ՄԻՍԱՔ

1951 Մարտ 9ի առաւօտեան ժամը 7։30ին, ըստ սովորութեան, ընկ. Արմենակ «Մնաք բարով»ով մը կը բաժնուի իր սիրելիներէն՝ երթալու համար իր գործին։ Հազիւ բնակարանէն 200 մեթրի չափ հեռացած, ճամբու դարձուածքին, նման փոթորկահար կաղնիի մը, գետին կը փռուի իր տիտան հասակը. բժիշկ, նախնական անմիջական դարմանում՝ ապարդիւն։ Անողորմ մահը հարուածով մը վերջ տուած էր ընկ. Արմենակի կեանքին, խոր սուգի մատնելով ամբողջ շրջապատը։
Ընկ. Արմենակ ծնած է Տարսոն, 1888ին եւ իր նախնական կրթութիւնն ալ առած է տեղւոյն Լուսինեան Ազգային վարժարանին մէջ։ Զաւակն է բարեպաշտ ու եկեղեցասէր ծնողներու, ան բնաւորութեամբ շատ հեղ եւ պարկեշտ հայ մըն էր. իր նկարագիրի տիրական գիծը համակ հայրենասիրութիւն ու անձնազոհութիւն էր. իրեն համար մեծագոյն հաճոյքն էր ծառայել ուրիշներուն։
Գաղափարական համոզումով՝ խոնարհ ու հաւատաւոր այդ դաշնակցականը, Տարսոնի մէջ Դաշնակցութեան կազմութեան առաջին օրերուն իսկ, դեռ շատ երիտասարդ, փարեցաւ մեր կուսակցութեան, դառնալով անոր գործօն ու եռանդուն անդամներէն մէկը։
Կիլիկիոյ պարպումէն վերջ, հաստատուեցաւ Թրիփոլի, ուր ցոյց տուաւ ազգային եւ կուսակցական բեղուն գործունէութիւն մը։ Ան տարիներ շարունակ, ըլլալով գաղութին Ազգային իշխանութեան եւ զանազան միութեանց վարչութեանց գործօն անդամ, իր կարողութեանց սահմաններուն մէջ մեծ ծառայութիւններ մատոյց Թրիփոլիի հայ գաղութին։ Ու իր ուղղամտութեան եւ աշխատասիրութեան համար միշտ ալ գնահատուած էր գաղութի բոլոր խաւերէն անխտիր։ Իր խանութը կեդրոնատեղին էր ազգային խնդիրներով հետաքրքրուող բոլոր ազգայիններու, ու տունն ու սեղանն ալ բաց էին Թրիփոլի այցելող՝ քահանաներու, ուսուցիչներու կամ ոեւէ հայ օտարականի, որ տեղ մը չունէր ապաստանելու։ Այսպէս շարունակուեցաւ մինչեւ 1936 իր Պէյրութ փոխադրութեան թուականը, ուր ինքզինք կարծէք հանգստեան կոչած քաշուած կեանք մը կ՛անցնէր։
Որպէս կուսակցական՝ համբաւ ունէր իր անձնազոհութիւնն ու իր գաղափարական մաքրութիւնը եւ ճիշդ ասոր համար ալ, յաճախ զինք կ՛ընդունէին կուսակցական վերին ժողովներու համար իբրեւ ներկայացուցիչ։ Դաշնակցութիւնը իր էութիւնն իսկ էր, առօրեայ մտահոգութիւնն ու հոգեկան սնունդը. ու այսպէս, 33 տարի շարունակ, առանց որեւէ ընկրկումի որպէս պարտաճանաչ զինուոր՝ մինչեւ իր եղերական մահը մնաց այն հաստատ հաւատքով, թէ հայը անպատճառ օր մը պիտի ունենայ իր ազատ հայրենիքը, ու այդ ամուր հաւատքով ալ աչքերը փակեց յաւիտենականօրէն, երթալ միանալու համար այն բազմաթիւ ուխտեալներու փաղանգին, որ ունէր նոյն սուրբ ու կրանիտեայ հաւատքը հայ ժողովուրդի Ապագային նկատմամբ։
Ու հիմա, սիրելի ընկեր Արմենակ, տխուր մահուանդ առթիւ գրուած այս քանի մը հապճեպ տողերը վերջացնելէ առաջ, բոլոր սիրելիներուն եւ ընկերներուդ կողմէ՝ կրնանք ըսել քեզի »երթաս բարի« քանի որ մեռար, որպէս հաւատաւոր ու պարտաճանաչ զինուոր մը։
Հողը թեթեւ գայ վրադ եւ քաղցր յիշատակդ ալ անմար մնայ։
ԱԶԴԱԿ
Կիրակի, 18 Մարտ 1951