Հոկտեմբեր 2007ին, Heyday Books հրատարակչատունէն, իր տեսակին մէջ աննախընթաց, լոյս պիտի տեսնէ ամերիկահայ անգլիագիր գրողներու ստեղծագործութիւններու Forgotten Bread հատորը, Տէյվիտ Քրտեանի (David Kherdian) խմբագրութեամբ:
Մեկնելով այս հրատարակութեան էականութենէն, «Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը յառաջացուց յատուկ յանձնախումբ մը՝ վարչական անդամներէն Մանիշակ Մարգարեանի եւ Լիւսի Տէր Եղիայեանի գլխաւորութեամբ:
Այս գիրքը մեր մշակութասէր հասարակութեան եւ «Համազգային»ի մեծ ընտանիքի անդամներուն աւելի մօտէն ծանօթացնելու համար, հանդիպում մը ունեցանք Շրջանային վարչութեան վերոյիշեալ երկու պատասխանատուներուն հետ: Կը ներկայացնենք մեր զրոյցին կարեւոր բաժինները.
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ի՞նչ ձեւով եւ ինչպէ՞ս «Համազգային»ի վարչութիւնը կրցաւ իրազեկ դառնալ այս հրատարակութեան:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Մեզմէ շատերուն ծանօթ դոկտ. Արիս Ճանիկեան վարչութեանս հերթական ժողովներէն մէկուն ներկայանալով պարզեց այս գիրքին մանրամասնութիւնները եւ, իբրեւ կրթական ու մշակութային մեծ միութիւն, մեզմէ խնդրեց, որ «Համազգային»ը ինք Forgotten Bread հատորը ծանօթացնէ գաղութի հայ եւ օտար մշակութասէրներուն:
Հ.- Կարելի է՞ ներկայացնել այս գիրքը:
Պ.- Գիրքը կը բովանդակէ անգլիագիր ամերիկահայ 17 գրողներու գործերը, որոնք Մեծ Եղեռնէն ազատած Ա. եւ Բ. սերունդին ժառանգորդներն են: Գիրքը խմբագրած է գրագէտ-բանաստեղծ Տէյվիտ Քրտեան:
Ընդհանարպէս իրենց հայութեան գիտակից այս գրագէտներն ու բանաստեղծները իրենց գործերուն մէջ արտայայտած են այն, ինչ որ, իբրեւ հայ, իրենց մորթերուն վրայ զգացած են:
Ասոնց շարքին են Ուիլեըմ Սարոյեան, Մայքըլ Արլէն, Էյ.Այ. Պէզէրիտէս՝ հայրը յոյն, մայրը հայ: Հատորին մէջ վերլուծական աշխատանքներով կը ներկայանան նաեւ Մարք Արաքս, Արիս Ճանիկեան, Արաքս Սարոյեան եւ Տէյվիտ Ստեփան Քալոն:
Գիրքը ունի բաւական հետաքրքրական ներածական մը Տէյվիտ Քրտեանի կողմէ պատրաստուած, ուր կը ներկայացնէ այս գրագէտները, միաժամանակ յայտնաբերելով գրելու եւ մտածելու իրենց տաղանդը:
Մէկ խօսքով, Forgotten Bread-ը հայ-ամերիկացի գրողներու առաջին սերունդին գրութիւններուն մէկտեղումն է եւ ունի 480 էջ: Գրագէտները իրենց գրութիւններուն մէջ յստակօրէն պահած են իրենց ինքնութիւնը ու պայքարած անոր համար եւ յատկապէս դրսեւորած հայ ըլլալու առանձնաշնորհումը:
Եղեռն, ջարդ, սպանդ – այս բոլորը ազդելով իրենց հոգեկանին վրայ, առիթ տուած են, որ արտացոլան նաեւ իրենց հրամցուցած պատմուածքներուն, բանաստեղծութիւններուն եւ կամ տողերուն մէջ:
Ներկայիս այս գիրքին մէջ տեղ գտած 17 գրագէտներէն միայն 9ը ողջ են:
Հ.- Ո՞վ է Տէյվիտ Քրտեան:
Պ.- Աւելի քան 60 գիրքերու հեղինակ Տէյվիտ Քրտեան հմուտ հայ-ամերիկացի մտաւորական է: Ցարդ իր գործերը թարգմանուած են 13 լեզուներու եւ հրատարակուած աշխարհի 12 երկիրներու մէջ:
Ան աշխատակից է նաեւ բազմաթիւ գրական պարբերաթերթերու: Զանազան առիթներով պարգեւատրուած է: Իր գլխաւոր գործերէն են The Road from Home եւ I Called It Home:
Հ.- Ի՞նչ է Forgotten Bread-ի բովանդակութիւնը
Պ.- Տէյվիտ Քրտեանի ներածականով սկսող այս հատորը յաջորդաբար կը ներկայացնէ 17 հեղինակներ, բանաստեղծներ եւ գրագէտներ: Ստորեւ՝ հեղինակներն ու զիրենք ներկայացնողներու անուանացանկը.-
1.- Լեւոն Սրապեան Հերըլտ – Leon Srabian Herald – ներկայացնող՝ Հրակ Վարժապետեան
2.- Էմանուէլ Վարանդեան – Emmanuel P. Varandyan – ներկայացնող՝ Փաթրիսիա Սարաֆեան Վուրտ
3.- Լեւոն Սիւրմէլեան – Leon Surmelian – ներկայացնող՝ Տէյվիտ Ստեփան Քալոն
4.- Ուիլեըմ Սարոյեան – William Saroyan – ներկայացնող՝ Մարք Արաքս
5.- Էյ.Այ. Պէզէրիտէս – A.I. Bezzerides – ներկայացնող՝ Մարք Արաքս
6.- Ռիչըրտ Յակոբեան – Richard Hagopian – ներկայացնող՝ Կէրի Կօշկարեան
7.- Խաչիկ (Արչի) Մինասեան – Khatchik (Archie) Minasian – ներկայացնող՝ Արամ Սարոյեան
8.- Մարճըրի Յովսէփեան – Marjorie Housepian – ներկայացնող՝ Մոնա Ղընէյմ
9.- Փիթըր Սուրեան – Peter Sourian – ներկայացնող՝ Հրակ Վարդանեան
10.- Հէրի Պարպա – Harry Barba – ներկայացնող՝ Քրիսթըֆըր Ադամեան
11.- Տայանա Տէր Յովհաննէսեան – Diana Der Hovhanessian – ներկայացնող՝ Նէնսի Գրիգորեան
13.- Մայքըլ Արլէն – Michael J. Arlen – ներկայացնող՝ Տէյվիտ Ստեփան Քալոն
14.- Տէյվիտ Քրտեան – David Kherdian – ներկայացնող՝ Արիս Ճանիկեան
15.- Հելէն Փիլիպոսեան – Helene Pilibosian – ներկայացնող՝ Ալէն Սէմէրճեան
16.- Փիթըր Նաճարեան – Peter Najarian – ներկայացնող՝ Արթիւր Ներսէսեան
17.- Արլէն Ոսկի Աւագեան – Arlen Voski Avakian – ներկայացնող՝ Նէնսի Ագապեան
Հ.- Հատորը ինչպէ՞ս պիտի ներկայացուի հանրութեան:
Պ.- Հատորի ներկայացման նախնական աշխատանքներուն արդէն սկսած ենք:
Յատուկ ճաշկերոյթ-հանդիսութեամբ մը պիտի հրաւիրենք հատորի խմբագիրն ու անոր կազմութեան մասնակից քանի մը գրագէտներ:
Ձեռնարկի հասոյթը պիտի յատկացուի ամերիկահայ գրողներու ստեղծագործութիւններու հրատարակութեան, ինչպէս նաեւ այն հայ համալսարանականներուն, որոնք գրականութիւն եւ լրագրութիւն կ’ուսանին:
Այս առթիւ մեր մշակութասէր հասարակութեան դրական քաջալերանքը մեծ դեր պիտի ունենայ այս իւրայատուկ նախաձեռնութեան:
Կը խնդրենք մեր ընթերցողներէն, որ մօտէն հետեւին մեր յայտարարութիւններուն:
«Համազգային»ի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան նամակագրութեան յատուկ նոր հասցէն է.-
Hamazkayin – Regional
P.O. Box 4732
Glendale, CA 91222
ԱՅՑԵԼԵՑԷՔ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»Ի ՆՈՐ ԿԱՅՔԷՉԸ HAMAZKAYIN.NET