ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ

2018ին հրատարակեցինք «Ատամնաբուժներու Եւ Դեղագործներու Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» հատորը:
Իբրեւ վերապրողներու զաւակ ու անոնց տառապանքներուն ժառանգորդը, նաեւ իբրեւ բժիշկ՝ պարտք զգացինք անդրադառնալ Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու ոդիսականին, արթնութեան հրաւիրելու համար ներկայ դարուն ապրող բժշկական դասի բոլոր անդամները, յուշելու, որ մեր ճիտին պարտքն է չմոռնալ մեր նահատակ գործընկերները, հետապնդել մեր արդար դատը, մնալ պահանջատէր եւ գործել ի նպաստ արդարութեան եւ խաղաղութեան:
Երկարաշունչ ուսումնասիրութիւն մը կատարեցինք այս հատորի պատրաստութեան համար: Ուսումնասիրութիւնէն ի յայտ եկան հետեւեալ իրողութիւնները.
Հայ բժիշկները, ատամնաբուժները եւ դեղագործները, իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ընտրանիին մաս կազմող փաղանգ մը, անմասն չեն մնացած Հայոց Ցեղասպանութենէն, որ որոշուեցաւ, ծրագրուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ թուրք ազգայնամոլ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու կողմէ, իսկ գործադրութիւնը կատարուեցաւ թուրք ջարդարար զինուորականներու, քաղաքացիներու, բժիշկներու եւ վարձկան խմբակներու կողմէ: Թուրքը չէ խնայած հայ բժիշկներու դասը, որ ամբողջական նուիրումով ծառայած էր հայրենիքին եւ թուրք ժողովուրդին: Թուրք բժիշկները եղած են առաջին մեղսակիցները հայ բժիշկներու, ատամնաբուժներու եւ դեղագործներու սպանութեան:
1915ին, Հայոց Ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն, հայ բժիշկներու մեծ խմբակ մը մնացած է հաւատարիմ բժշկական իր ասպարէզի բարոյախօսութեան, եւ գործած է իր միջավայրին մէջ, օգտակար հանդիսանալով թէ՛ հայերուն եւ թէ թուրքերուն, հակառակ անոր, որ անոնցմէ շատերը կորսնցուցած էին իրենց ընտանիքները եւ հարազատները:
Եղեռնի առաջին օրերուն, հայ բժիշկները իրենց արիւնակիցներուն հետ միասին ձերբակալուած են, բանտարկուած են, տարագրուած են եւ անմարդկային չարչարանքի ենթարկուած են թուրք ճիւաղային ձեռքերով, պարզապէս հայածին ըլլալու եւ հայ անունով մկրտուած ըլլալու պատճառով: Անոնք արժանապատուութեամբ մաս կազմած են հայ նահատակներու մեծ փաղանգին: Այս բոլորը թրքավայել վարձատրութիւնն էին հայ բժիշկներուն, որոնք դարձած էին ամբողջ Թուրքիոյ բժշկական մարզին հիմնական սիւները:
Հայ բժիշկներէն շատերը Ցեղասպանութեան տարիներուն իրենց բժշկական ծառայութեան եւ կամ ձերբակալութեան ու բանտարկութեան ընթացքին վարակուած են ժանտախտէ: Անոնք երկար տարիներ պայքարած են այս հիւանդութեան դէմ եւ ի վերջոյ մահացած են:
Որոշ թիւով հայ բժիշկներ, ականատես ըլլալէ ետք հայոց Ցեղասպանութեան աննախընթաց բոլոր փուլերուն եւ հայ ժողովուրդի տաժանակիր կեանքին ու անձամբ թրքական բանտերուն եւ զօրանոցներուն մէջ չարչարուելէ ետք, վերապրած են նախախնամութեան ներգործութեամբ: Անոնք եղած են ցիր ու ցան, տարածուած են աշխարհի չորս ծագերը եւ շարունակած են իրենց բժշկական առաքելութիւնը՝ ծառայելով համայն մարդկութեան անխտիր:
Երդմնադրուժ թուրք բժիշկներ իրենց արիւնարբու ձեռքերով խողխողած են հայրենիքին նուիրեալ հայ բժիշկները եւ եղած են դահճապետները իրենց գործակից, պարտաճանաչ հայ արհեստակիցներուն: Ջարդարար թուրք բժիշկները առաջնորդուած են մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ եւ կծու նախանձով՝ հայ բժիշկներու գերազանցութեան, բժշկական բարձր մակարդակին, հմտութեան, դիրքերուն եւ պաշտօններուն նկատմամբ:
Թուրք բժիշկներու այս դերակատարութիւնը բացայայտօրէն ի յայտ եկած են 1918-1919ի թրքական զինուորական դատավարութիւններուն ընթացքին, որոնք տեղի ունեցած են Իթթիհատ կուսակցութեան հինգ ղեկավարներու մասնակցութեամբ: Զինուորական դատարանին եզրակացութիւններուն համաձայն, հայկական ջարդերուն պարագլուխներէն եղած են հետեւեալ երդումնադրուժ թուրք բժիշկները. Նազիմ, Պահաէտտին Շաքիր, Սիւլէյման փաշա Նեման, Համիտ Սուատ, Ալի Սայիպ, Ֆայիք, Մեհմէտ պէյ Ռաշիտ, Ֆազիլ Պեքրի, Մեհմետ Հասան, Ասաֆ Մուշի, Ֆերիտոն, Շեւքէթ եւ Սանի Եաւէր:
Վերոյիշեալ թուրք բժիշկներուն կողքին հետեւեալ թուրք բժիշկները զանազան դերակատարութիւններով մասնակցած են Հայոց Ցեղասպանութեան՝ Իպրահիմ Թալի, Ֆուատ Սապի, Հիւսէին Ռիզա, Ռիֆքի, Սերվէթ, Հիլմի, Սիտքի, Էշրէֆ, Իզզէթ պըն էմին, Ապտալլա, Ռուշտի պէյ պըն Հաճի Հիւսէյն, Պեսիմ Զուհտի, Միտհատ, Զիա եւ Ֆեթհի:
Կարգ մը թուրք բժիշկներ անձամբ եւ կամ ուրիշներու մեղսակցութեամբ սուտ բժշկական վկայագրեր տուած են նահատակուած հայերու անունով: Օրինակի համար՝ Ուրֆայի թաղապետական բժիշկ Թահսին բժշկական սուտ վկայագիր տուած է ըսելով, որ Գրիգոր Զօհրապ սրտի տագնապով մահացած է Ուրֆայէն Տիարպէքիր ճամբորդած ատեն: Ասոր կողքին ոճրագործ բժիշկը ստիպած է տեղւոյն քահանային՝ Վանէս Օղլու Հայրապետին, որ վկայագիր մը տայ՝ ըսելով, որ կրօնական օրինաւոր թաղում ըրած է Գրիգոր Զօհրապին: Տէր Վանէս քահանան պարտադրաբար այդպիսի վկայագիր մը տուած է:
Ուրիշ թուրք բժիշկներ կատարած են նաեւ անմարդկային եւ հրէշային անդամահատումներ՝ շատ մը հայ աղջիկներու վրայ, յագեցնելու համար իրենց վատառողջ սեռային փափաքը: Շատեր խոստովանած են, թէ ինչ մեծ հաճոյքով եւ մոլեգնօրէն իրենց պապակը կը յագեցնէին անչափահաս՝ 12 տարիքը չբոլորած հայ պարմանուհիներու կուսութիւնը ըմբոշխնելով եւ դիտելով իրենց պղծած հայ անմեղուհիներու զոհաբերումը իրենց ձեռքով սարքուած բագիններու վրայ:
Թուրք ակնաբուժներէն ոմանք նոյնպէս ունեցած են շատ մեծ դերակատարութիւն: Անոնք փոխանակ դարմանելու իրենց ներկայացած հայ հիւանդներուն աչքերը, գործածած են այնպիսի դեղեր, որոնք պատճառած են տեսողութեան կորուստ: Այս բժիշկներէն մէկը Գոնիայի մէջ ըսած է իր թուրք գործակիցին. «Մենք պէտք է շաբաթը հայ մը կուրցնենք»:
Նահատակուած բժիշկներէն եւ դեղագործներէն անկախ, եղած են մեծ թիւով հայ բժիշկներ, դեղագործներ եւ բուժաշխատողներ, որոնք պատերազմի, տեղահանութեան եւ Ցեղասպանութեան պատճառով կորսնցուցած են իրենց ընտանիքի անդամները եւ հարազատները, պապենական կալուածներն ու տուները, ինչքն ու հարստութիւնը, եւ մազապուրծ փախչելով՝ ապաստան գտած են հարեւան երկիրներու մէջ: Հետագային, անոնք ցրուած են աշխարհի չորս ծագերը եւ մաս կազմած են այսօրուան տխուր իրողութիւնը հանդիսացող ՍՓԻՒՌՔին: Անոնց մէկ մասը իր վախճանը գտած է օտար ափերու կամ ձուլուած է տեղաբնակ ժողովուրդներուն մէջ:
Եղած են նաեւ մեծ թիւով հայ բժիշկներ, դեղագործներ, ատամնաբուժներ, որոնք ձերբակալուած են ու բանտարկուած՝ Չանղըրըի եւ Այաշի բանտերուն մէջ, ենթարկուած են տաժանակիր չարչարանքներու, սակայն բախտի բերմամբ ազատած են ստոյգ մահէն: Անոնք վերադարձած են Պոլիս եւ վերապրած են: Եղած են անուանի բժիշկներ եւ հանրածանօթ ազգային-հասարակական գործիչներ, կուսակցականներ եւ մտաւորականներ: Վերապրողներէն շատերը հեռացած են Թուրքիայէն եւ հաստատուած են հայկական հեռաւոր գաղթօճախներ, ուր իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը բերած են տեղւոյն հայերուն:
Այս ուսումնասիրութիւնէն ի յայտ եկած էր հետեւեալ վիճակագրական արդիւնքները.
1. Նահատակուած են 198 բժիշկ, 16 ատամնաբուժ, 100 դեղագործ եւ 2 անասնաբուժ: Նահատակուողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 316:
2. Ժանտախտէ մահացած են 54 բժիշկ, 4 ատամնաբուժ եւ 21 դեղագործ: Ժանտախտէ մահացածներուն ընդհանուր թիւը եղած է 79:
3. Վերապրած են 71 բժիշկ, 17 դեղագործ, 7 ատամնաբուժ եւ 2 անասնաբուժ: Վերապրողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 97:
Այս բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն մեծամասնութիւնը ծառայած է օսմանեան բանակին: Անոնք իրենց ուսումը ստացած են Պոլսոյ Օսմանեան կայսերական բժշկական համալսարանէն, Պէյրութի Ամերիկեան եւ Ֆրանսական համալսարաններու բժշկական դպրոցներէն, մաս մըն ալ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի բժշկական համալսարաններէն:
Այս գիրքի հրատարակութենէն ետք, երկու տարի շարունակեցինք մեր պրպտումները եւ կարողացանք գտնել նահատակուած մէկ բժիշկի եւ մէկ անասնաբուժի, վերապրած 87 բժիշկներու, 22 ատամնաբուժներու եւ 37 դեղագործներու անունները, ընդհանուրը՝ 146 վերապրող: Այս վիճակագրական տեղեկութիւնները մանրամասնօրէն որպէս յաւելուած յիշած ենք 2022ի սկիզբը հրատարակուած «Բժիշկին Զ. Խօսքը» հատորին մէջ:
Յաւելեալ պրպտումներոով գտած ենք երեք վերապրող բժիշկներու անունները՝ Գարեգին Վարդապետեան, Նաւասարդ Տէյիրմէնճեան եւ Վարազդատ Գազանճեան:
Ուրեմն Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրող բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ընդհանուր թիւը կ՛ըլլայ՝ 246:
Յաւակնութիւնը չունինք ըսելու, որ այս վիճակագրութիւնները ամբողջական են եւ մեր կատարած ուսումնասիրութիւնները անթերի ու կատարեալ են:
Վերապրող բժիշկները, ատամնաբուժներն ու դեղագործները ունեցած են բեղուն գործունէութիւն իրենց ասպարէզին մէջ, ուր որ ալ գտնուած են:
Անոնցմէ շատերը իրենց ասպարէզին հետ զուգահեռ, եղած են մտաւորական, քաղաքական գործիչ, թեմական պատասխանատու անձնաւորութիւն եւ ղեկավար: Անոնք ունեցած են ազգային-քաղաքական մեծ դերակատարութիւն հայկական իրականութեան մէջ: Անոնց պիտի անդրադառնանք առանձնաբար:

ԴԵՂԱԳՈՐԾ ՅՈՎՍԷՓ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ
Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան* ծնած է 1895ին, համիտեան ջարդերու օրերուն Եդեսիա (Ուրֆա): Ան զաւակն է Պետրոս եւ Եղիսաբեթ Ալահայտոյեաններուն: Յովսէփ ունեցած է երկու եղբայրներ՝ Մովսէս եւ Յարութիւն, եւ չորս քոյրեր՝ Ֆէրիտէ, Հռիփսիմէ, Եղիսաբեթ եւ Մարի, որոնք բոլորն ալ ազատած են ջարդէն եւ հասած են Հալէպ:
Ալահայտոյեան գերդաստանին բուն մականունը եղած է Եկներեան, սակայն կենցաղային պատճառով մը փոխուած է եւ եղած է Ալահայտոյեան:
1895ին, համիտեան ջարդերու օրերուն, երբ Յովսէփ եօթը կամ ութ ամսու ծծկեր եղած է, թուրքերը իրենց տունը խուժած են եւ կողոպտած են իրենց ստացուածքները:
Յովսէփ յաճախած է ծննդավայրին Հայ Աւետարանական երկրորդական վարժարանը եւ շրջանաւարտ եղած է 1910ին: 1910-1912ին, իբրեւ դեղագործի օգնական, աշխատած է Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցին մէջ բժիշկ Ֆիշըրի եւ Եագոպ Քիւնցլերի հետ:
1912ին Դամասկոս մեկնած է իր ընկերոջ՝ Յովհաննէս Նագգաշեանի հետ եւ ուսանած է բժշկական դպրոցին մէջ: Յովհաննէս Նագգաշեան մուտքի քննութիւններու մէջ ձախողելով վերադարձած է Ուրֆա: Յետագային Յովհաննէս կը դառնայ Եդեսիոյ հերոսամարտի մասնակիցներէն մէկը: Դամասկոսի բժշկական դպրոցին փակումին պատճառով, Յովսէփ 1914ին վերադարձած է ծննդավայրը եւ վերսկսած է աշխատիլ Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցին մէջ:
1915ի Սեպտեմբերին, թուրք զինուորներ հաւաքած են Եդեսիոյ անուանի հայերը: Յովսէփին հայրը՝ Պետրոս Ալահայտոյեան, ձերբակալուած է իր տան մէջ եւ եղբօրը հետ սպաննուած է տան բակին մէջ: Թուրքեր առեւանգած են Յովսէփին 9 տարեկան Յարութիւն եղբայրը:

Հազարաւոր գաղթականներ Խարբերդէն, Տիգրանակերտէն, Մելիտինէէն եւ Ատըեամանէն Եդեսիա կը հասնին եւ Միլլէթ Խան կ՛ապաստանին: Յովսէփ գերմանական հիւանդանոցի հիւանդապահուհիներուն հետ Միլլէթ Խան կ՛երթայ, հայ վիրաւորները կը բուժէ եւ հարիւրաւոր հայ աղջիկներ կ՛ազատէ: Ան Միլլէթ խանին մէջ կը գտնէ իր մայրը, քոյրերը եւ երկու եղբայրները: Յովսէփ գերմանական հիւանդանոց կը տեղաւորէ մայրը, քոյրերը եւ եղբայրները, Եագոպ Քիւնցլերի կարգադրութեամբ: Յովսէփ գերմանական հիւանդանոցին մէջ աշխատած միջոցին, կը տեսնէ հայ գաղթականներուն չարչարանքը, թշուառութիւնը, անօթութիւնը եւ հոգեկան անկումը:
1915ի Եդեսիոյ հերոսամարտի օրերուն, Յովսէփ կը ձերբակալուի թուրքերուն կողմէ, զինուորական ատեան կը տարուի ու կը բանտարկուի բժիշկ Արմենակ Ապուհայթայեանի հետ: Տարի մը բանտարկուած մնալէ ետք, 1916ին կը ղրկուի Այնթապի զօրանոցը եւ ապա՝ Հալէպի զօրանոցը, ծառայելու համար թրքական բանակին մէջ իբրեւ դեղագործ զինուորական: Թուրք իշխանութեան արտօնութեամբ, ան Պէյրութ կը մեկնի, շարունակելու համար իր բժշկական ուսումը: Կ՛ուսանի Պէյրութի Ֆրանսական համալսարանի դեղագործութեան դպրոցին մէջ եւ կը վկայուի 1916ի վերջերուն:
Ան կը վերադառնայ Դամասկոս եւ կ՛աշխատի իբրեւ դեղագործ, թէ՛ Դամասկոսի եւ թէ Հոմսի օսմանեան բանակի զօրաբաժիններուն մէջ, մինչեւ 1918: Ապա կը մեկնի Պէյրութ եւ կը միանայ կամաւորական շարժումին:
Ֆրանսական ռազմանաւով կը փոխադրուի Մերսին եւ ապա՝ Ատանա, ուր կը ծառայէ ֆրանսական զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Շուտով կը միանայ Եդեսիոյ գերմանական հիւանդանոցի անձնակազմին, իբրեւ դեղագործ, եւ ականատես կը դառնայ Եդեսիա վերադարձած հայերու վերաշինութեան աշխատանքներուն:
Կիլիկիոյ պարպումի շրջանին, Եդեսիոյ հայերը երկրորդ անգամ ըլլալով կը գաղթեն դէպի Հալէպ: Յովսէփ եւս կը լքէ Եդեսիան եւ երեք ընկերներով կը հասնի Հալէպ, հոնկէ՝ Պէյրութ, ուր կը հաստատէ իր սեփական դեղատունը:
Յովսէփին մայրը, քոյրերը եւ եղբայրները, որոնք մնացած էին Եդեսիա, Քիւնցլերի օգնութեամբ կը ղրկուին Հալէպ եւ ապա՝ Պէյրութ, ուր արդէն Յովսէփ սեփական դեղարանը հաստատած էր 1923ին: Յովսէփ իր դեղարանը բացած ատեն դրամ չէ ունեցած, իրեն նիւթապէս օգնած է ազնուական հայ մը՝ պրն. Գալբաքեանը, որ բարի մարդ ըլլալուն, շրջանակին մէջ ծանօթ էր «խաղաղութիւն» մակդիրով, ուստի, դեղարանն ալ կը կոչուի «Դեղարան Խաղաղութիւն»:

«Դեղարան Խաղաղութիւն»ը եղած է պէյրութահայութեան հանրածանօթ դեղարանը: Հոն դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեանին հետ գործած են որպէս վաճառողներ՝ Փիէր Արսլանեան եւ Աբօ Ոսկերիչեան, իսկ Ժորժ Խաչատուրեան եւ Սմբատ Գույումճիան՝ որպէս օգնական դեղագործներ: Շատ մը դեղագործութեան ուսանողներ իրենց փորձառական շրջանը անցուցած են դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեանի հսկողութեան տակ: Անոնք մեծապէս օգտուած են անոր գիտական ցուցմունքներէն:
Դեղարանը գործած է մինչեւ 1975ի վերջերը, երբ ծագած է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը: Դեղարանը կողոպտուած է պատերազմի վատ օրերուն եւ դադրած է գործելէ:
Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան 34 տարեկանին Պէյրութի մէջ կ՛ամուսնանայ կերմիրցի 17 տարեկան Բերկրուհի Սահակեանի հետ, 30 Յուլիս 1931ին:
Յովսէփ եւ Բերկրուհի կը բախտաւորուին երեք աղջիկ եւ մէկ մանչ զաւակներով.
– Յասմիկ, ծնած է 3 Օգոստոս 1932ին, մահացած է 2.5 տարեկանին, բորբոքումային ծանր վարակէ մը:
– Պետրոս, ծնած է 29 Նոյեմբեր 1934ին:
– Յասմիկ-Սաթենիկ, ծնած է 13 Հոկտեմբեր 1936ին:
– Ռուբինա, ծնած է 28 Ապրիլ 1943ին: Ռուբինա Պէյրութի մէջ ամուսնացած է բժիշկ Արթինեանի հետ: Անոնց դուստրը՝ Շուշան Արթինեան Թոքաթլեան 2016ին գրած է My Grandparents’Odyssey: From Urfa and Germir to Beirut գիրքը:
Դեղագործ Յովսէփ Ալահայտոյեան եղած է Լիբանանի Ուրֆացիներու միութեան հիմնադիրներէն մէկը, ինչպէս նաեւ Լիբանանի Համազգայինի վարչութեան անդամ եւ հաշուապահ-գանձապահը երկար տարիներ: Ան տիրապետած է եօթը լեզուներու՝ հայերէն, արաբերէն, թրքերէն, քրտերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, եւ գերմաներէն: Ան ունեցած է բեղուն գործունէութիւն որպէս դեղագործ եւ որպէս հայ ազգային մարդ:
Ան պարգեւատրուած է լիբանանեան կառավարութեան կողմէ «Ոսկէ մետալ»ով, 17 Յունիս 1972ին Լիբանանէն ներս 50 տարիներու իր դեղագործութեան ասպարէզին մէջ մարդասիրական ծառայութիւններուն համար:
Ան մահացած է 1982ին: Իր մահէն առաջ, ան սկսած է գրել իր յուշերը հատորի մը հրատարակութեան համար, որ չէ իրականացած:
* Օգտագործած եմ Յովսէփ Ալահայտոյեանի թոռնիկին՝ Շուշան Արթինեան Փոքաթլեանի My Grandparents՛ Odyssey: From Urfa and Germir to Beirut գիրքը:
ԲԺԻՇԿ ԱՒԵՏԻՍ ԻՆՃԷՃԻՔԵԱՆ
Բժիշկ Աւետիս Ինճէճիքեան ծնած է Քեսապ, 1884ին: Նախնական ուսումը ստացած է Քեսապի մանչերու աւետարանական վարժարանին մէջ: Գացած է Այնթապ եւ ուսանած է տեղւոյն քոլէճին մէջ (որ նաեւ Կենդրոնական Թուրքիոյ քոլէճ կը կոչուէր), աւարտած է 1907ին: Վերադարձած է Քեսապ եւ երկու տարի ուսուցչութիւն ըրած է:

1912ին մեկնած է Պէյրութ եւ բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի բժշկական դպրոցին մէջ:
1914ին ամուսնացած է քեսապցի բժիշկ Սողոմոն Աբէլեանի պեհեսնիցի դստեր հետ:
1915ին ձգած է ուսումը եւ տարագրուած է ընտանեօք: Շրջան մը կը մնայ Ճըսըր Շուղուր, Սուրիա, ապա աներոջ՝ բժիշկ Սողոմոնին հետ կը հաստատուի Հալէպ եւ կը ծառայէ օսմանեան բանակին մէջ:
Զինադադարէն ետք, կը վերադառնայ Պէյրութ եւ կը շարունակէ բժշկական ուսումը: Կը վկայուի 1919ին:
1920-1922ին կը գործէ Սուէտիոյ մէջ, իբրեւ քաղաքապետական բժիշկ: Կը վերադառնայ Քեսապ, 1923ին:
1924ին կ՛ընտրուի Սուրիոյ Երեսփոխանական ժողովի անդամ՝ Անտիոքի եւ Քեսապի շրջանէն: Կը վերընտրուի 1925ին:
Քաղաքական պատճառներով կը հաստատուի Խարթում, Սուտան, եւ հոն կը գործէ երկու տարի, իբրեւ բժիշկ:
1928ին կը վերադառնայ Քեսապ, կը սկսի ծառայել Քեսապի հայութեան եւ այդպէս կը շարունակէ մինչեւ իր մահը, 1976:
Պէյրութի մէջ ուսանողութեան շրջանին, կը դառնայ տեղւոյն ՀՅԴի անդրանիկ անդամներէն մէկը: 1905ին կ՛ըլլայ Պէյրութի «Զաւարեան» ուսանողական միութեան անդամ, իսկ աւելի ուշ, կ՛ըլլայ Քեսապի մէջ կազմուած ՀՅԴի միաւորին հիմնադիրներէն մէկը:
1910ին, խումբ մը երիտասարդներու հետ կը հիմնէ Քեսապի Ուսումնասիրաց միութիւնը: Խարթումէն վերադառնալէ ետք, կը ղեկավարէ այս միութիւնը:
Իր ջանքերով կը հիմնուի Քեսապի Միացեալ վարժարանը: Ան կը դառնայ Միացեալ վարժարանին արտօնատէրը յաչս պետութեան:
1914ին կը մասնակցի Կարինի մէջ կայացած ՀՅԴի երկրորդ համագումարին:
Եղած է ՀՅԴի հաւատաւոր եւ անսակարկ ծառայող եւ գործող անդամ:
Իր ծառայութիւնները ի սպաս դրած է Քեսապի ամբողջ հայութեան, բոլոր յարանուանութիւններուն, Օգնութեան խաչին, ՀՄԸՄին եւ կրթական մարմիններուն:
Բժիշկ Աւետիս Ինճէճիքեան մեծ դեր ունեցած է Քեսապի քաղաքապետարանի կազմութեան մէջ, 1923ին: Երկար ատեն եղած է Քեսապի քաղաքապետական բժիշկ: Իրականացուցած է քաղաքապետական եւ ժողովրդական ձեռնարկներ, մանաւանդ ջուրի, ելեկտրականութեան, բարեկարգումի մարզերուն մէջ:
Եղած է յարգուած բժիշկ ո՛չ միայն հայերուն, այլ նաեւ Քեսապի արաբ, ալաուի, յոյն եւ թուրք բնակիչներուն եւ անոնց ղեկավարներուն կողմէ:
Եղած է ծառայասէր բժիշկ, դարմանած է հիւանդներուն ախտերը սիրով եւ հոգածութեամբ, բուժած է մարդոց հոգեկան տառապանքներն ու դժուարութիւնները:
Ծառայած է անսակարկ, առանց ակնկալութեան, եղած է բարեխնամ, բարեսիրտ, ուսումի եւ կրթութեան ու հայեցի դաստիարակութեան նուիրեալ մարդ: Ան արդարամիտ, անկողմնակալ եւ շրջահայեաց անձ մըն էր:
Բժիշկ Աւետիս Ինճէճիքեան մահացած է 1976ին եւ թաղուած է իր սիրելի ծննդավայրին՝ Քեսապի մէջ:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. «Լոս Անճելըսի Քեսապի Ուսումնասիրաց Միութեան Տարեգիրք», 1977:
2. «Լոս Անճելըսի Քեսապցիներուն Ուսումնասիրաց Միութիւն, Քեսապն ու Քեսապցին», Լոս Անճելըս, 2011:
3. «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին», բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան, Մոնթրէալ, 2022:
4. «Քեսապ», Գ. Հատոր, Յակոբ Չոլաքեան, Հալէպ, 2004:
ԲԺԻՇԿ ԱՍԱՏՈՒՐ ԱԼԹՈՒՆԵԱՆ

Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան ծնած է Սեբաստիա, 21 Մարտ 1857ին: Շրջանաւարտ եղած է Այնթապի բժշկական եռամեայ քոլէճէն 1881ին: 1881-84ին աշակերտած է տեղւոյն ամերիկացի բժիշկ Վէյչսին, ապա եղած է անոր օգնական բժիշկը: 1884ին մասնագիտական ուսման հետեւած է Նիւ Եորքի «Քոլոմպիա» բժշկական համալսարանին մէջ, ուրկէ վկայուած է 1885ին: Իր թէզը եղած է՝ «Հալէպի Վէրք»ը: Ան եզրակացուցած է, որ այս հիւանդութիւնը հետեւանք է միջատի մը խայթուածքին, եւ ո՛չ թէ այլ պատճառի: Դարմանումի համար յանձնարարած է ձկան իւղ եւ մանիշանիւթ (tincture of iodine): Ապա, կատարելագործած է իր մասնագիտութիւնը իբրեւ վիրաբոյժ՝ Գերմանիոյ Հայտելպէրկ քաղաքի բժշկական հաստատութիւններուն մէջ:
1887ին, բժիշկ Ասատուր Ալթունեանին շնորհուած է փրոֆեսորի տիտղոս: Նոյն տարին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ արտօնագիր ստացած է Թուրքիոյ մէջ աշխատելու, իբրեւ բժիշկ: Քանի մը ամիս աշխատած է Այնթապի բժշկական քոլէճին մէջ, սակայն Ապտուլ Համիտի բռնակալութեան օրերուն բժշկական ճիւղը արգիլուած ըլլալով Այնթապի քոլէճին մէջ, կրկին մեկնած է Եւրոպա եւ աշխատած է անուանի բժշկական կեդրոններու մէջ: Պերլինի մէջ 6 ամիս աշխատած է բժիշկ Ռոպերթ Կոխի մանրէաբանական հաստատութեան մէջ: 1888ին աշխատած է Վիեննայի եւ ապա Լոնտոնի բժշկական հաստատութիւններու մէջ:
1889ին մեկնած է Հալէպ, իր տիկնոջ՝ Հարիյէթ Մարթա Ռիտալի հետ, որ հիւանդապահուհի էր Այնթապի «Ազարիէ» հիւանդանոցին մէջ:
Հալէպի մէջ հիմնած է իր նախնական հիւանդանոցը, իսկ 1911ին շինած է նոր, քարաշէն «Ալթունեան» հիւանդանոցը՝ Հալէպի Ազիզիէ թաղամասին մէջ, արդիական բոլոր սարքերով՝ անձնական ելեկտրականութիւն, ջրամբար եւ դեղարան: Ալթունեան հիւանդանոցը գործած է մինչեւ 1962:
Հիւանդանոցին մէջ, բժիշկ Ասատուր Ալթունեանին գաղտնաբար օգնութեան հասած է իր դուստրը՝ Նորան, հակառակ տեղական օրէնքներուն:
1927ին, հիւանդանոցին մէջ հիմնած է բուժքոյրերու դպրոց, իր զաւակին՝ բժիշկ քոլոնէլ Էրնէսթ Ալթունեանի գործակցութեամբ եւ զբաղած է որակեալ բուժքոյրերու պատրաստութեամբ:
Պարբերաբար ան այցելած է Եւրոպա եւ բժշկական առաջատար համալսարաններու մէջ հետեւած է բժշկական տարբեր մասնագիտութիւններու:
1937ին եղած է Հալէպի բժիշկներու միութեան պատուոյ նախագահը:
1939ին արժանացած է Նիւ Եորքի վիրաբոյժներու միջազգային քոլէճի «տոքթոր գիտական աստիճան»ին:
Բժիշկ Ասատուր Ալթունեան Հալէպի մէջ զբաղած է նաև ազգանուէր գործունէութեամբ: Ան բարեխօսած է Ճեմալ փաշային մօտ, որպէսզի արգելք չհանդիսանայ պատուելի Ահարոն Շիրաճեանի որբահաւաքի աշխատանքներուն: Մեծապէս օգտակար հանդիսացած է հայ գաղթականներուն:
Գործակցած է տեղւոյն Հայ Կարմիր Խաչին հետ: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է հալէպահայութեան առողջապահական վիճակի բարելաւման մէջ:
Հալէպի ժողովուրդը զինք կոչած է «Հալէպի բժիշկներու հայր»:
Երկար տարիներ աշխատելով Հալէպի իր հիւանդանոցին մէջ, ձեռք բերած է մեծ համբաւ ու ժողովրդականութիւն, ո՛չ միայն Հալէպի մէջ, այլեւ ամբողջ Սուրիոյ տարածքին եւ նոյնիսկ Սուրիայէն դուրս:

Եղած է անուանի վիրաբոյժ: Կատարած է հարիւր հազարէ աւելի վիրաբուժական գործողութիւններ: Եղած է առողջապահութեան կազմակերպիչ, հասարակական եւ ազգային գործիչ:
Մասնակցած է Հալէպի հայկական որբանոցի հիմնադրման. հոն ապաստան գտած էին 1915ի Ցեղասպանութենէն փրկուած շուրջ 200 երեխաներ: Անձամբ զբաղած է անոնց կենցաղային, անձնական առողջապահութեան եւ բուժման կարիքներով:
Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի առողջապահութեան զարգացման իր տարած աշխատանքին համար, արժանացած է Սուրիոյ կառավարութեան շքանշաններուն:
Ան արժանացած է նաեւ իտալական »Գահի ասպետ« (1914), սուրիական »Արքունեաց« (1931 եւ 1939) ու «Գերագոյն» (1950) աստիճանի շքանշաններուն եւ Նիւ Եորքի վիրաբոյժներու միջազգային քոլէճի «Ոսկէ մետալ»ին (1939):
Մահացած է Հալէպ, 4 Յունուար 1950ին, եւ թաղուած է Հալէպի Հայ աւետարանական Էմանուէլ եկեղեցւոյ բակին մէջ: Իր մահէն ետք, զաւակը՝ Էրնէսթ, կը վտարուի երկրէն եւ հիւանդանոցը կը փակուի 1962ին:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, «Ալթունեան Ասատուր», «Բժիշկին Զ. Խօսքը», Մոնթրէալ, 2022:
2. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Ալթունեան Ասատուր. Հայազգի Բժիշկ-Գործիչներ», Երեւան, 2020:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՀՐԱՄ ԹՈՐԳՈՄԵԱՆ

Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան ծնած է Պոլիս, 20 Ապրիլ 1858ին: Վկայուած է Փարիզի Բժշկական համալսարանէն, 1884ին: Վերադարձած է Պոլիս եւ գործած է իբրեւ բժիշկ եւ եղած է Կայսերական բժշկական ընկերութեան փոխնախագահ: Երկար տարիներ եղած է Պոլսոյ Հայկական բժշկական միութեան նախագահը:
1886էն սկսեալ, ան զբաղած է ազգային հասարակական գործերով: Եղած է Պոլսոյ Ազգային Կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ, Առողջապահութեան խորհուրդի անդամ եւ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ: Հրատարակած է բժշկական նիւթերով հարուստ դպրոցական գրքոյկներ եւ մամուլին մէջ գրած է բանասիրական յօդուածներ:
Երկար տարիներ նուիրուած է հայ բժշկութեան պատմութեան եւ 18-19րդ դարերու հայ բժիշկներու կենսագրութեան պատրաստութեան: Աշխուժօրէն մասնակցած է Պոլսոյ եւ Փարիզի հայ բժիշկներու, բժշկական պատմութեան ֆրանսական ընկերութիւններու գործունէութիւններուն եւ միջազգային համաժողովներու: Գրած է Վիեննայի «Հանդէս Ամսօրեայ»ին եւ Եւրոպայի տարբեր պարբերականներու մէջ, հայ բժշկութեան եւ հայ հին բժիշկներու մասին: Եղած է յարգելի անձնաւորութիւն հայկական, ինչպէս նաեւ թրքական պետական շրջանակներու մէջ:
Եղած է ապագայ սուլթան Ապտուլ Մեճիտ Բ.ի անձնական բժիշկը՝ ամբողջ 20 տարի:
Գրիգոր Զօհրապի հետ տարած է մեծ աշխատանք Ապտուլ Մեճիտի մօտ, հայկական ջարդերը կանխարգիլելու միտումով:
24 Ապրիլ 1915ին ձերբակալուած է մեծ թիւով հայ մտաւորականներու հետ եւ բանտարկուած՝ Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ: Անկէ փոխադրուած է բոլոր բանտարկեալներուն հետ նախ՝ Այաշ, եւ ապա՝ Չանղըրըի բանտը: Բարեբախտաբար ազատ արձակուած է մեծ վեզիր Սայիտ Հալիմ փաշային հրամանով, Ապտուլ Մեճիտ իշխանի անձնական միջնորդութեամբ: 20 Մայիս 1915ին, ազատ արձակուելէ ետք, վերադարձած է Պոլիս:
2 Ապրիլ 1916ին, դժուար պայմաններու մէջ տեղափոխուած է Տէր Զօր, ապա՝ Հալէպ: 1918ին, Հալէպի մէջ հիմնած է «Ազգային համախմբում»ը, համախմբելու համար կոտորակուած հայերու բեկորները:
1918-20ին, իբրեւ Կարմիր Խաչի հայկական բաժինի նախագահ, աջակցած է եւ նիւթական ու բարոյական ներդրում բերած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան:
1923ին տեղափոխուած է Փարիզ եւ հիմնականին մէջ զբաղած է հայ բժշկութեան պատմութեամբ եւ բանասիրութեամբ: Դարձած է Փարիզի Հայ բժիշկներու միութեան նախագահը: Հոն, երեք տարի ուսումնասիրած է Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան մատենադարանի եւ Փարիզի Ազգային գրադարանի հայկական բժշկական ձեռագիրները: Ասոնց վերաբերեալ իր ուսումնասիրութիւնները հրատարակած է Մխիթարեան միաբանութեան «Բազմավէպ»ին մէջ:
Իր երկարամեայ բանասիրական գործունէութեան ընթացքին տպագրած է հասարակական մտքի պատմութեան վերաբերող շուրջ հարիւր աշխատասիրութիւններ:
Արժանացած է ֆրանսական »Փալմ Ակաթեմիք« պատուանշանին: Պարգեւատրուած է Բժշկութեան պատմութեան միջազգային քոնկրեսի մետալով եւ ռումանական բժիշկ-պատմաբաններու ընկերութեան շքանշանով: Արժանացած է ֆրանսական կառավարութեան «Ակադեմիայի սպայ» պատուաւոր կոչման:
Մահացած է 84 տարեկանին 11 Օգոստոս 1942ին:
Անոր անձնական հարուստ արխիւները պահուած են Երեւանի Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ:
Թորգոմեանի գրչին կը պատկանին հետեւեալ աշխատասիրութիւնները՝ «Բժիշկ Տոքթ. Վիչէն Էֆէնտին», «Դիցումն», «Յիսնամեակ Բժիշկ Տոքթ. Հ.Պ. Մաթէոսեանի», «Ստեփան Բժիշկ Շէհրիմանեան» եւ «Տեղեկագիր Հայ Բժշկութեան»:
Իր այլ կարեւոր աշխատասիրութիւններն են.
ա. «Արդի Հնդկահայ Բժիշկները», Վիեննա, 1896.
բ. «Դպրոցներու Առողջապահութիւնը», Վենետիկ, 1908.
գ. «Երեմիա Չելեպիի» 3 Հատորնոց «Պատմութիւն Ստամպոլայ» «Չափածոյ Երկը», Վիեննա, 1913.
դ. «Հարիւրամեակ Ռեստէնի Բժշկական Հրատարակութեան», Վենետիկ, 1922.
ե. «Հայ Բժշկական Արձանագրութիւն», Վենետիկ, 1931.
զ. «Դպրոցական Առողջապահութիւն».
է. «Համալսարանական Հին Հայ 40 Բժիշկներ».
ը. «Հայ Բժշկական Ձեռագիրք».
թ. «Հայուհիները Հայ Բժշկութեան Պատմութեան Մէջ.»
ժ. «Ֆրանսական Երկու Աշխատասիրութիւններ՝ 1919ին ու 1925ին»:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին», Մոնթրէալ, 2018.
2. Մինասեան, Յարութիւն, բժիշկ, «Օսմանեան Կայսրութիւնում, Թուրքիայի Հանրապետութիւնում Եւ Յարակից Տարածքներում Բռնաճնշումների Եւ Ցեղասպանութեան Ենթարկուած Հայ Բժիշկներ. Համառօտ Կենսագրական Բառարան», Երեւան, 2014:
3. «Ով Ով Է. Հայեր», կենսագրական հանրագիտարան., հատոր Ա., Երեւան, 2005:
4. «Ուիքիփիտիա»:
ԲԺԻՇԿ ՍՈՂՈՄՈՆ ԱԲԷԼԵԱՆ

Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեան ծնած է Քեսապ, 1868ին: Զաւակն է քեսապցի Գէորգ Աբէլեանին: Ունեցած է երկու եղբայր եւ չորս քոյր: Իբրեւ բժիշկ վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Բժշկական դպրոցէն, 1890ին: Եղած է առաջին հայ շրջանաւարտ բժիշկը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն:
Վերադառնալով Քեսապ, աշխատած է մինչեւ 1901: 1901-1908 եղած է Անտիոքի քաղաքապետութեան բժիշկը: Մեծ դերակատարութիւն ունեցած է 1909ին, Քեսապի հայ համայնքի կազմակերպման աշխատանքներուն մէջ, թուրքերուն կազմակերպած սպանդէն ետք:
1914ին, զինակոչուած է օսմանեան բանակ եւ ծառայած է Վանի, Թիֆլիսի եւ Պոլսոյ մէջ: Զինուորական ծառայութենէն ետք վերադարձած է Քեսապ եւ հոն գործած է մինչեւ իր մահը՝ 1945:
Բժիշկ Սողոմոն Աբէլեան պաշտօնավարած է Հալէպի զինուորական հիւանդանոցին մէջ, իբրեւ բժշկապետ: Նոյն հիւանդանոցին մէջ աշխատած է իր փեսան՝ բժիշկ Աւետիս Ինճէճիքեանը, իբրեւ բանակային բժիշկ:
Իր եղբայրը՝ Պետրոս Աբէլեան, շնորհիւ միսոնարուհի (աւետարանիչ) Միս Չամպըրզի, 1907ին կրթանպաստ ստանալով անցած է Ամերիկա եւ Այոայի Northern համալսարանին մէջ ուսանած է աստուածաբանութիւն եւ դարձած է ձեռնադրեալ պատուելի:
Ան եղած է եկեղեցասէր, ուղղամիտ, արդար, ուսումնասէր եւ ազգային գործիչ: 1909ի աղէտէն ետք, մաս կազմած է Օգնութեան յանձնախումբին:
Ամուսնացած է Այնթապի Աղջկանց ամերիկեան բարձրագոյն վարժարանէն շրջանաւարտ՝ պեհեսնիցի(*) Ովսաննա Առաքելեանի հետ: Անոնք բախտաւորուած են երկու աղջիկ եւ չորս մանչ զաւակներով: Անոր Մարի անունով դուստրը ամուսնացած է քեսապցի բժիշկ Աւետիս Ինճէճիքեանի հետ:
Բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեանը իր չորս մանչ զաւակներէն մէկն է:

(*) Պեհեսնի քաղաքը կը գտ-նուէր Մարաշ, Այնթապ, Ուրֆա եւ Մալաթիա քաղաքներուն միջեւ եւ անոնցմէ 100-150 քլմ. հեռաւորութեան վրայ:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան, Կարպիս, բժիշկ, «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին», Մոնթրէալ, 2018:
2. Աբէլեան Ս. Ալպէրթ, «Քեսապ Եւ Իր Գիւղերը», Պէյրութ, 2002:
3. Չոլաքեան Յակոբ, «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004:
4. Apelian, H. Vahe, “Apelian, Albert MD, a Social Diagnostician”. As well, V. H. Apelian’s Blog, August 1, 2018:
ԲԺԻՇԿ ԱԼՊԷՐԹ ԱԲԷԼԵԱՆ

Բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեան ծնած է Քեսապ, Սուրիա, 4 Նոյեմբեր 1893ին: Ան զաւակն է բժիշկ Սողոմոն եւ Ովսաննա Աբէլեան ամոլին: Ունեցած է երեք եղբայր եւ երկու քոյր:
Նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսումը ստացած է Քեսապի մէջ, ապա բարձրագոյն ուսումը՝ Այնթապի Կեդրոնական Թուրքիոյ քոլէճէն: Իբրեւ աւարտաճառ՝ պատրաստած է «Քեսապ Եւ Իր Գիւղերը» հատորը, որ արժանացած է բարձր գնահատանքի: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Բժշկական դպրոցին մէջ եւ վկայուած է 1917ին: Շուտով զինակոչուած է օսմանեան բանակ՝ ենթասպայի աստիճանով, եւ ծառայած է Նապլուսի մէջ, պաղեստինեան ճակատին վրայ: Պատերազմէն ետք, Հոմսի եւ Ճըսր Շուղուրի քեսապցի գաղթականները փոխադրած է Քեսապ: 1920ին, գաղթած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ հաստատուած է Մեսեչուսեց նահանգի Պոսթըն քաղաքը, ուր իբրեւ մանկաբուժ գործած է իր անձնական դարմանատան, ինչպէս նաեւ հիւանդանոցներու մէջ: Անդամակցած է Մեսեչուսեցի եւ ամերիկեան բժշկական միութիւններու: Ամուսնացած է 1923ին, Զապէլ Առաքելեանի հետ. ամոլը բախտաւորուած է երեք դուստրերով:
Բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեան, տեսնելէ ետք Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ անոր հետեւանքով հայ ժողովուրդի թուային նօսրացումը եւ ֆիզիքական ու հոգեկան ախտավարակ երեւոյթները, որոշած է իր գիտական-բժշկական մտապաշարը ի սպաս դնել հայ ժողովուրդի եւ ի մասնաւորի՝ հայ նոր սերունդի հայօրէն զարգացման, աճման եւ հզօրացման: Իր բժշկական ասպարէզին ընդմէջէն՝ ան փորձած է արտացոլել իր հայկականութիւնը՝ գրելով հայերէն բժշկական-առողջապահական գիրքեր, որոնք եղած են աղբիւր բժշկական գիտելիքներու: Ան բժշկական գրականութեան մէջ մուտք գործած է հայերէն լեզուով եւ այդ ըրած է մեծ հաճոյքով, իբրեւ հայ բժիշկի պարտականութիւնը հանդէպ իր արենակիցներուն:
Բժիշկ Ա. Աբէլեան հայերէնով լոյս ընծայած է բժշկական եւ առողջապահական հետեւեալ հատորները. «Հայ Մայրերու Մենտոր» (խորհրդատու), «Հեքիմարան», «Մատեան Մանկանց»:

Ան չէ բաւարարուած բժշկական գրականութեամբ եւ իր միտքն ու հոգին արտայայտած է նաեւ ոչ բժշկական գրականութեամբ, ուր դրսեւորած է հայ վերապրողի իր զգացումները, իր ներաշխարհը եւ իր անհատականութիւնը: Իր գրչին կը պատկանին հետեւեալ հատորները. «Հնգամեայ Զրոյցներ», «Անահիտ Կամ Ամերիկահայ Ֆլէփփըրը», «Զմրուխտ Մատանին», որոնք հրատարակուած են 1929ին, «Վաղուան Արշալոյսը», եւ «Աշգար»ը՝ 1930ին, ինչպէս նաեւ վերոյիշեալ՝ «Քեսապ Եւ Իր Գիւղերը»:
Ան բժշկագիտական եւ գեղարուեստական գրութիւններով աշխատակցած է հայ մամուլին, մասնաւորապէս Պոսթընի «Հայրենիք» շաբաթաթերթին եւ Նիւ Եորքի «Նոր Աշխարհ» ին: Կատարած է թարգմանական աշխատանք՝ «Թելմա», «Վենտեթթա», «Իշխանուհի Վերճինիա» եւ «Կարմիր Մայրապետ»:
Անգլերէնով գրած է Tales from Armenian History-ն եւ The Antiochians վէպը, որոնց միջոցաւ ուզած է ամերիկացի ժողովուրդին ծանօթացնել հայը՝ իր կենցաղով ու մարտնչումներով, եւ թուրքին գործադրած վայրագութիւնները՝ հայ ժողովուրդին դէմ: Նշեալ վէպը եղած է արժէքաւոր եւ ուշագրաւ աշխատասիրութիւն մը, ուր Քեսապը մեծ տեղ գրաւած է:

Իր գրչանունը եղած է «Էբիլենց»: Ունի անտիպ վէպեր՝ «Ամերիկահայ Մտաւորականը», «Անմեղ Սէրերու Յուշեր», «Զինուորական Յուշերէս», «Հիւանդին Խոհանոցը», «Բժշկական Զրոյցներ» եւ 5 արարով թատերգութիւն մը՝ «Լորա»:
1930ին գրած է իր հայերէն վերջին գիրքը: Այդ թուականէն ետք, մինչեւ 1960, հեռու մնացած է գրելէ եւ իր ժամանակը տրամադրած է իր ընտանիքին: 1960ին գրած է իր վերջին՝ The Antiochians անգլերէն գիրքը:
Բժիշկ Ալպէրթ Աբէլեան մահացած է Պոսթըն, 14 Նոյեմբեր 1986ին:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին», Մոնթրէալ, 2018:
2. Աբէլեան Ս. Ալպէրթ, «Քեսապ Եւ Իր Գիւղերը», Պէյրութ, 2002:
3. Չոլաքեան, Յակոբ, «Քեսապ», Գ. հատոր, Հալէպ, 2004:
4. Apelian, H. Vahe, Apelian, Albert MD, a Social Diagnostician As well, V.H. Apelian’s Blog, August 1, 2018:
ԱՏԱՄՆԱԲՈՒԺ ԱՏՈՒՐ ԳԱՊԱԳԵԱՆ
Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան ծնած է 1895ին, Այնթապ: Մայրը մահացած է իր ծնունդէն անմիջապէս ետք: Ղրկուած է Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքը, որուն նախակրթարանը աւարտելէ ետք, միջնակարգի տարիներուն, իր ըմբոստ խառնուածքին եւ դասընկերները ազգային-յեղափոխական գաղափարներով ոգեւորելուն համար, վտարուած է վանքէն:

1912ին վերադարձած է Այնթապ ու յաճախած է Ամերիկեան քոլէճը: Այդ շրջանին կը դառնայ Զարեւանդի (Զաւէն Նալպանտեան) գաղափարական գործունէութեան եւ երիտասարդական նախաձեռնութիւններուն ամէնէն աշխոյժ մասնակիցն ու օգնականը:
1913ին կը կատարէ դաշնակցականի իր երդումը եւ մաս կը կազմէ ՀՅԴի Այնթապի կոմիտէութեան:
1915ին կ՛անցնի Սուրիա, Համայի շրջանը: Կը լծուի գաղթական հայութեան կազմակերպման աշխատանքին:
1918ին, զինադադարէն ետք, երկիր վերադարձող գաղթական հայութեան հետ, Ատուր Գապագեան դարձեալ Այնթապ կը գտնուի:
1919ին կ՛անցնի Պէյրութ, Լիբանան, եւ կ՛ուսանի Ամերիկեան համալսարանի Ատամնաբուժական վարժարանին մէջ, կը վկայուի 1924ին, իբրեւ բժիշկ ատամնաբուժ:
Ամուսնանալէ ետք, կը հաստատուի Հալէպ եւ կը գործէ իբրեւ ատամնաբուժ, մինչեւ 1948:
Հալէպի մէջ ունեցած է ազգային եւ կուսակցական աշխուժ կեանք: Եղած է Բերիոյ թեմին ազգային ղեկավարներէն մէկը եւ ՀՅԴի Հալէպի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ: Եղած է ազգային գործիչ եւ ղեկավար: Սերտ գործակցութիւն ունեցած է յատկապէս ազգային գործիչ եւ ՀՅԴի գաղափարի ընկեր՝ Հրաչ Փափազեանի հետ:
ՀՅ Դաշնակցութեան ղեկավարներէն Հրաչ Փափազեանի գործակիցը ըլլալով, Ատուր Գապագեան կենսական դեր կ՛ունենայ Սուրիոյ պետականութեան կազմակերպման եւ ազատագրական շարժման մէջ, միշտ նպաստելով հայութեան շահերուն:
1948էն, ետք կը հաստատուի Պէյրութ, ուր կը շարունակէ իր ազգային եւ կուսակցական բեղուն գործունէութիւնը: Կը դառնայ ՀՅԴի Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ինչպէս նաեւ Համազգայինի եւ ՀՄԸՄի ղեկավար անդամներէ մէկը:
1963ին, ՀՅԴի 18րդ Ընդհանուր ժողովին կ՛ընտրուի Բիւրոյի անդամ:
1967ին ՀՅԴի 19րդ Ընդհանուր ժողովին վերընտրուելով, կը ստանձնէ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչի պատասխանատուութիւնը՝ մինչեւ իր մահը:
Գապագեան եղած է տեսլական ունեցող, հաւասարակշռուած քաղաքական գործիչ, համազգային պատասխանատուութեամբ առաջնորդուող ազգային-կուսակցական անձնաւորութիւն, ողջմիտ մտաւորական, շրջահայեաց եւ ազգանուէր գործիչ:
Ատամնաբուժ Ատուր Գապագեան կը մահանայ Շաբաթ, 22 Ապրիլ 1972ին, 77 տարեկան հասակին: Ան իր յաւիտենական հանգիստը կը գտնէ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատան ՀՅԴ Պանթէոնին մէջ:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, «Բժիշկին Զ. Խօսքը», «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» (յաւելուած), Մոնթրէալ, 2022:
2. Վիքիփետիա՝ Ատուր Գապագեան:
3. Պէրպէրեան, Նազարէթ, «Տոքթոր Ատուր Գապագեան (1895-1972)», «Ասպարէզ», 4 Մայիս 2009:
4. «Օրինակելի Ղեկավարը. Ընկեր Ատուր Գապագեանի Անմոռանալի Յիշատակին Եւ Մահուան 41րդ Տարելիցին Առիթով», «Հայերն Այսօր», Երեւան, 4 Յունուար 2013:
ԴԵՂԱԳՈՐԾ ԱՐՄԷՆ ՊՈՒՃԻՔԱՆԵԱՆ

Դեղագործ Արմէն Պուճիքանեան ծնած է Խարբերդ, 1907ին: Ան երէց զաւակն է Եփրատ քոլէճի նահատակ դասախօս Յովհաննէս եւ Մարիձա (ծնեալ Թիւֆէնքճեան) Պուճիքանեաններուն: Մինչեւ 1915ի Ցեղասպանութեան տարիները, աշակերտած է Եփրատ քոլէճին նախակրթարանին, ապա՝ Մեզիրէի ամերիկեան եւ գերմանական վարժարաններուն:
1 Ապրիլ 1915ին, Եփրատ քոլէճի արձակուրդի օրը, ընտանեօք կառքով Մեզիրէ երթալու պատրաստութեան պահուն, 4 բանակայիններով շրջապատուած Թլկատինցին տան վարէն կը կանչէ. «Փրոֆեսօ՛ր, իջէ՛ք, ոստիկանատուն պիտի երթանք պարզ ստուգումներու համար»: Յովհաննէս Պուճիքանեան վար կ՛իջնէ եւ կը միանայ Թլկատինցիին: Երկու մտաւորականները կը տարուին բանտ ու կը միանան միւս հայ նահատակներուն: Կը նահատակուին նաեւ Պուճիքանեան գերդաստանէն չորս այլ անդամներ:
1922ին, Արմէնին հօրեղբօր՝ գերմանական քոլէճի դասախօս Մարտիրոս Պուճիքանեանի հովանաւորութեամբ, Պուճիքանեան գերդաստանը կը փոխադրուի Լիբանան ու կը հաստատուի Անթիլիաս: Պատանի Արմէնը կը ստիպուի գործի ասպարէզը նետուիլ, մասամբ թեթեւցնելու համար մօրը ուսին ծանրացած բեռը, սակայն նաեւ ինքնազարգացումով կը հետեւի գիտական մասնաւոր դասընթացքի:
Արմէնին մայրը՝ Մարիձա, կը յաջողի հետը տանիլ Եփրատ քոլէճի մէջ ամուսնոյն դասաւանդած նիւթերուն (Humanities) ամբողջական գրութիւնները, որոնք 1974ին կը հրատարակուին Պէյրութի մէջ: Մարիձա կը մահանայ Լիբանանի մէջ, 1943ին:
1924-1927ին, Արմէն կ՛աշխատի Ալթունեան դեղարանին մէջ, ապա կը յաջողի մտնել Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի դեղարանը, իբրեւ օգնական դեղագործ, նոյն ատեն դեղագործական ուսանողներու գործնական դեղաշինութեան առաջնորդը կ՛ըլլայ: 1934-1948 կ՛աշխատի Լեռնալիբանանի զանազան դեղարաններու մէջ, իբրեւ դեղագործ:
1941ին, կ՛ամուսնանայ Դամասկոս հաստատուած խարբերդցի վկայեալ մանկավարժ եւ օգնական հիւանդապահուհի Աստղիկ Գարաճեանի հետ: Անոնք կը բախտաւորուին երկու զաւակներով՝ Անի եւ Ատոմ:
1949ին, Արմէն ընտանեօք կը հաստատուի Պէյրութ, որպէսզի զաւակները յաճախեն ազգային վարժարան:
Այդ տարիներուն, Արմէն եւ կրտսեր եղբայրը՝ Պէյրութի Faculte francaise de pharmacie-էն վկայեալ դեղագործ Գարեգին, կը բանան իրենց սեփական դեղարանը (Pharmacie Centrale, Immeuble Lazarieh), որ կը դառնայ լիբանանեան առողջապահութեան նախարարութենէն պաշտօնական արտօնագիր ստացած դեղաշինական հաստատութիւն մը:
Դեղարանը նաեւ ունեցաւ իր բժշկական ակնոցավաճառը, յանձին Ժոզէֆ Իշխանեանին, որ նաեւ Պէյրութի բեմերէն անուանի կիթառահար եղած է:
Այս հաստատութիւնը կը գործէ մինչեւ 25 Դեկտեմբեր 1975, երբ կը կողոպտուի եւ հրոյ ճարակ կը դառնայ Լիբանանի մէջ պայթած քաղաքացիական պատերազմին հետեւանքով:
Դեղարան Պուճիքանեանը եղած է ազգային, մշակութային եւ երաժշտական հարցերով մտահոգ հայորդիներու մէկ հաւաքավայրը: Ամէն իրիկուն, իրենց »տան ճամբուն վրայ« բարեկամներ, պաշտօնակիցներ եւ երաժշտասէրներ հոն կանգ առնելով՝ արծարծած են ազգային, մշակութային, գաղափարական ու քաղաքական հարցեր:
Դեղարան Պուճիքանեանը »հաւաքատեղի« մ՛էր: Ասոր հետ մէկտեղ, առանց դաւանանքի, համոզումի ու գաղափարի խտրութեան, հայ գաղութի մշակութային ձեռնարկներուն որմնազդները կարելի էր տեսնել դեղարանին ծաւալուն ցուցափեղկին վրայ:
1974ին, Արմէն կը կորսնցնէ սիրելի գործընկեր եղբայրը՝ Գարեգինը: Հոգեկան ամուր կորովով տոգորուած՝ դեղաշինութեամբ կը գործէ իր բնակարանին մէջ, մինչեւ 89 տարիքը:
Արմէն տան մէջ իյնալով՝ կը վիրաւորէ վիզին ողնաշարը եւ կը դառնայ մասնակի անդամալոյծ: Տարիներ շարունակ վայելած է հոգածութիւնը իր դեղագործուհի եւ ընկերային ծառայող աղջկան՝ Անիին:
Արմէն ունեցած է եկեղեցական, կրթական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւն: Եղած է Պէյրութի Աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ խնամակալութեան եւ Կրթասիրացի, ՀԲԸՄի վեթերան, եւ Խարբերդի ու Չնքուշի հայրենակցական միութեան անդամ: Եղած է ազգասէր անձնաւորութիւն մը եւ վայելած է իր շրջապատին յարգանքը:
Արմէն Պուճիքանեան իր հօրը ձերբակալութեան եւ նահատակութեան ողբերգութիւնը գրի առած ու հրատարակած է «Անոր Ռումբը Իր Գլխուն Մէջն Է» խորագրին տակ, 1974ին, իր հօր ծննդեան 100ամեակին տարին:
Մահացած է 2001ին:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, «Բժիշկին Զ. Խօսքը», «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» (յաւելուած), Մոնթրէալ, 2022:
2. Պուճիքանեան Ատոմէն ստացուած տեղեկութիւններ, Մոնթրէալ, 2018:
ԲԺԻՇԿ ՎԱՐԱԶԴԱՏ ԳԱԶԱՆՃԵԱՆ

Բժիշկ Վարազդատ Յովհաննէս Գազանճեան ծնած է Երզնկա, 18 Մարտ 1879ին: Ան Վարազդատ կոչուած է ի յիշատակ չորրորդ դարուն ապրած Վարազդատ թագաւորին: Իր բուն մականունը եղած է Երիքեան, սակայն թրքական բռնապետական օրէնքներու պատճառով Երիքեանը փոխուած է Գազանճեանի:
Վարազդատի հայրը՝ Յովհաննէս Գազանճեան, ընտանեօք հաստատուած է Սվազ, երբ որդին 2.5 տարեկան էր: Մօրը անունը՝ Աննա Սիրանեան: Վարազդատ առաջին եւ միակ որդին եղած է իր ծնողքին: Հայրը եղած է անուանի պղնձագործ:
Ան իր նախնական ուսումը ստացած է Սեբաստիոյ ամերիկեան Աւետարանական դպրոցին մէջ, ուր իր ուսուցիչները եղած են ֆրանսացի ճեզուիթ ուսուցիչներ: Հոն ան սկսած է սորվիլ ֆրանսերէն:
Տասներկու տարեկանին, Վարազդատ կորսնցուցած է հայրը: Անոր հոգատարութիւնը ամբողջովին մնացած է իր մօրը՝ Աննային վրայ:
1894ին, 15 տարեկան Վարազդատ համիտեան ջարդերու օրերուն կը միանայ Հնչակեան կուսակցութեան եւ կը սկսի հակաթրքական թռուցիկներ տարածել զանազան գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ: Ան կը հետապնդուի թրքական իշխանութեան կողմէ:
Վարազդատ իր խորթ եղբօր՝ Յակոբին կարգադրութեամբ եւ անոր հետ կը լքէ իր ծննդավայրը եւ կը հասնին Մարսէյլ, ֆրանսա: Հոնկէ կը գաղթեն Ամերիկա, 1895ին: Վարազդատ նաւէն կ՛իջնէ ցնցոտիներով եւ կը մտնէ Նիւ Եորքի Էլիս կղզին: Վարազդատ 16 տարեկանին կը հաստատուի Ուուսթըր, Մեսեչուսեց:
Սկզբնական շրջանին, Վարազդատ աշխատած է մետաղագործութեան գործարանի մէջ, իբրեւ բանուոր: Ան եղած է ճարպիկ, արկածախնդիր եւ ընթերցասէր: Գործարանին մէջ, ազատ ժամերուն սկսած կարդալ եւ ինքնազարգանալ: Ան հետեւած է գիշերային դասընթացքներու եւ սորված է անգլերէն ու ֆրանսերէն:

Ան ամերիկեան հպատակութիւն ստացած է 1900ին:
Վարազդատ վկայուած է երկրորդական կրթական հաստատութենէ մը եւ 1902ին ընդունուած է Հարվըրտի ատամնաբուժական դպրոցը: 1906ին, հոն նշանակուած է օգնական բժիշկ, Prosthetic Dentistry-ի բաժանմունքին մէջ: 1912ին նշանակուած է Harvard Prosthetic Dentistry Department-ի տնօրէն: 1915ին դարձած է համալսարանի ատամնաբուժական բաժինի ընդհանուր ատամնաբուժը:
Ան բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք, 1915-1919 տարիներուն պաշտօնավարած է Հարվըրտ համալսարանի Ծնօտի եւ դէմքի վիրաբուժութեան բաժնին մէջ (Oral and Maxillofacial Surgery), իբրեւ գլխաւոր վիրաբոյժ: Ան կը դառնայ աշխարհի առաջին մասնագէտ վիրաբոյժը եւ ջահակիրը դիմածնօտային վերականգնումային եւ գեղեցկագիտական վիրահատութեան:
1915ին, բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ ուղարկուած է Անգլիա եւ Ֆրանսա ծառայելու եւ իր օժանդակութիւնը բերելու ֆրանսայի Royal Army Medical Corps-ին: Հոն, ան գործած է ատամնաբուժական կեդրոնին մէջ եւ վիրաւոր զինուորները ենթարկած է դէմքի եւ ծնօտի գեղագիտական-կառուցողական գործողութիւններու: Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան կը մնայ երեք տարի Արեւմտեան ճակատի վրայ եւ կը բուժէ ու կը դարմանէ 3000է աւելի տարբեր ազգութիւններէ վիրաւոր զինուորներ: Ան Miracle Man of the Western Front (Արեւմտեան ճակատի հրաշագործ) կը կոչուի հիւանդներուն կողմէ: Իր ծառայութիւնը աւարտելով Եւրոպայի մէջ, կը վերադառնայ Ամերիկա:
1921ին դարձած է համալսարանի դասախօս եւ արժանացած է «Տոքթոր» (Doctor of Medicine) իսկ 1922ին՝ »Փրոֆեսոր« (Professor of Oral Surgery) կոչումներուն. հանդիսացած է Հարվըրտ համալսարանի գեղագիտական-կառուցողական վիրաբուժութեան բաժինի առաջին փրոֆեսորը:
Ան դարձած է American Association of Plastic Surgeons-ի նախագահը, 1940ին:
Տոքթ. Վարազդատ Գազանճեան դարմանած է աշխարհահռչակ անձնաւորութիւններ, յատկապէս՝ հոգեբոյժ Sigmund Freud-ը եւ օդաչու Frank Hawks-ը:

Անոր համբաւը շուտով հասած է Անգլիոյ պետական իշխանութեան: Winston Churchill-ի եւ Lord Chamberlain-ի կողմէ հրաւիրուած է Buckingham Palace, հանդիպում ունենալու Ճորճ Ե. թագաւորին հետ եւ արժանացած է պարգեւատրումներու:
Բժիշկ Վարազդատ Գազանճեան վարած է վիրաբուժական ձեւաւորումի եւ վերաշինութեան (constructive) մարմիններու նախագահի պաշտօնները: Ան եղած է նաեւ վիրաբուժական ձեւաւորման ու վերաշինութեան շարք մը համաշխարհային ընկերութիւններու պատուոյ անդամ:
1969ին, պարգեւատրուած է for վիրաբուժական ձեւաւորումի եւ վերաշինութեան Neal Owen շքանշանով:
21 Դեկտեմբեր 1912ին ան կ՛ամուսնանայ Sophie Augusta Cuendet-ի հետ, Պոսթընի մէջ: Տիկին Գազանճեան կը մահանայ 1919ին: Ան երկրորդ անգամ կ՛ամուսնանայ 25 Օգոստոս 1923ին, Marion Victorin Hanford-ի հետ եւ կը բախտաւորուի մէկ մանչ եւ երկու աղջիկ զաւակներով:
Իր հռչակը արգելք չէ եղած, որ ան մոռնայ իր հայկականութիւնը: 1920ին, ան յատուկ առաքելութեամբ մը մեկնած է մայրաքաղաք Ուաշինկթըն, ուր ներկայացուցած է Հայկական Հարցը եւ խնդրած է Հայաստանի ճանաչումը ամերիկեան կառավարութեան կողմէ:
Տոքթ. Վարազդատ Գազանճեան աշխատած է մինչեւ 1965:
Տոքթ. Յակոբ Մարթին Տէրանեան իր յարգանքի տուրքը մատուցած է այս մեծ հայ վիրաբոյժին, գրելով իր՝ Miracle Man of the Westren Front, Dr. Varaztad H. Kazanjian, Pioneer Plastic Surgeon գիրքը, 1990ին:
Տոքթ. Վարազդատ Գազանճեան մահացած է 95 տարեկան հասակին, 19 Հոկտեմբեր 1974ին:

Աղբիւրներ.
1. Միանասեան, Յարութիւն, «Հայազգի Բժիշկ-Գործիչներ», Երեւան, 2020:
2. Wikipedia, Varaztad Kazanjian.
3. Center for the History of medicine at Countway library, Varaztad H. Kazanjian.
4. Miracle man of the Western front, Dr. Varaztad H. Kazanjian, Plastic and reconstructive surgery, Journal of the American society of plastic surgeons, USA, December 2007.
5. Arslanian, Brian, MD, Armenian surgeon pioneer of modern plastic surgery, private website.
6. Soukiasian, Paul, Vartan, Armenian healers in history, AGBU Magazine.
ԴԵՂԱԳՈՐԾ ԳԱՐԵԳԻՆ ՊՈՒՃԻՔԱՆԵԱՆ
Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան ծնած է Խարբերդ, 1914ին: Ան զաւակն է Խարբերդի Եփրատ քոլէճի փրոֆեսէօր Յովհաննէս եւ Մարիձա (ծնեալ Թիւֆէնքճեան) Պուճիքանեաններու եւ եղբայրը՝ դեղագործ Արմէն Պուճիքանեանի: Գարեգինին հայրը նահատակուած է Ցեղասպանութեան առաջին տարին, 1 Ապրիլ 1915ին: Այսպէսով, Պուճիքանեաններուն վեց զաւակներուն կրտսերը՝ Գարեգին, 1915ին, մէկ տարեկան հասակին կորսնցուցած է հայրը:

1922ին, իր հօրեղբօր՝ Գերմանական քոլէճի երաժշտութեան փրոֆեսէօր Մարտիրոս Պուճիքանեանի հովանաւորութեամբ, Պուճիքանեան գերդաստանը փոխադրուած է Լիբանան ու հաստատուած՝ Անթիլիաս:
Գարեգին Խարբերդի մէջ իր նախակրթութիւնը 2 տարի ստացած է Գերմանական որբանոցին մէջ, ապա յաջորդաբար մէկական տարի՝ Անթիլիասի Փափազեան փոքր վարժարանին ու Հայ աւետարանական վարժարանին մէջ:
1928ին, շրջանաւարտ եղած է Պէյրութի Ս. Նշան վարժարանէն: Երկրորդական ուսումը ստացած է Պէյրութի Lycee Francais-ի մէջ, ստանալով առաջին եւ երկրորդ Baccalaureat-ները:
1938ին դեղագործի վկայականը ստացած է Պէյրութի Faculte Francaise de Pharmacie-էն: Համալսարանական տարիներուն, հետեւած է նաեւ պետական երաժշտանոցի դասերուն ու վկայուած է իբրեւ ջութակահար: Եղած է այդ հաստատութեան հոգաբարձու, նոյն պաշտօնով ծառայած է նաեւ Academie Libanaise des Beaux Arts կաճառին:
Այդ տարիներուն, Գարեգին կը պատրաստէ իր տոքթորական տեսութիւնը, հետեւեալ խորագիրով. «Գինին՝ իր պատրաստութիւնը, քիմիական բաղադրութիւնը եւ գործածութիւնը», Facultռ էն ստանալով Docteur en Pharmacie տիտղոսը: Հրաւիրուած է համալսարանէն՝ իբրեւ դասախօս դեղագործական նիւթերու: Այդ պաշտօնը շարունակած է մինչեւ մահը՝ Ապրիլ 1974:
Համալսարանին մէջ եղած է biophysique-ի բնալուծարանին տնօրէնը, Pere Dupre Latour-ի աջ բազուկը:
1940ական տարիներուն, երէց եղբօր՝ Արմէնին հետ դոկտոր Գ. Պուճիքանեան հաստատած է սեփական դեղարանը՝ Pharmacie Centrale-Immeuble Lazarieh, Պէյրութի Պուրճ հրապարակին մօտ:
Այս դեղարանին՝ Լիբանանի առողջապահութեան նախարարութենէն՝ Ministere de la Sante-էն, կը շնորհուի մանր դեղաշինութեան լիազօրութիւն: Հոն կը պատրաստուին կանանց յատուկ՝ հականեխական պատրոյգներ (ovules), հակապզուկի (anti-acne) եւ հակաոսպաբիծի (anti-lentigo) օծանելիք, բուսական պատրաստուկներ, մազի օճառահեղուկ (shampoo), ստամոքսի կեղի հեղուկ սպեղանի մը, Eau de Cologne ու ցաւամոքիչ Alta դեղահատը:
1958ի, Լիբանան քաղաքացիական առաջին պատերազմին, ամռան, Շաբաթ օր մը, Գարեգին Պուճիքանեան կ՛առեւանգուի, կը տարուի անյայտ տեղ մը: »Ատեանը« զինք մահուան կը դատապարտէ, պատին տակ կը կանգնեցնեն գնդակահարելու համար: Ճգնաժամին՝ դեղարանին մէկ յաճախորդը զինք ճանչնալով՝ կը փրկէ:
Զուգահեռ իր դեղագործութեան, Գարեգին Պուճիքանեան կը զբաղի կրթական գործունէութեամբ: Կը հիմնէ Լիբանանահայ մշակութային միութիւնը: Կ՛անդամակցի »Վերածնունդ«ին, տարիներով կը ղեկավարէ Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ երգչախումբը, ըլլալով եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ խնամակալութեան անդամ ու անոր դպրոցին մանկավարժական խորհրդատուն:
1951ին կ’ամուսնանայ դաշնակահարուհի եւ եկեղեցւոյ երգեհոնահար Զուարթ Սեմերճեանի հետ: Գարեգին եւ Զուարթ կը բախտաւորուին 3 դուստրերով:
Եղած է խոնարհ, ծառայասէր, ազգասէր, մշակոյթի ծառայող անձնաւորութիւն մը:
Դեղագործ Գարեգին Պուճիքանեան մահացած է 1974ին:
Անոր ու եղբօրը՝ Արմէնին կեանքի վաստակը՝ Pharmacie Centrale-Immeuble Lazarieh դեղարանը, Լիբանանի քաղաքացիական Բ. պատերազմի սկզբնաւորութեան՝ Դեկտեմբեր 1975ին, հրոյ ճարակ կ՛ըլլայ:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, «Բժիշկին Զ. Խօսքը», «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» (յաւելուած), Մոնթրէալ, 2022:
2. Պուճիքանեան Ատոմէն ստացուած տեղեկութիւններ, Մոնթրէալ, 2018:
ԲԺԻՇԿ ՌՈՊԷՐԹ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Բժիշկ Ռոպէրթ Ճէպէճեան ծնած է Այնթապ, 1909ին: Զաւակն է բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեանի: Բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեան իր քեռին էր:
Ծնողքին հետ գաղթած է Հալէպ: Նախնական ուսումը ստացած է Հալէպի Հայկազեան վարժարանէն, ապա Աւետարանական ծխական վարժարանէն:
1926-1927ին ուսանած է Պրումմանա, Լիբանան, անգլիական քուէյքըրներու դպրոցին մէջ: Բժշկութիւն ուսանած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Բժշկական դպրոցին մէջ, ուրկէ վկայուած է 1934ին:
Մեկնած է Լիոն, Ֆրանսա եւ մասնագիտացած է ակնաբուժութեան մէջ: Վերադարձած է եւ Հալէպ գործած է իր հօր եւ քեռիին՝ Ճէպէճեան-Յովնանեան հիւանդանոցին մէջ:
1938-1939ին եւ 1946-1947ին այցելած է Ֆրանսա, վերապատրաստման դասընթացքներու հետեւելու համար:
1948ին, Հալէպի մէջ հիմնած է Ճէպէճեան ակնաբուժական նախնական հիւանդանոցը:
1950ին հիմնած է Ճէպէճեան ակնաբուժական 20 անկողիննոց կատարելագործուած հիւանդանոցը, Հալէպի Սեպիլ շրջանին մէջ, ուր գործած է մինչեւ իր մահը, 2000ին:
Այս հիւանդանոցը դարձած է մասնագիտական կեդրոն՝ Հալէպի շրջանաւարտ բժիշկներու համար:
Ճէպէճեան ակնաբուժական հիւանդանոցը մեծ դերակատարութիւն ունեցած է Հալէպի առողջապահական մարզին մէջ եւ օգտակար հանդիսացած՝ Հալէպի հայ եւ ոչ-հայ ժողովուրդին:
1947ին, կը կատարէ աչքի եղջերաթաղանթի պատուաստում, որուն իբրեւ արդիւնք, Սուրիոյ մէջ նախագահական հրամանագրով օրէնք կը հաստատուի մահացած անձի մը աչքին հեռացումը-վերացումը՝ ողջ անհատի մը վրայ աչքի եղջերաթաղանթային պատուաստում կատարելու համար (transplantation):
1950ին, Հալէպի մէջ իր ջանքերով բացուած է կոյրերու «Ապու Ալա Մաարի» դպրոցը:
1970ին, իր թեկնածուականը թէզը պաշտպանած է Երեւանի մէջ եւ դարձած՝ բժշկական գիտութիւններու թեկնածու:
Բժիշկ Ռոպէրթ Ճէպէճեան եղած է մտաւորական: Հեղինակած է «Հալէպի Մեծանուն Բժշկապետ Ա. Ա. Ալթունեան Եւ Իր Գործը» հատորը, որ հրատարակուած է Հալէպի մէջ, 1962ին: Հետաքրքրուած է կերպարուեստով եւ գծած է երկար տարիներ:
Իր նախաձեռնութեամբ, Հայաստան տեղափոխուած են նկարիչներ՝ Արմիսի եւ Ժիրայր Օրագեանի որոշ գործերը, բազմաթիւ ձեռագիրներ, հնատիպ գիրքեր, հայկական ժանեակներու հաւաքածոյ:
Հեղինակն է նաեւ «Ինքնակենսագրութիւն, Յուշեր Եւ Գործունէութիւններ« երկին եւ »Ալպոմ Հալէպի Հայ Գաղթականներու Գիւղաւանին» պատկերազարդ հատորին, որ հրատարակուած է 1986ին, Հալէպ:
1955ին, Զարեհ Խաբլանի հետ հիմնած է Հալէպի «Մարտիրոս Սարեան» նկարչական ակադեմիան:
Եղած է հայրենասէր, ազգասէր եւ լուրջ հետաքրքրութիւն ցուցաբերած է Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատին նկատմամբ:
1979ին մեծարուած է Հայաստանի Կենդանաբուժական միութեան կողմէ եւ ստացած է «Պատուոյ անդամ» կոչումը:
Բժիշկ Թոռոպ Ճէպէճեան մահացած է Հալէպ, 2000ին:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Վիքիփետիա, Տոքթոր Ռոպէրթ Ճէպէճեան:
2. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, «Բժիշկին Զ. Խօսքը», «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին» (յաւելուած), Մոնթրէալ, 2022:
3. Ճէպէճեան, դոկտ. Հրայր, «Յուշեր, Ապրուած Կեանքեր Ու Տակաւին», «Մասիս Փոսթ», 25 Ապրիլ, 2019:
4. Քէշիշեան, բժիշկ Ալէքսան, «Լրացաւ Վարպետիս՝ Բժշ. Ռոպէրթ Ճէպէճեանի Ծննդեան 100ամեակը (1909-2009)», «Հայ Ֆօրըմ», 30 Յուլիս 2009:
ԲԺԻՇԿ ԱՒԵՏԻՍ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան զաւակն է Այնթապի երեւելիներէն՝ Յովհաննէս Ճէպէճեանի, հայրը՝ բժիշկ Ռոպէրթ Ճէպէճեանի ու մեծ հայրը՝ դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանի: Ծնած է Այնթապ, 187-ին:
Վկայուած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանի Բժշկական դպրոցէն, 1903ին: Որոշ ատեն Ուրֆայի մէջ ծառայելէ ետք, աշխատանքը շարունակած է Այնթապի Ամերիկեան հիւանդանոցին մէջ: Մասնագիտանալու եւ յաւելեալ փորձառութիւն ձեռք ձգելու համար, ծառայած է նաեւ Գերմանիոյ եւ Զուիցերիոյ մէջ: Ծառայած է օսմանեան բանակին մէջ իբրեւ սպայ բժշկապետ եւ ղրկուած է տարբեր ճակատներ:
Շուրջ 30 հազար հայերու սպանութեան պատճառ դարձած Ատանայի ջարդերուն օրերուն, 1909ին, Աւետիսին կինը առաջին զաւակով յղի եղած է: Ճէպէճեան որոշած է վերադառնալ իր ծննդավայրը՝ Այնթապ, որովհետեւ Օսմանիէի ճամբուն վրայ իր աներոջ սպանութենէն ետք, կացութիւնը իրեն համար սկսած է անտանելի դառնալ:
1914-1919ին, ան գործած է պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ եւ զինուորականի ու բժիշկի բարոյականութեամբ: Աշխատած է թրքական հիւանդատար նաւու մը վրայ, ուր դարմանած է մալարիայէ վարակուած հազարաւոր բանակայիններ:
Ան հայատառ թրքերէնով գրած է իր օրագրութիւնը, որ կը սկսի 3 Նոյեմբեր 1914ին եւ կը վերջանայ Դեկտեմբեր 1919ին: Գիրքը հրատարակուած է Պէյրութ, 1986ին, հայերէնով, «Վիոլէթ Ճէպէճեան» գրադարանին կողմէ:
Անոր յուշերը այլազան են: Ան գեղեցկօրէն նկարագրած է Արեւմտահայաստանի տարբեր քաղաքները: Յուշերը լեցուն են յուզումով, ցաւով, կարօտով, վախով ու ողբերգութեամբ: Նկարագրած է հայոց տեղահանութիւնը, տառապանքը, ջարդերը, այլ՝ խօսքով Ցեղասպանութիւնը: Նկարագրած է ցաւալի տեսարաններ՝ ամէն կողմ գանկեր, ոտքեր եւ ոսկորներ, այլանդակուած մարմիններ: Ականատես եղած է հայկական պարպուած գիւղերու եւ հազարաւոր հայ գաղթականներու վիճակուած տաժանելի պայմաններուն: Հանդիպած է հայու բեկորներու՝ Տիգրանակերտի տարածուն հովիտին մէջ, տեսած է սիրտ ճմլող պատկերներ:

Ապրած է պատերազմի տգեղութիւններն ու արհաւիրքը: Ան նկարագրած է հայուն անսահման վիշտը, որուն պատճառով, երբեմն իր օրագիրը չէ կրցած ամբողջացնել: Ան գրած է. «12,000 գաղթականներ անցան Մարաշի քովէն. անգութ, անհամար տեսարաններ ու նկարագրութիւններ. այդ պատճառով ալ սիրտ չունեցայ օրագիրս շարունակելու: Խապուզէ հայկական գիւղը՝ ամբողջովին պարպուած… մնացած էին հինգ ընտանիքներ միայն, որոնց այցելեցի: Երկրորդ հանգրուանը եղաւ Կլուշկերտ անուն հայկական ուրիշ գիւղ մը: Այս կողմերը հարիւրաւոր նման հայկական գիւղեր կան, բոլորը դատարկ, բնակչութիւնը տեղահան: Կլուշկերտէն ելլելով, հասանք Բալուէն մէկ ու կէս ժամ հեռաւորութեան վրայ Խօշմաթ հայկական գիւղը, ուր սկսանք հաստատուիլ: Երեք հարիւր տուն գիւղին մէջ մնացած էին չորս կամ հինգ ընտանիքներ: Քիւրտ տարագիրներ փլած էին բոլոր տուները»:
Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան Ա. Աշխարհամարտին արձանագրուած բազմաթիւ վիրաւորները դարմանելուն ժամանակ լսած է, որ իր ազգականները սպաննուած են: Իր եղբայրը՝ Գրիգորը Սուրիա աքսորուած է եւ պատերազմէն ետք անկարող եղած է վերադառնալ:
Աւետիս հետեւած է իր հարազատներու գողգոթային ու ապրած է անոնց ողբերգութիւնները: Ան իմանալով իր աներձագին՝ վերապատուելի Տիգրան Գունտագճեանին վախճանումը, իր քրոջը՝ Նոյեմիին սուրիական անապատ քշուած ըլլալը ու անոր երկու զաւակներուն՝ Գէորգին ու Կարապետին մահը, շատ տխրած է ու մատնուած է հոգեկան փլուզումի:
Ան սիրած է բնութիւնը եւ անոր գեղեցկութիւնը: Հիացումով գրած է Արարատ լերան մասին՝ «Մասիսն ու Արարատը եզակի հմայիչ տեսարան մը կը գոյացնեն: Շատ հաճելի զգացումներու տուն կու տան ինձ մօտ: Աննման, շքեղ ու օգոստափառ լեռ մըն է Արարատը»:
Զինադադարէն ետք, ազատ արձակուած է թրքական բանակէն: Ազատ արձակման գիշերը չէ կրցած քնանալ: Սկսած է իր տուն դարձի երկար ճամբորդութիւնը: Ան քալած է մինակ, իր ընտանիքին կարօտով եւ հայ ժողովուրդի ապրած ողբերգութեամբ ու ցաւով: Ան 40 օր քալած է ու հասած է Վան, որ արժանացած է իր նկարագրութեան. «Լիճը, Վարագայ եւ Սիփան լեռներով, շատ հաճելի տեսարան մը կը հայթայթէ»: Ան շարունակած է իր ճամբան, անցնելով դատարկուած Պայազիտէն, Գարա Քիլիսայէն եւ Ճելիքեանէն: Վերջապէս հասած է Տրապիզոն, որմէ ետք ծովու ճամբով անցած է Պոլիս, եւ ի վերջոյ երկաթուղիով՝ Հալէպ: Հոն, բժիշկ Ֆիլիփ Յովնանեանի հետ հաստատած է դարմանատուն մը: Դարմանած է Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր հայ հիւանդներ:
Հալէպի մէջ ունեցած է ազգային հասարակական եւ եկեղեցական աշխուժ գործունէութիւն, եղած է հալէպահայ գաղութը կազմակերպող կարեւոր անձնաւորութիւններէն մէկը:
Բժիշկ Աւետիս Ճէպէճեան մահացած է Հալէպ, 1952ին:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին», Մոնթրէալ, 2018:
2. Ճէպէճեան, դոկտ. Հրայր, «Տունդարձի Երկար Ճամբան», «Գեղարդ», 22 Յունուար, 2015:
3. Ճէպէճեան, դոկտ. Հրայր, «Փորձենք Խաղաղութիւն Ընտրել», «Գեղարդ», Թորոնթօ, 12 Յունուար 2019:
ԲԺԻՇԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՏԷՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան ծնած է Մարաշ, 1880ին: Ան երէց զաւակն է Կարապետ եւ Խաթուն Տէր Ղազարեաններուն: Ունեցած է եօթը քոյրեր:

Նախնական կրթութիւնը ստացած է Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղային վարժարանին մէջ:
1896-1901 ուսանած է Տարսոնի Ամերիկեան քոլէճին մէջ:
1902ին անցած է Պէյրութ, ուր հետեւած է Ամերիկեան համալսարանի Բժշկագիտութեան դպրոցի դասընթացքներուն: Աւարտելէ ետք, 1906ին վերադարձած է Մարաշ եւ աշխատած է Գերմանական հիւանդանոցին մէջ, իբրեւ վիրաբոյժի օգնական՝ 1911-1914ին, եւ իբրեւ վիրաբոյժ՝ 1914-1920ին:
Ատանայի հիւանդանոցին մէջ եղած է գլխաւոր բժիշկ, 1920-1921ին:
Ա. Աշխարհամարտի տարիներուն, դարձած է բժշկապետ եւ Մարաշի թուրք զինուորներու վիրաբուժապետը: Մեկնած է Գերմանիա, ուր հետեւած է մասնագիտական ծրագիրներու:
1923-1925 գործած է Սուրիոյ Լաթաքիա քաղաքի ամերիկեան միսիոնարական հիւանդանոցին մէջ, իբրեւ գլխաւոր վիրաբոյժ: Ապա անցած է Հալէպ, ուր գործած է իբրեւ բժիշկ. իր դարմանատունը հաստատած է Խանտէք փողոցին վրայ:
Լծուած է Կիլիկիոյ տեղագրութեան եւ պատմութեան ուսումնասիրութեան: Բազմաթիւ յօդուածներ ստորագրած է Սուրիոյ եւ Լիբանանի հայ մամուլին մէջ:
Աշխատակցած է «Մարաշ Կամ Գերմանիկ Եւ Հերոս Զէյթուն» հատորին (Նիւ Եորք, 1934) եւ «Մարաշի Հայ Աշուղներն Ու Գրագէտները» աշխատասիրութեան: Նաեւ պատրաստած է Մարաշ քաղաքին քարտէսը: 1966ին հրատարակած է «Հայկական Կիլիկիա» տեղագրութիւնը:
Եղած է ազգային եւ հասարակական անձնաւորութիւն: Ունեցած է բեղուն գործունէութիւն Հալէպի Ազգ. առաջնորդարանի Քաղաքական եւ Գաւառական ժողովներու մէջ:
Մարաշի մէջ անդամակցած է ՀՅԴին:
Մարաշի մէջ վեց տարի նշանուած մնացած է Ովսաննա Եագուպեանի հետ, սակայն խզուած է նշանածէն ու ամուրի մնացած է մինչեւ կեանքին վերջը:
Իր ազգանուէր ծառայութիւններուն համար, Խորէն Ա. կաթողիկոս իրեն շնորհած է է «Կիլիկեան Իշխան«»ի շքանշանը:
Բժիշկ Յարութիւն Տէր Ղազարեան մահացած է 1975ին, 95 տարեկանին:
2012ին, Հալէպի մէջ հրատարակուած է «Կիլիկիոյ Իշխանը, Տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան» հատորը, Հալէպի Մարաշի Հայրենակցական միութեան եւ Հալէպի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդին կողմէ, ի յարգանք տոքթորին եւ անոր կատարած ազգանուէր գործունէութեան: Հատորը խմբագրած է տոքթ. Թորոս Թորանեան:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Վիքիփետիա, Տոքթ. Յարութիւն Տէր Ղազարեան:
2. «Բժիշկին Զ. Խօսքը», «Հայ Բժիշկներուն, Ատամնաբուժներուն Եւ Դեղագործներուն Ոդիսականը Հայկական Ցեղասպանութեան Ընթացքին (Յաւելուած)», Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, Մոնթրէալ, 2022:
3. «Հայկական Կիլիկիա», Տէր Ղազարեան, բժիշկ Յարութիւն Հալէպ, 1966:
4. «Հայ Բժիշկներ Եւ Բուժաշխատողներ Սուրիոյ մէջ», Թորոսեան, Թորոս, Հալէպ, 2012:
5. Տէրունեան, Կարօ, Դիմատետր, 27 Փետրուար 2023: