքերէն ետք շեշտը դրաւ մշակոյթի եւ յատկապէս հայ մշակոյթի վրայ, որ արտացոլումն է մեր ժողովուրդի պատմութեան տարբեր դարերու հոլովոյթին, ապրումներուն ու անոր ձգտումներուն։
Իր կարգին յանուն վարչութեան խօսք առաւ ատենապետուհի Մարալ Դարբինեան եւ շեշտեց, թէ «Համազգային»ը հայ կամաւոր անդամներէ բաղկացած ընտանիք մըն է, որ մեկնելով իր հիմնադիրներու գծած ուղիէն, այս երեկոյ իր հովանիին տակ կրկին անգամ համախմբած է մեր նոր սերունդի երիտասարդ արուեստագէտները ու իբրեւ քաջալերանք զանոնք իրենց կատարողութեամբ հանրութեան կը ներկայացնէ:
Հանդիսավար Վարժապետեան մէկ առ մէկ բեմ հրաւիրեց երիտասարդ արուեստագէտները, յիշելով անոնց տարիքն ու յաճախած վարժարանները, որոնք իրենց նուագներով, մեներգներով եւ պարերով խլեցին ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյնները:
Այսպէս՝ Յովիկ Քէօշքէրեան՝ դաշնակ, Թուխման Խաչատուրեան՝ մեներգ եւ դաշնակ, Մաթիլտա Թաւանեան՝ ասմունք, Եդուարդ Տոնոյեան՝ դաշնակ, Լուսին Ճէրէճեան՝ մեներգ, Տիգրան Ալթունեան՝ ասմունք, Հենրի Տոնոյեան՝ դաշնակ, Արփի եւ Արմէն Սամուէլեաններ՝ (քոյր-եղբայր) դաշնակ, Ալին Վարժապետեան՝ մեներգ, Ալին Մնայեան՝ դաշնակ եւ Արա Քէլեան՝ շուի, Սիրվարդ Քաւուքճեան՝ ասմունք, Սիրարփի եւ Լուսինէ Մարուքեան՝ (մայր ու աղջիկ) դաշնակ եւ ջութակ, ինչպէս նաեւ Acapella եռեակը, 3 աղջիկներ՝ երգ եւ «Երամ» չորս անդամներով պարային խումբը՝ հայկական պարերով:
Ամերիկածին հայ երկսեռ երիտասարդներու ստեղծագործ հանճարով ճոխացած յայտագրով «Համազգային»ը անգամ մը եւս եկաւ հաստատելու, թէ ինք իբրեւ կրթական եւ մշակութային միութիւն տէրը ըլլալով իր զաւակներուն, անոնց ստեղծագործութիւն-ներով հրապարակային կերպով հանդէս կու գայ:
Ձեռնարկի աւարտին վարչութիւնը յայտագրին մաս կազմող իւրաքանչիւր արուեստագէտի յանձնեց գնահատագրեր:
ԺԱՄԱՆԱԿԱՑՈՅՑ
Օրէնճ Քաունթիի «Սիամանթօ» Մասնաճիւղ
Ձեռնարկները տեղի կ’ունենան Օրէնճ Քաունթիի Հայ կեդրոնի «Ղուկասեան» սրահին մէջ:
Ա.- Հոկտեմբեր 26, 2007, գրական երեկոյ, համագաղութային մշակութային ձեռնարկ.
Բ.- Նոյեմբեր 11, 2007, աւանդական տոհմիկ երեկոյ՝ «Չորք Մարզպան» (Տէօրթ Եօլ).
Գ.- Նոյեմբեր 19, 2007, «Մարութաշուն»չ հատորի ներկայացում
Դ.- Դեկտեմբեր 2007, Ծիծաղի երեկոյ, Comedy night, Lori Tatoulian
«Երազ» պարախումբի աղջիկներու դասընթացքներ՝ ամէն Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի երեկոները, իսկ Շաբաթ օրերը՝ մանչերուն:
Մասնաճիւղի գրախանութը բաց է ամէն Կիրակի օր: Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել՝ Շուշիկ Արսլանեանին 714-403-0875:
Հովիտի «Պարոյր Սեւակ» Մասնաճիւղ
Ա.- 28 Սեպտեմբեր, 2007, «Նայիրի» պարախումբ – Fashion Show.
Բ.- 31 Հոկտեմբեր, 2007, Halloween Party.
Գ.- 2-5 Նոյեմբեր, 2007, նաւապտոյտ դէպի Encenada.
Դ.- 18 Նոյեմբեր, 2007, 1st Annual Family Fashion Dance Luncheon – 11am-4 pm. Airtel Plaza Hotel -7277 Valjean Ave. Van Nuys, CA. Adults $50 Children under 12 $35.
Փասատինայի «Շահան Շահնուր» Մասնաճիւղ
28 Հոկտեմբեր, 2007, երեկոյեան ժամը 5ին, Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ:
Հայ լեզուի տարուան նուիրուած հրապարակային զրոյց՝ մասնակցութեամբ հայ լեզուի մշակներու:
Երաժշտական Միաւոր
Ուրբաթ, 9 Նոյեմբեր, 2007, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ.
Յայտագիր՝ ճաշկերոյթ եւ ապա Արմէն Պապախանեանի (Հայաստանէն) դաշնակի ելոյթ, Հ.Մ.Ը.Մ. «Արարատ» մասնաճիւղի սրահ: Մուտքի տոմս՝ $50:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել՝ Սեդա Սիմոնեանին: