Քալիֆորնիոյ Հայ Երիտասարդաց միութեան «Կոմիտաս» երգչախումբի տարեկան համերգը, նախագահութեամբ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, տեղի պիտի ունենայ 20 Մայիսին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ, Կլենտէյլի Երիցական եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Միքայէլ Աւետիսեանի խմբավարութեամբ, «Կոմիտաս» երգչախումբի համերգին պիտի մասնակցին նաեւ Համազգայինի «Անի» պարախումբը եւ Ժողովրդական գործիքներու նուագախումբը։
Ձեռնարկին հովանաւորներն են՝ տէր եւ տիկին Ճեք եւ Զարիկ Եուրէճեանները։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար հեռաձայնել (818) 223-1149 կամ (818) 321-5086 թիւերուն։