Տոմարը ժամանակ չափելու եւ ժամանակի հետ կապ ունեցող այլ հարցերու ուսումնասիրութեան գիտութիւնն է։ Հայ ազգը, աշխարհի այլ հին ազգերու նման, ստեղծած է իր սեփական տոմարը, որոշելու համար ցանքի, բերքահաւաքի եւ այլ գիւղատնտեսական աշխատանքներու ժամանակները։
Հայ ազգը իր տոմարը հիմնած է արեգակին վրայ, այսինքն՝ Հայկական տոմարը արեգակնային է։ Այսպէս, հայկական արեգակնային տոմարով տարին ունէր 365 օր եւ բաժնուած էր տասներկու լրիւ ամիսներու. իւրաքանչիւրը կը բաղկանար 30 օրերէ, իսկ մնացեալ 5 օրերը կը կազմեն փոքր՝ 13րդ ամիսը։ Ամիսները, օրերը եւ նոյնիսկ օրուան ժամերը ունէին իրենց իւրայատուկ անունները. Անոնք կոչուած էին հայոց հին նահապետներու, աստուածներու, Հայաստանի լեռներու եւ դաշտերու անուններով։
Հայկի՝ Բէլի դէմ յաղթանակը պատմական յաղթանակ էր. այս մեծ յաղթանակին պատճառով հայ ազգը իր սեփական ազգային տոմարը նկատած է Հայկի՝ Բէլի դէմ յաղթանակի օրը։
Հայ մատենագրութեան մէջ, 2492 Ն. Ք. 1 Օգոստոսը, այն օրն է, երբ Հայկ նահապետը իր նետով տապալեց Բէլը, եւ այդ նկատուած է իբրեւ սկիզբ Հայոց տոմարին. այդ թուականը կը կոչուի «Բուն Թուական Հայոց»։
Հայոց հին տոմարով, 2023ը 4515 թուականն է։