Երեքշաբթի, 2 Մայիսի երեկոյեան, Ազգային առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ հանդիպում մը՝ նախագահութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, ներկայութեամբ Քրեսենթա Հովիտի Հայ առաքելական նոր եկեղեցւոյ գլխաւոր բարերար՝ տէր եւ տիկին Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեան ամոլին, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանի, փոխատենապետ Մհեր Տէր Յովհաննէսեանի, Կրօնական ժողովի անդամ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի եւ Քրեսենթա Հովիտի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ծխական շրջանի ատենապետ Տիգրան Տէր Սարգիսեանի (բանաւոր պատճառով կը բացակայէր շրջանի հոգեւոր հովիւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան):
Նոր գնուած հողաշերտին վրայ գոյութիւն ունեցող եկեղեցական կառոյցին՝ իբրեւ Հայ առաքելական եկեղեցի վերադասաւորման եւ բարեզարդման կեդրոնական յանձնախումբ, ներկաները ունեցան իրենց առաջին հանդիպումը ու աչալրջօրէն եւ շրջահայեաց կերպով քննեցին առաւելագոյն չափով ներկայ եկեղեցին հայկականացնելու, արդիականացնելու եւ զայն համայնքի կեանքին մէջ հոգեւոր գոհարի մը վերածելու կարելիութիւնները, ապա որոշուեցաւ համապատասխան ենթայանձնախումբեր կազմել:


Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ առաջնորդ սրբազանը, որ առաջին հերթին բարձր գնահատեց Մելքոնեան ամոլի ջերմեռանդ հաւատքը եւ նուիրուածութիւնը Քրիստոսի եւ Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ՝ ըսելով, որ ասոր պերճախօս վկայութիւնն է Վարանդ եւ Հուրի Մելքոնեաններու՝ սոյն կառոյցի գնման եւ հայացման գործին մէջ ցուցաբերած խանդավառութիւնը, ի յիշատակ իրենց հօր՝ Մելքոն Մելքոնեանի եւ ի պատիւ իրենց մօր՝ Անժել Մելքոնեանի:
Յայտնենք, որ Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսի բարձր օրհնութեամբ, Քրեսենթա Հովիտի Հայ առաքելական նոր եկեղեցին պիտի անուանուի Սրբոց Հրեշտակապետաց:
(Մանրամասնութիւնները՝ յաջորդիւ)