ՍՈՆԱ ՄԱՏԱՐԵԱՆ
Դար մը եւ ութ տարին լրացաւ:

Հայոց Եղեռնն ու վէրքը չսպիացած՝ նոր կորուստներու հայոց նորօրեայ ահազանգը:
Ծանօթ եւ յաճախ կրկնուած ասացուածք մըն է՝ «ժամանակին հետ քայլ պահել»ը: Սակայն, անհրաժեշտ է ժամանակին լեզուն հասկնալ եւ ըմբռնել, յատկապէս, համաշխարհայնացման, արդիականացման եւ արհեստագիտութեան այս դարաշրջանին: Աւելի՛ն, ի՞նչ ըսել ու ինչպէ’ս հասկնալ արդի ժամանակներու լեզուն, որուն համար քաղաքական միտքն ու դիւանագիտութիւնը հոգեֆիզիքական որքա՜ն հմտութիւն եւ քաջութիւն կը պահանջեն մեզմէ, ազգովին. իսկ մե՛նք ու մերո՛նք, արդեօք ունի՞նք, թէ՞ չենք ուզեր եւ կամ չենք կրնար ունենալ՝ այդ քաջութիւնը:
Ի դէպ, մտաբերելով, ազգային իր սկզբունքներուն համար պայքարած հայ մեծ բանաստեղծ Ե. Չարենցի «Պատգամ»ը ուղուած հայ ժողովուրդին՝ «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է», կը հաստատեմ, որ տեղին է՛ր ու է՛ եւ որ այսօր նաեւ որքա՜ն ի զօրու կը մնայ:
Չարենց, հայ խիզախ մեծ բանաստեղծը, իր ժամանակէն առաջ հասած ու հայրենիքի սիրով տոգորուած, անարդարօրէն տառապանքներու լուծին տակ կքած, իր յեղափոխական խառնուածքով եւ իր սկզբունքներուն հաւատարիմ մնալով, մերժեց համայնավար կարգերու՝ »ազգ եւ հայրենիք« սրբազան գաղափարի վերացման ծրագիրը եւ բարկութեամբ խեղդուած կոկորդը սեղմելով, յղեց իր «Պատգամ»ը, իր սեփական ժողովուրդին, որուն հետեւանքով չարաչար անարգուեցաւ, ապա սպաննուեցաւ բանտային դժնդակ պայմաններու մէջ:
Հաստատուած մտածողութիւն է, թէ միասնութիւնն ու համախմբուածութիւնը, երբէ՛ք եւ երբէ՛ք ժամանակավրէպ չեն եղած, այլ ընդհակառակը, միշտ էական պէտք է մնա՛ն, յատկապէս մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, ի մասնաւորի՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի ներկայ պայմաններով:
Պատմութեան հանգրուաններն ու համատարած դէպքերը կը կրկնուին ներկայ ժամանակներուն: Տարբերութի՞ւն… կարելի է նկատել, միայն ժամանակի եւ անհատներու կամ »դեր«-ա-»կատար«ներու ծիրին մէջ:
Տարիները անցա՜ն, հայ ժողովուրդի վէրքը կոտտա՜ց, վերանորոգուեցա՜ւ, ապա թեթեւցա՜ւ, սակայն երբէ՛ք չ՛անհետացաւ, այլ ընդհակառակը, նոր վէրքեր բացուեցան:
Բաւարա՞ր է արդեօք սո՛սկ յիշատակը յարգել կորուսեալներուն, ապա մտաբերել ցաւոտ անցուդարձերն ու կրկին ու կրկին ափսոսալ եւ ապրի՛լ ու ապրի՛լ ցաւն ահեղ՝ սարսափի օրերուն… բայց, նաեւ արդեօ՞ք բաւարար է սոսկ, հեռաւոր անցեալի տակաւ անլուծելի հարցերով տարուիլ ու ապրիլ, երբ ազգ մը ամբողջ, հայրենի աշխարհէն նե՛րս թէ դո՛ւրս, շուարումի մատնուած է գալիքին հանդէպ, թէ՝ ի՞նչ ընել, ինչպէ՞ս գործել եւ կամ որո՞ւ դիմել եւ հասկնալ, ո՞վ է արդարը եւ ո՞վ անարդարը մտածելով եւ տակաւ անօգնական մնալով:
Է՜հ, «ժամանակը կը թեթեւցնէ ու մոռացութեան կը հասցնէ վէրքը» կ՛ըսեն, սակայն ազգային վէրքն ու ցաւը, շատ աւելի վեր է ամէն տեսակի վէրքերէն ու ցաւերէն. իսկ ինչպէ՞ս չ՛ափսոսալ, երբ կը պակսին, ժամանակի խիղճն ու »արժանապատուութիւն«ը, ուր մարդկայինը գոյութենէ իսկ զրկուած դարձած է՝ «աներեւոյթ» երեւոյթ մը..:
Գիտե՛նք, թէ մեր ժողովուրդի վերապրելու պայքարն ու գոյապայքարը հեշտ չէ եղած, որուն յաջորդած բողոքն ու ճանաչման պայքարը, տակաւ չհասած հատուցման եզրին, ահաւասիկ համատարած նոր գոյապայքար մը կը յառաջանայ՝ Արցախի, Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքով, ինչպէս նաեւ, համախմբման նոր խարխափումներ հայութեան զանազան շերտերով… Հարց մը, որ անլուծելի կը թուի ըլլալ առաջին իսկ ակնարկով, սակայն հաւատալով, որ փոխհասկացողութիւը, ազնիւ զիջողութեան եւ խոր գիտակցութեան առընթեր, կը միտին ազգի մը համախմբման եւ հզօրացման, որուն բարի հետեւանքով, հայրենիքի փրկութեան վսեմ գաղափարը՛ իրականութիւն կը դառնայ:
Արդ, քաջ գիտնալով, որ որքա՜ն երազանք եւ հպարտանք կայ կառչած այս վերջին արտայայտութեան հետ, կը հաստատեմ. «Ա՜հ, երնէ՜կ, թէ այս մեծ երազը հայուն՝ իրականանայ»:
Ուրե՛մն, ե՛կ միանա՛նք եւ ազգովին համախմբուի՛նք ու հզօրանա՛նք, ապա «Յիշե՛նք,Պահանջե՛նք եւ Արդարացնենք» ու ձեռք բերենք մեզմէ խլուած՝ հին ու նոր, մեծ ու փոքր, իրաւունքներն ու երազները, միշտ հաւատալով ու կառչելով՝ Ե. Չարենցի եւ Ա. Ահարոնեանի, «խորհուրդ խորին» զոյգ կոչերուն.
«Ո՜վ Հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է».
«Եւ այն ժամանակ, հաւատա՛, նահատա՜կ ժողովուրդ, արիւնարբու թշնամի՛դ անգամ ծունկի կը չոքի ու կը կոչի՝ ՅԱՐԳԱՆՔ ՔԵԶ»…
Ահա այն ատեն միայն՝
Փա՜ռքը մեզ, պատի՛ւը մեզ: