Քրիստոնէական ընդհանուր եկեղեցւոյ պատմութիւնը ներկայացնող գիրքերը լեցուն են հալածանքներու եւ չարչարանքներու նկարագրութիւններով, որոնք ուղղուած էին Քրիստոսի Եկեղեցւոյ եւ անոր հաւատացեալներուն դէմ: Յաճախ սահմռկեցուցիչ պատկերներ կան այնտեղ, որոնք կիսավայրենի մարդու բնութեան մաս կը կազմէին, անտառի գազաններուն ամէնէն անգութը ներկայացնելու համար մարդ արարածը, իր նմանին հանդէպ:
Քրիստոնեաներ նման անգութ վերաբերումին դիմաց, սակայն, չնահանջեցին: Անոնք հաւատարիմ իրենց կոչումին եւ ամբողջութեամբ համոզուած այն նոր հաւատքին, որ Յիսուս Քրիստոսով յայտնուեցաւ մարդկութեան, պահեցին զայն արծարծ, նոյնիսկ գետնափոր նկուղներու մէջ: Այդ ապառողջ զնտաններուն մէջ հաւաքուելով, իրենց աղօթքը եւ հացի բեկանումը կատարեցին նորադարձ քրիստոնեաներ: Բնականաբար իրենց այդ թաքստոցները անյայտ պիտի չմնային այդ օրերու «ամենակարող» կայսրերու եւ թագաւորներու գիտութենէն եւ, ի վերջոյ դուրս բերուելով այդ գետնադամբաններէն, նահատակութեամբ պիտի կնքէին իրենց մահկանացուն:
Հալածանք ու նեղութիւն դարերու վրայ տարածուեցան, եւ Քրիստոսի հիմնած եկեղեցին տառապեցաւ անգութ բռնակալներու որդեգրած բիրտ քաղաքականութեան հետեւանքով: Քանի՜-քանի՜ անգամներ թագաւորներ քանդեցին քրիստոնէից կառուցած եկեղեցիները, քանի՜-քանի՜ անգամներ բարբարոսներ աւերեցին ու աւարեցին, այրեցին ու թալանեցին հոգեւոր գանձատուները մեր մշակութային արժէքներուն, որոնք քրիստոնէական մեր հաւատքին հետ ծաղկած էին դարերու ընթացքին: Վայրենի ցեղեր քանի՜-քանի՜ անգամներ իրենց ձիերու սմբակներուն տակ կոխկռտեցին մեր հայրերու հաւատքի արցունքով լեցուն կանթեղները աղօթքի: Քանի՜-քանի անգամներ մեր մատենագիրներու ծաղկած ձեռագրային ժառանգութիւնները, որոնք աչքերու լոյս խլած էին, մոխրացան ու չքացան: Վերջապէս, Քրիստոսի հիմնած եկեղեցին, ամէն տեղ՝ հոն, ուր քարոզուեցաւ Աւետարանը, հալածանքի ենթարկուեցաւ, տառապանք ու նեղութիւն կրեց:
20րդ դարը, իբրեւ զարգացումի ու գիտութեան դար, յոյս կը ներշնչէր ու կը խոստանար վերջ տալ մարդկային բռնութեանց եւ կրօնքի ու խիղճի ազատութիւնը դարձնել մարդ էակին ամբողջական իրաւունքը: Սակայն շատ մը ժողովուրդներու յոյսերը ի դերեւ ելան, դժբախտաբար: Հայ ժողովուրդը եղաւ առաջինը, որ գիտութեան դարուն ցմրուր ըմպեց տառապանքի ու դառնութեան բաժակը՝ թուրքին ձեռամբ Հայկական Ցեղասպանութեան կիրարկումով: 1915ին հայեր, աւելի ուշ այլ ժողովուրդներ եւ մինչեւ իսկ 20րդ դարու վերջալոյսին ռուանտացիներ հալածուեցան, յօշոտուեցան, կողոպտուեցան ու սպաննուեցան, դարձեա՛լ մարդուն ձեռքով: Անշուշտ կը զատորոշուի բոլորին մէջէն մեր ժողովուրդին պատահած դժբախտութիւնը, որ պարզապէս Աստուած կանչելուն եւ քրիստոնեայ կոչուելուն տուգանքը անգամ մը եւս վճարեց, կարծէք բաւարար չըլլային նախորդող դարերուն իր կրած հալածանքներն ու նեղութիւնները:
Այս բոլորը պատմութեան պատկանելով հանդերձ, պատմութիւն չդարձան բնաւ: Պատմութիւնը միշտ ինքզինք կրկնեց տարբեր ձեւերով: Եւ բոլորին մէջ, Քրիստոսի Եկեղեցին եղաւ տառապողը՝ իր հաւատացեալներուն կրած նեղութիւններուն ճամբով:
Իսկ հիմա՞: Եկեղեցին դարձեալ հալածական է: Զայն հալածող կայսրերուն աճիւններն անգամ փտած են, սակայն Եկեղեցին հալածելու, տկարացնելու եւ քանդելու նոյն ոգիով, աղանդաւորական շարժումներ կը ծաւալին, նորանոր ծրագիրներով, բարբարոսներու կիսատ թողածը իրենց մութ գործունէութեամբ ամբողջացնելու համար: Այդ շարժումներէն ոմանք Եկեղեցւոյ ծառի բունին վրայ հաստատուած ճիւղեր են, որոնք վայելած են Եկեղեցւոյ բարիքները եւ ձեռքէ ճաշ ուտող եւ ապա դառնալով խնամատարը բզքտող խոզերու պէս, Եկեղեցւոյ վրայ յարձակողներն են:
Աղանդաւորական շարժումներուն գրեթէ բոլոր հարուածները առաջին հերթին վատառողջ քննադատութեան թունաւոր նետերով կը սկսին: Քննադատութեան տեսակ մը, որուն նպատակը շինիչ չէ, այլ քանդիչ: Այդ քննադատութիւնը Եկեղեցւոյ հոգեւոր իշխանութեան նկատմամբ յարգանքի պակասի մը ծնունդն է, որուն նպատակը հնազանդութեան եւ Քրիստոսատիպ խոնարհ հպատակութեան վերացումն է Եկեղեցւոյ կեանքէն, զայն վերածելու համար անիշխանական եւ այսպէս կոչուած «Հոգիով առաջնորդուող» խմբակցութեան մը: Նման աղանդաւորական շարժումներ, իրենց նախատիպ օրինակները կ’առնեն արեւմտեան հասկացողութեամբ «եկեղեցիներէ», ուր լեզուի, գոյնի, տեսակի, ազգութեան կամ աւանդութեան խտրութիւն բացարձակապէս գոյութիւն չունի: Անհասկնալի բառերու արտասանութեան, անհաւասարակշիռ շարժումներու, երբեմն անտառային ոռնոցներու եւ պոռչտուքի խառնարան մըն է «արարողութիւնը», որոնց մէջ պահուան բարձրակէտը կը գրաւէ անշուշտ սպասուած հրաշք մը՝ ազդեցութեան բուն բանալին:
Աղանդաւորական շարժումներու կորիզը կազմող այս երեւոյթը Եկեղեցւոյ հաւատացեալները օձտելու (քայքայելու) միտումով, նպատակակէտ կ’ընտրէ եկեղեցական իշխանութիւնները, նման գաղափարներով սնած մարդոց ցանք կատարելով նոյնիսկ Եկեղեցւոյ ներքին պարիսպէն՝ միջնաբերդէն ներս: Անշուշտ աղանդաւորական շարժումներու բոլոր քայլափոխերը կը կատարուին «բարեփոխութիւններու» անուան տակ, ինչ որ հաճելի կը թուի զարգացող ընկերութեան մեծ խաւին՝ պարզ մեծամասնութեան: Ահա թէ ինչպէս աղանդաւորական շարժումներ մեծաթիւ հետեւորդներով երբեմն կը զարմացնեն իրենց Եկեղեցւոյ աւանդութեան ու կեանքին հաւատարիմ հաւատացեալները: Այդ «բարեփոխութիւններուն» չափանիշը, սակայն, աղանդաւորին ա՛նձն է եւ անոր խելապատիկէն բուսած գաղափարները եւ ո՛չ թէ Քրիստոս Ի՛նք, կամ Քրիստոսահիմն Եկեղեցւոյ աւանդութիւնը եւ Աստուածաշունչի ճշմարիտ գիտութեան վրայ հիմնուած հայրերու ուսուցումները:
Աղանդաւորական շարժումներուն կողմէ Աստուածաշունչին չափազանց օգտագործումը եւս ինքնին վկայութիւն մըն է Եկեղեցին իր ճշմարտութեան աղբիւրին ճամբով դատապարտելու բռնազբօս ճիգին: Կարգ մը աղանդներ արդէն իսկ չարափոխուած աստուածաշունչեր հրատարակած են, մոլորեցնելու համար Քրիստոսի բանաւոր հօտը: Իսկ Աստուածաշունչի մեկնաբանութեան բազմալեզու այնպիսի հատորներ կը հրապարակուին, որոնք իբրեւ թէ «ճշմարտութեան» բացայայտման սիրոյն, նպատակադրեալ կերպով եւ առարկայական մօտեցումներով քրիստոնէական կեանքը կը մեկնեն, սակայն Քրիստոսի բերնին մէջ ալ սուտեր տեղադրելու աղանդաւորական յանդգնութեամբ: Երբեմն իրարու անկապ հատուածներու մերձեցումով հակասութիւններ գտնելու, եւ երբեմն ալ նոյն մեթոտի կիրարկումով, Եկեղեցւոյ ուսուցումները ջրելու անպարկեշտ մօտեցումները, պարզապէս տգէտներու դպրոցին անուս աշակերտութեան հիացում կը պատճառեն, դասարանին մէջ խրախճանական մթնոլոտի ստեղծման առիթ ալ հանդիսանալով:
Եկեղեցին այսօր կայսրերու պէտք չունի հալածանքի ենթարկուելու համար: Պարզապէս իր իսկ սնուցած զաւակներէն ոմանք, անառակ որդիին ապերախտութեան ցնցոտին հագած, քանդիչ քննադատութեան խարազանով կը հալածեն Քրիստոսի Եկեղեցին՝ իրենց «Մայր»ը: Մօր դէմ շղթայազերծուած հալածանքի երեւոյթը ամէնէն անմարդկային հալածանքը պէտք է նկատել ամէն ժամանակներուն համար: Իսկ Եկեղեցին իբրեւ Մայր, մեզ ծնող, մեզ դիեցնող ու հասուն տարիքի հասցնող, ինչքան աւելի պիտի ծանրացնէ մեղքը զայն հալածողներուն, ըլլան անոնք աղանդաւորական շարժումներու գիտակից ղեկավարներ, թէ՝ տգէտ ու ողորմելի՜ հետեւորդներ: