Եկեղեցւոյ մը առաքելութեան մաս կը կազմէ հոգեւոր սնունդ մատակարարել նաեւ անոնց, որոնք կեանքի այս կամ այն պատճառներով հեռու մնացած են բարի ու աստուածահաճոյ ճամբաներէ եւ ինկած՝ բանտերու տխուր խուցերուն մէջ։
Յիսուս ինք եկաւ որպէս լոյս աշխարհի եւ ուզեց մարդիկը դուրս բերել իրենց խաւարային վիճակէն, եւ ազատութիւն շնորհել բոլոր բանտարկուած հոգիներուն, յատկապէս անոնց՝ որոնք մեղքին կողմէ կապուած ու բանտարկուած են, եւ չեն կրնար Տիրոջ քաղցր ներկայութիւնը վայելել։ Յիսուս ինք եկեղեցւոյ առաքելութեան վերածեց ո՛չ միայն որբերու խնամքը, անօթին՝ կերակրելը, ծարաւածը՝ յագեցնելը, մերկը՝ հագուեցնելը, հիւանդին՝ կարեկցիլը, այլ նաեւ բանտարկեալին այցելութիւն տալը (Մատթէոս 25.35-36), զայն նկատելով՝ Իրեն տրուած այցելութիւն մը, ուստի եւ՝ արժանի գնահատանքի ու հատուցման։
Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը, որ իր առաքելութեան եւ ծառայութեան գործունէութիւնը կը նկատէ յատկապէս մեր նոր սերունդի հոգեւոր, հայեցի ու բարոյական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը, նաեւ յատուկ կարեւորութեամբ կը շեշտէ բանտարկեալներու տրուած այցելութիւնները եւ անոնց հոգեւոր սնունդ մատակարարելու անհրաժեշտութիւնը։ Թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինումով, տարիներէ ի վեր կանոնաւոր կերպով հոգեւոր սնունդ կը մատակարարուի Լոս Անճելըսի եւ շրջակայքի հայ բանտարկեալներուն։
Շնորհիւ Րաֆֆի սրկ. Կարապետեանի ջանքերուն, Հայց. Առաք. եկեղեցին բանտարկեալներու հոգեւոր ծառայութիւն մատակարարելու պետական յատուկ արտօնութիւն եւ ճանաչում ստացած է։ Րաֆֆի սարկաւագ մեր թեմի անունով նշանակուած է բանտարկեալներու հոգեւոր մատակարարման ծառայութեան գրասենեակի հայկական բաժանմունքի գլխաւոր խորհրդատու։ Սոյն աշխատանքին համար հոգեւոր մատակարար նշանակուած են նաեւ Ազգ. առաջնորդարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչներէն Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, որ ամէն Շաբաթ օր կ՚այցելէ North County Correctional Facility բանտը, եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւներէն Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, որ ամէն Երկուշաբթի կ՚այցելէ քաղաքամէջի Twin Towers բանտը։
Այս ծիրէն ներս, Շաբաթ, Յունիս 9ի առաւօտուն, թեմի առաջնորդ սրբազանը այցելեց Ուէյսայտի North County Correctional Facility բանտը։ Առաջնորդ սրբազանին կ’ընկերանային Պարթեւ վրդ. Կիւլիւմեան, Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւներ՝ Նարեկ քհնյ. Փէհլիվանեան եւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, Րաֆֆի սրկ. Կարապետեան, տիրացու Մանուկ Չուլեան, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ տոքթ. Յակոբ Տէր Մկրտիչեան եւ Արաքսիա Վարդերեսեան։
Բանտի մուտքին, առաջնորդ սրբազանը դիմաւորուեցաւ բանտի պատասխանատուներուն կողմէ, որոնց շարքին էին յիսնապետ Էլիըր Մորեհոն եւ տասնապետ Ռէնտըլ Զենփըլ։
Յուզիչ եւ ոգեշնչիչ էր պահը. սրահին մէջ, ուր Հայ եկեղեցւոյ մոմն ու ածուխը կը վառէր ու խունկը կը բուրէր, եւ Ս. Խաչն ու Աւետարանը օրհնութիւն կը բաշխէին, բանտի հայ բնակիչները դիմաւորուեցան իրենց հովիւներուն եւ ազգի ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Տեղի ունեցաւ եկեղեցական արարողութիւն, կատարուեցաւ խոստովանանք ու բաշխուեցաւ Ս. Հաղորդութիւն։
Արարողութեան աւարտին առաջնորդ սրբազանը հայ բանտարկեալներուն փոխանցեց իր պատգամը եւ քաջալերանքի խօսքը։ Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ընձեռուած այս բացառիկ առիթին համար եւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց հիւրընկալ պաշտօնատարներուն, ըսելով, որ իր այս զգացումները փոխանցեն շերիֆ Լի Պաքայի։ Ան հրաւիրեց ներկաները անկեղծօրէն աղօթելու, շնորհք եւ իրենց մեղքերուն համար թողութիւն խնդրելու ամենաբարին Աստուծմէ, որ Իր սէրը իրենց կը յայտնէ այսօր։ Սրբազանը հայ բանտարկեալներուն ըսաւ, որ անոնք մաս կը կազմեն հայ մեծ համայնքին, եւ անոր համար է որ հոգեւոր սնունդ կը մատակարարուի անոնց՝ Եկեղեցւոյ կողմէ։ «Մենք բոլորս մեղաւորներ ենք ու անհնազանդ՝ Աստուծոյ։ Սակայն Աստուած ոխ չի պահեր մեզմէ։ Աստուած ողորմած է ու բարեսէր, եւ երբ զղջանք, ապաշխարենք ու ներում խնդրենք մեր մեղքերուն համար՝ մեծ սիրով կ’ընդունի մեզ, որովհետեւ, ինչպէս Աստուծոյ խօսքը կ’ըսէ, Աստուած չ’ուզեր մեղաւորին մահը, այլ՝ անոր դարձն ու փրկութիւնը։ Աստուած պատրաստ է ընդունելու ձեզ բոլորդ եւ օրհնելու բոլոր անոնք՝ որոնք Իրեն կը դառնան։ Սակայն անհրաժեշտ է որ նախ մէկդի ձգէք ամէն տեսակի հպարտութիւն եւ ընդունիք ձեր կատարած սխալները, եւ այսօր բանաք ձեր հոգիի աչքերը՝ Աստուծոյ փառքը տեսնելու եւ փրկութեան ճանապարհէն քալելու»։
Սրբազանը յիշեցուց նաեւ, որ այս շաբաթավերջը կը զուգադիպի մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Խոր Վիրապէն ելլելուն եւ Ս. Էջմիածնի եկեղեցւոյ շինութեան տօներուն։ Ան պատմելէ ետք մեր հաւատքի հօր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի տառապանքները եւ տասնհինգ տարիներու բանտարկութիւնը, հրաւիրեց ներկաները՝ մեծ սուրբին նման Աստուծոյ հոգեւոր ներկայութեամբ խաղաղ ու անվախ ապրելու, քաջալերելով զանոնք սպասելու բացուող վաղուան արշալոյսին։ Վերջապէս՝ կոչ ուղղեց ներկաներուն, որ քալեն հոգեւոր ճանապարհէն, ըլլան մաքուր քրիստոնեաներ, դառնալու համար պարծանքը հայ ժողովուրդին եւ իրենց հարազատներուն։
Աւարտին, բոլորը միասին ծնրադիր երգեցին հայ ժողովուրդի հոգիէն բխած «Տէ՜ր, ողորմեա՛»ն, որուն թովիչ եղանակը եւ աղաչական խօսքերը արտասուքներ ժայթքեցուցին բոլորին աչքերէն։
Յատուկ կարգադրութեամբ եւ արտօնութեամբ, այս առթիւ հայ բանտարկեալներուն հրամցուեցաւ հայկական ճաշ եւ քաղցրաւենիք, տրամադրուած Պապուրեան ընտանիքին կողմէ։
Անհուն էին առթուած ուրախութիւնը եւ երախտագիտական արտայայտութիւնները այս այցելութեան առթիւ, որ իբրեւ քաղցր յուշ փորագրուած պիտի մնայ այդտեղ համախմբուած իւրաքանչիւր հայ բանտարկեալի հոգիին ու սրտին մէջ։
«Տէ՜ր, տո՛ւր աշխարհիս խաղաղութիւն… բանտարկելոց ազատութիւն»։
Պ.Ա.Կ.
Բարև ձեզ, ուզում եմ իմանալ երբ է եղե այց քրեակատարողական հիմնարկներ, Այլակերպության տոնի առիթով հնարավոր է այցելություն լինի??