Համադրեց՝
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
Դաւիթ Ադամեանի մասին լսած էի երեք աղբիւրներէ: Առաջինը եղած էր լուսահոգի հայրս, որ պեհեսնիցի էր(*): Պատանութեանս, հայրս պատմած էր, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրելէ եւ Հալէպ հաստատուելէ ետք, 1922-1925 ժամանակաշրջանին, Ամերիկայէն պեհեսնիցի Դաւիթ Ադամեան անունով ազնիւ հայորդի մը հոգացած էր իր հարազատներուն՝ եղբօրը տղուն եւ քրոջը երկու տղոց, Հալէպի Հայկազեան նախակրթարանի կրթաթոշակները: Այս տեղեկութենէն անդին հայրս յաւելեալ տեղեկութիւններ չէր գիտեր եւ չէր կրցած ունենալ իր ծննդավայրէն եղող Դաւիթ Ադամեանին մասին:

Դաւիթ Ադամեանի անունը երկրորդ անգամ կարդացի հայ մամուլին մէջ, 2020ի Հոկտեմբերի 30-31ին: Այդ օրերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Հայաստանի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային գիտաժողով մը՝ հետեւեալ խորագիրով. »Կիլիկիան Եւ Կիլիկիահայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներուն«: Այդ գիտաժողովին բազմաթիւ զեկուցումներ եւ ուսումնասիրութիւններ ներկայացուած էին: Այդ գիտաժողովին, հայրենաբնակ Յասմիկ Հախվերդեան՝ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի պետական թանգարանի աշխատակից, զեկուցում մը պատրաստած էր, սակայն կամքէ անկախ պատճառներով անձամբ չէր կարողացած կարդալ իր զեկուցումը. այդ պարտականութիւնը կատարած էր այլ անձնաւորութիւն մը: Յասմիկ Հախվերդեան այդ զեկուցում կամ ուսումնասիրութիւնը ներկայացուցած էր հետեւեալ խորագիրով. »Կիլիկեան Հերոսամարտի Ականատեսը՝ Դաւիթ Ադամեան«:
Դաւիթ Ադամեանի անուան երրորդ հանդիպումս եղաւ տարի մը առաջ, երբ Օրորա Մարտիկանեանի մասին դասախօսութիւն մը կը պատրաստէի: Այդ դասախօսութեան առիթով, ուզեցի նպատակայարմար երգ մը ներկայացնել ներկաներուն: Գտայ պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի »Օրորայի Աղօթքը« երգը, որ նախապէս ունկնդրած էի եւ շատ տպաւորուած էի, թէ՛ անոր բառերով եւ թէ երաժշտութեամբ: Ուստի որոշեցի այդ երգը ներառել դասախօսութեանս մէջ: Արագ ուսումնասիրութիւն մը կատարեցի այդ երգի բառերուն եւ երաժշտութեան մասին: Ի յայտ եկաւ, որ այդ երգին բառերը եւ երաժշտութիւնը յօրինած էր նոյնինքն Յասմիկ Հախվերդեան:
Յասմիկ Հախվերդեան այդ երգի բառերը գրած է տպաւորուած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերէն (1909-1924) Դաւիթ Ադամեանի յուշագրութեան մէկ պատմութենէն: Ան Դաւիթ Ադամեանի յուշ-պատմութիւնը կարդացած է Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի պետական թանգարանին մէջ գտնուած՝ Ադամեանի »Հայ Որբի Տունը« զրոյց-օրագրութեան մէջ: Կարդալէ ետք այս մանչուկին ողբերգական պատմութիւնը եւ ականատես ըլլալէ ետք Արցախի վերջին պատերազմին եւ անոր հետեւանքով յառաջացած հազարաւոր հայ որբերուն՝ ան գրած է երգին բառերը:
Դաւիթ Ադամեան գրած է, որ եղած է Քիլիսի քաղաքապետը: Ան օր մը Քիլիսի փողոցներէն մէկուն մէջ կը հանդիպի ցնցոտիներով ծածկուած հինգ տարեկան հայ որբուկի մը, անօթի, ծարաւ, բոպիկ: Որբուկը իր ծնողքը եւ եղբայրներն ու քոյրերը կորսնցուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն, մնացած է մինակ՝ անօթեւան եւ անտէր: Դաւիթ Ադամեան մանրամասնօրէն գրած է որբուկին քստմնելի պատմութիւնը:

Յասմիկ Հախվերդեան ուսումնասիրած է Դաւիթ Ադամեանի կեանքն ու գործունէութիւնը եւ հիացած է անոր 12 հատորնոց օրագիրի բովանդակութեան:
Այս բոլոր տեղեկութիւններէն ետք, հետաքրքրութիւնս բազմապատկուեցաւ եւ իբրեւ պեհեսնիցի Թորոս Հարպոյեանի ժառանգորդ մէկ զաւակը՝ որոշեցի ուսումնասիրութիւն մը կատարել Դաւիթ Ադամեանի մասին ու մօտէն ծանօթանալ անոր կենսագրութեան, գործունէութեան եւ կեանքի բոլոր երեսներուն ու փուլերուն: Զայն ստորեւ կը ներկայացնեմ հակիրճ կերպով:
Դաւիթ Ադամեան ծնած է 14 Փետրուար 1895ին, Պեհեսնի:
Անոր ծնողները՝ Մանուկ եւ Թուրֆանտա Ադամեաններ, թուրքերու կողմէ սպաննուած են Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն: Ինք ազատած է բարեբախտաբար եւ տեղաւորուած է որբանոցի մը մէջ:
Դաւիթ Ադամեանի ծնողներուն նման, զոհուած են նաեւ անոր երկու եղբայրները, որոնք կը ծառայէին թրքական բանակին մէջ: Վերջապէս, ան կորսնցուցած է իր քոյրը եւ անոր երեխաները: Մարիամ Խանզադեան անունով քոյրը միակն է որ փրկուած է:
Դաւիթ Ադամեան ուսանած է Թուրքիոյ Սուլթանիէ քոլէճին մէջ, ապա ապաստանած է Փարիզ, ուր իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Սորպոնի համալսարանէն:
Եղած է Համահայկական Բարեգործական միութեան գլխաւոր պատուիրակը Կիլիկիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Քիլիսի քաղաքապետը, 1917-18ին:
1918-24ին Փարիզի մէջ աշխատած է իբրեւ Համահայկական Բարեգործական միութեան »փրկութեան« ծրագրի պատասխանատուն: Ան այդ ժամանակաշրջանին շարունակ ճամբորդութիւններ կատարած է Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ափրիկէի մէջ ու դրամահաւաք կատարած է որբախնամ աշխատանքին համար:
Որբախոյզի աշխատանքը, որ կատարած է Ադամեան, եղած շատ մեծ եւ արդիւնաւոր, բայց դժուար: Ան հայ քաղաքական գործիչ եւ Համահայկական Բարեգործական միութեան առաջին նախագահ Պօղոս Նուպարին, ինչպէս նաեւ զօրավար Անդրանիկին ու հայ մեծ գրող Յովհաննէս Թումանեանի հետ ունեցած է գործուն մասնակցութիւն՝ հայ որբերուն համար որբանոցներ հաստատելու աշխատանքին: Անոր նշանաբանը եղած է »Մէկ ոսկի՝ մէկ հայ« կարգախօսը:
Դաւիթ Ադամեան եղած է գրող, լրագրող, Համահայկական Բարեգործական միութեան պատուիրակ, երկար տարիներ զբաղած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով եւ Հայկական Հարցին նուիրած է հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բազմաթիւ հրատարակութիւններ:
Ան առաջին անգամ Միացեալ Նահանգներ հասած է 1920ին, իսկ վերջնականապէս հոն հաստատուած է 1927ին եւ ստացած է ամերիկեան հպատակութիւն:
Ամերիկա հաստատուելէն ետք, ան երկար տարիներ աշխատած է իբրեւ թարգմանիչ պետական հաստատութիւններու մէջ: Խօսած է շատ մը լեզուներ՝ անգլերէն, թրքերէն, արաբերէն, պարսկերէն, ֆրանսերէն եւ անշուշտ՝ հայերէն:
Դաւիթ Ադամեան Հայաստանի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին գրած է շատ մը յօդուածներ, որոնք լոյս տեսած են Ամերիկայի զանազան անգլիատառ թերթերու մէջ: Ան իր գրութիւններով աշխատած է ամերիկեան հանրութեան բացատրել Հայկական Հարցը եւ Ցեղասպանութեան թեման:
Ան հեղինակած գործերէն են.
1. «Mountain of the Moon and other poems», բանաստեղծութիւններու հատոր մը, որ հրատարակուած է Նիւ Եորք: Կը բովանդակէ 62 բանաստեղծութիւններու փունջ մը, որոնց մէջ յատկանշական են «Գարունը, Պեհեսնիի մէջ», «Արարատ լեռը», «Առաւօտը Երուսաղէմի մէջ», «Պաղեստինի դաշտերը», »Կիլիկիա«, »Պատերազմի պարը«, »Վրանաբնակը եւ լուսնի լեռը»: Ադամեան այդ բանաստեղծութիւնները գրած է տպաւորուած՝ Ափրիկէ, Միջին Արեւելք, Եւրոպա, Արաբիա, Եգիպտոս, Թուրքիա իր ճամբորդութիւններէն: Բոլորը լոյս տեսած են ամերիկեան անուանի օրաթերթերու եւ պարբերաթերթերու մէջ՝ յատկապէս The New York Times, The Washington Post, The Christian Science Monitor, New York Herald Tribune եւ The Armenian Review: Այս գիրքէն օրինակ մը ունիմ գրադարանիս մէջ: 1948ին Armenian Review-ի թիւ 4ին մէջ լոյս տեսած են Դաւիթ Ադամեանի հետեւեալ բանաստեղծութիւնները՝ To beloved, Giligia, Sunset եւ Destiny:
2. «Կիլիկեան Դրուագներ. Ֆընտճաքի Հեռոսամարտը» գիրքը, որ հրատարակուած է Փարիզ, 1921ին: Գիրքէն օրինակ մը կը գտնուի Հայաստանի Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ: 1948ին, ամերիկեան University of Nebraska Press-ի, Prairie Schooner-ի (Vol. 22, No. 4) մէջ, 317-320 էջերուն վրայ լոյս տեսած է Դաւիթ Ադամեանի Bayram Baba արձակ գրութիւնը: Հոն կը պատմէ սպիտակ մօրուքով, բարի ծերունազարթ »Պայրամ Պապա«ին (հաւանաբար Կաղանդ պապային) Պեհեսնիի փոքրիկներուն այցելութիւնը, որ տեղի կ՛ունենար ամէն տարուան Յունուարի առաջին օրերուն: «Պայրամ Պապա»ն Պեհեսնիի փոքրիկներուն վերջին անգամ այցելած է 1914ին եւ այդ այցելութեան պահուն ըսած է. «Եթէ յաջորդ տարի չայցելեմ Պեհեսնիի փոքրիկներուն, այդ կը նշանակէ որ Պեհեսնին ա՛լ գոյութիւն պիտի չունենայ«: Դաւիթ Ադամեան այս պատմութեան ընդմէջէն անուղղակի կերպով ակնարկութիւն ըրած Հայոց Ցեղասպանութեան:
Դաւիթ Ադամեան անդամ եղած է Ուաշինկթընի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ պատուոյ անդամ՝ Թէքէեան Մշակութային միութեան:
Ան Ապրած է Արլինկթըն եւ անդամակցած է մասոններու կազմակերպութեան »Քոլոմպիա Լոճ«ի թիւ 285ին: Ան մաս կազմած է մասոնութեան՝ տեղեկութիւններ հաւաքելու հնարաւորութիւն ունենալու եւ օտար շրջանակներուն Հայոց Ցեղասպանութիւնը լայնօրէն ծանօթացնելու միտումով:
Դաւիթ Ադամեան ամուսնացած է, սակայն ամուսնութիւնը երկար չէ տեւած: Ան ունեցած է Դաւիթ անունով զաւակ մը եւ երեք թոռ:
1904-1923 տարիներուն, ան օրագիր պահած է եւ գրած է այդ ժամանակաշրջանին տեղի ունեցած բոլոր իրադարձութիւններուն, զանգուածային կոտորածներուն, հայերու կեանքի պայքարի դրուագներուն, գաղթականութեան, տեղահանութեան եւ Ցեղասպանութեան մասին: Հսկայական ժառանգութիւն ձգած է, որուն մեծ մասը մինչեւ օրս չէ ուսումնասիրուած:
Դաւիթ Ադամեան իր օրագիր-յուշերու հաւաքածոն՝ 12 հատորներ, նուիրած է Ամերիկայի Library of Congress-ին:
Փետրուար 1947ին, Library of Congress-ի պարբերաթերթը գրած է. »Թերեւս ամէնէն կարեւոր եւ անշուշտ ամէնէն անսովոր հաւաքածոն է, որ 1904-1923 տարիներուն պահուած է, հայերէն լեզուով գրուած՝ Դաւիթ Ադամեանի կողմէ, որ ծնած է Թուրքիոյ Պեհեսնի քաղաքը«: Այս հաւաքածոն գրադարանի պատասխանատուներուն կողմէ նկատուած է արժէքաւոր աղբիւր մը՝ հայերու կեանքին եւ անոնց իրավիճակին մասին, Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ մէջ, այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, որուն մասին վստահելի տեղեկութիւններու աղբիւրները սակաւաթիւ են:
Անոր արխիւը այսօր կը գտնուին Քոնկրէսի գրադարանի Միջին Արեւելքի բաժանմունքին «Մանուկ եւ Թուրֆանտա Ադամեաններու հաւաքածոյ»ին մէջ:
Այս հաւաքածոյին պատճէններէն շատերը կը գտնուին Հայաստանի Ազգային արխիւներուն եւ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի պետական թանգարանին մէջ:
Դաւիթ Ադամեանի օրագիրները լեցուն եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան սահմռկեցուցիչ նկարագրութիւններով եւ պատմութիւններով: Անոնցմէ մէկուն մէջ, ինչպէս յիշեցի նախապէս, ան նկարագրած է հինգ տարեկան հայ որբի մը հետ իր հանդիպումը, 4 Դեկտեմբեր 1917ին, Քիլիսի փողոցներէն մէկուն մէջ: Դաւիթ Ադամեան այդ երեխան գտած է թափառական վիճակի մէջ, ցնցոտիի նմանող՝ մօրը պատռտած վերարկուով ծածկուած: Այդ մանչուկը Դաւիթ Ադամեանին ըսած է. «Չգիտեմ, ի՞նչ կը լիներ ինձ հետ այս ցրտին, եթէ մայրս ինձ այս վերարկուն թողած չլինէր… Բայց չէ՞ որ այնքա՜ն ցուրտ է… Ես ո՛չ հայր ունեմ, ո՛չ մայր, ասում են, որ ես 5 տարեկան եմ, բայց ես չեմ հասկանում, ինչ է դա նշանակում: Գիտեմ միայն մի բան. ես մենակ եմ այստեղ, ոչ ոք չունեմ… Ինձ ոչ ոք չի ժպտում, քնքուշ խօսքեր չի ասում: Ուտում եմ այն, ինչ մարդիկ են տալիս…»:
Դաւիթ Ադամեան նկարագրած է նաեւ այլ հոգեցունց դրուագ մը, ուր երեխայ մը ամուր փակած է իր մահացած մօրը կուրծքերուն: Մայրը գտնուած է այնպիսի դիրքի մը վրայ, որ կարծէք թէ իր մանկիկը կը պաշտպանէր ջարդարար թուրքերէն:
Շատ մը նման պատմութիւններ յիշատակուած են Ադամեանի յուշերուն մէջ:
Դաւիթ Ադամեան գրած է նաեւ իր Մարիամ Խանզադեան անունով քրոջմէն ստացած նամակներուն մասին: Մարիամ Խանզադեան 1916ին հետեւեալ նամակը գրած է Դաւիթին.
«Սիրելի իմ եղբայր, մենք երեքս ծայրայեղ աղքատ վիճակում ենք գտնուում Համմամում, բոլորի կողմից մերժուած, առանց վրանի, դեգերում ենք ամենուր: Փորձի՛ր ուժերիդ ներածին չափով որեւէ բան անել եւ մեզ մի փոքր գումար ուղարկել վստահելի մարդու կամ տեղի առաքման ծառայութեան միջոցով: Աղօթում ենք քեզ համար: Սիրով՝ քո զարմուհիներ Վերոնիքա եւ Սրբուհի, քո քոյր՝ Մարիամ Խանզադեան»:
Մարիամ երկու ամիս ետք Դաւիթին ուղարկած է երկրորդ նամակ մը, ուր գրած է.
«Ձեր նամակը ստացայ, ուրախացայ: Մենք դեր այստեղ ենք՝ ծայր աստիճան թշուառ, առանց դրամի եւ առանց վրանի: Հոս-հոն թափառելով մինչեւ այստեղ եկանք: Ճար չունէինք մէկ այլ տեղ երթալու: Խորհեցէք, ճիշդ գործեցէք… Եղիսայի եւ Աննայի համար կը հարցնես, չորս ամիս առաջ, երբ Տոզօ էինք, բժիշկ Յովակիմի հօր հետ Տէր Զօրի կողմը գացին, մինչեւ հիմա լուր չունինք: Աղօթքով, ձեր քոյրը: Վերոնիքա, Սրբուհի, Մարիամ Խանզատեան»:
Այս երկրորդ նամակէն ետք, Դաւիթ Ադամեան ոչ մէկ տեղեկութիւն ստացած է քրոջմէն:
Դաւիթ Ադամեան մինչեւ իր կեանքի վերջը տառապած է, որ իր ընտանիքի անդամները մինչեւ իսկ գերեզման չեն ունեցած եւ մնացած են անյայտ հողերու տակ: Ան ապրած է հոգեկան ընկճուածութեան մէջ եւ շարունակ մտաբերած է հայ ժողովուրդին գողգոթան, տառապանքը, Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Ան իր յուշերուն մէջ գրած է.
«Ինչո՞ւ ես կ՛ապրիմ. մեր սրտերը երկաթէ՛ն ալ կարծր են, քարէ՛ն ալ կարծր… Հաւատա՞մ, որ մենք ընտանիք ունէինք, հայրենիք ունէինք… Հաւատա՞մ, որ եղբայրներ եւ քոյրեր, ծնողներ ունէինք… Ու՞ր են անոնց գերեզմանները»:
Ան ունեցած է յուսահատութեան վիճակներ եւ յաճախ հարց տուած է ինքն իրեն, թէ ինչո՞ւ ինք ողջ մնացած է ի տես իր հարազատներու կորուստին եւ ըսած է. «Ինչո՞ւ մինչ օրս ողջ եմ»:
Այս բոլորին հետ մէկտեղ, ան ապրած է՝ յաղթահարելով իր հոգիին ցաւը եւ փորձած է հասկնալ, թէ ինչո՞ւ այդքան մարդ կոտորուած է եւ ինք ինչպէ՞ս կրնայ օգնել հայերուն:
Դաւիթ Ադամեան մահացած Է 1978ին, 86 տարեկան հասակին, Արլինկթըն հիւանդանոցին մէջ, ուղեղային կաթուածի մը հետեւանքով: Թաղումէն ետք, ժողովուրդը իր նուիրատուութիւնները կատարած է Արլինկթընի Թէքէեան Մշակութային միութեան Դաւիթ Ադամեանի անուան հրատարակչական ֆոնտին:
(*) Պեհեսնին եղած է հօրս եւ մօրս՝ Թորոս եւ Մարթա Հարպոյեաններուն ծննդավայրը: Պեհեսնի գաւառը եղած է Փոքր Հայքէն դուրս: Անոր սահմանները եղած են՝ հիւսիսէն եւ հիւսիս-արեւելքէն՝ Աղճա Տաղ եւ Մալաթիա, արեւելքէն եւ հարաւ-արեւելքէն՝ Հիւսնի Մանսուր եւ Եփրատ գետը, հարաւէն եւ հարաւ-արեւմուտքէն՝ Հռոմկլա, եւ արեւմուտքէն ու հիւսիս-արեւմուտքէն՝ Բազարճըգ եւ Էլպիսթան: Պեհեսնի գաւառը գտնուած է Մարաշ, Այնթապ, Ուրֆա եւ Մալաթիա քաղաքներուն միջեւ, կեդրոնական դիրքի մը վրայ, եւ անոնցմէ 100-150 քլմ. հեռաւորութեան վրայ:
ԱՂԲԻՒՐՆԵՐ
1. Սարգիսեան, Լաուրա, »Դաւիթ Ադամեան«, »Արմենիա Սփութնիք«, Երեւան, 23 Ապրիլ 2019:
2. Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, Երեւան:
3. «Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկի եւ ՄՏԿԿի Համատեղ՝ »Կիլիկիան Եւ Կիլիկիահայութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներին» Համագումարին Մասին«, «Ազդակ» օրաթերթ, Պէյրութ, 5 Նոյեմբեր 2020:
4. www.jstor.org/stable/40624023
5. “Bayram Baba”, University of Nebraska Press, Prairie Schooner, Vol. 22, No. 4, 1948.
6. The Washington Post, “David Atamian, Author, Interpreter of Armenia”, 1978.
7. Հարպոյեան, բժիշկ Կարպիս, «Պեհեսնի Եւ Քեսուն, Խճանկարներ Հայկական Ցեղասպանութենէն», Մոնթրէալ, 2019: