Շաբաթ, 9 Յունիս 2007ի առաւօտեան ժամը 7էն սկսեալ արտակարգ աշխուժութիւն կը տիրէր Կլէնտէյլ Հայ Սքուլի ընդարձակ համալիրի մուտքին. մանուկներ, պատանիներ, երիտասարդներ, տարեցներ, հայ թէ օտար, դեղին եւ կանաչ T-shirt-ներ հագած, կ’աճապարէին դպրոցի բակը, ուր արդէն տեղադրուած էին Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու գրանցման եւ հովանաւորներու կրպակները, նախաճաշի, սուրճի եւ այլ սեղաններ: Հայկական խրոխտ եղանակը կը թնդայ, եւ մարդկային բազմութիւնը ժրաջան մեղուափեթակի աշխուժութեամբ կը պատրաստուի քայլարշաւի:
Հայկական ոսկրածուծի նուիրատուներու Լոս Անճելըսի կեդրոնի կազմակերպած «Կեանքի քայլարշաւ»ը պիտի մեկնարկէ ժամը 9ին: Կազմակերպիչ յանձնախումբը, Թալին Խաչատուրեանի գլխաւորութեամբ, առանց վայրկեան մը իսկ վատնելու, արագ եւ գործիմացօրէն կ’ընդունի քալողները: Կ’ակնկալուին 500 մասնակիցներ: Այսօր սկսող քայլարշաւը երկրորդն է (առաջինը տեղի ունեցած էր 2006ին, Փասատինայի Rose Bowl-ին մէջ), եւ կազմակերպութիւնը կը ջանայ աւանդութիւն դարձնել քայլարշաւը, որ տարուան վրայ երկարող տասնեակ այլ ձեռնարկներու կողքին կը միտի ոչ միայն նիւթական յառաջացնել Հայաստանի մէջ 2001 թուականէն պաշտօնապէս գրանցուած ոսկրածուծի Հայկական պատուաստման ռեգիսթրի ու այդ տարածաշրջանի լաւագոյն տարրալուծարանի կարիքներուն համար, հաւաքագրել ոսկրածուծի նոր նուիրատուներ, այլեւ ամերիկահայ համայնքին մէջ արթնցնել այս գործի կենսականութեան գիտակցութիւնը:
Քայլարշաւին մասնակցողներու եւ կամաւոր աշխատողներու մէջ կան մարդիկ, որոնց համար այս ձեռնարկը յատուկ կարեւորութիւն եւ նշանակութիւն ունի: Մուրատ Թօփալեան հակիրճ կը բանաձեւէ իր մասնակցութիւնը քայլարշաւին. «Պարտք կը զգամ քալելու, որովհետեւ աղջիկս՝ այսօր 8րդ դասարանը յաջողութեամբ աւարտող Ալիք Թօփալեանը, շնորհիւ ոսկրածուծի պատուաստման, վերապրեցաւ արեան քաղցկեղէն: Մէկ օր առաջ կը մասնակցէի Ալիքի աւարտական հանդէսին, ան ողջոյններ յղեց այսօրուան բոլոր կամաւորներուն եւ առողջութիւն ու յոյս մաղթեց բոլոր հիւանդներուն ու անոնց մերձաւորներուն: Ես հոս եմ, որովհետեւ կը հաւատամ, որ կեանք մը կրնանք փրկել այսօրուան այս ձեռնարկով»: Կազմակերպութեան նախագահ դոկտ. Ֆրիդա Չորդընի հետ բակ մտնող Արլին Թիթիզեանը վերապրող մըն է արեան քաղցկեղէն եւ վերստին ծնած մարդու անպատմելի ուրախութիւնը աչքերուն մէջ, եկած է օգնելու իր սիրելի կազմակերպութեան: «Հայկական ոսկրածուծի փոխպատուաստման ռեգիսթրը աշխարհի ամենալաւ կազմակերպութիւնն է: Եթէ իրենք չըլլային, ես այսօր հոս չէի ըլլար», անգլերէնով կ’ըսէ Արլին Թիթիզեան եւ այնքան սրտառուչ կը շշնջայ հայերէնով՝ «Աստուաւծ պահէ զիրենք», որ կը հաւատաս, թէ նոյն վայրկեանին արդէն Աստուծոյ հասաւ իր երախտապարտ աղօթքը:
Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան անձամբ եկած է իր քաջալերանքը յայտնելու կազմակերպութեան եւ կամաւորներուն: Ան ի մասնաւորի ըսաւ. «Ուրախ ենք տեսնելով այսքան մեծ թուով երիտասարդներ, որոնք եկած են իրենց մասնակցութիւնը բերելու: Շաբաթ առաւօտ անոնք իրենց նախընտրութիւնը տուած են այս առաքելութեան, ուրեմն պէտք է գնահատել զանոնք եւ անդրադառնալ, որ երբ ճշմարիտ եւ հրաշալի նման ծրագիրներ կան, երիտասարդութիւնը ընդառաջ կու գայ դրականօրէն պատասխանելու նման հրաւէրներու»:
Յունիսեան այս բարի առաւօտուն հոս է նաեւ վաղամեռիկ փոքրիկն Բիւրատ Մուղատասեանի ընտանիքը՝ հայրը, մայրը, հարազատները եւ անոր եօթնամեայ քոյրը՝ Նինարէն, որ եկած է քալելու ի յիշատակ իր եղբօր եւ ի փրկութիւն միւս բոլոր փոքրիկներուն, որոնց նկատմամբ ճակատագիրը դաժան գտնուած է, բայց կայ յոյսի այս կազմակերպութիւնը, որ կը պայքարի այդ ճակատագրի դէմ: Կեանքի այս քայլարշաւին կը մասնակցի նաեւ Բիւրատի ոսկրածուծի նուիրատուն՝ Լիաննա Շահիջանին, որ կը հաւատայ, թէ մարդկային կեանք մը փրկելը մարդու ամենամեծ առաքելութիւնն է աշխարհին մէջ:
Ճիշդ ժամը իննին քայլարշաւը պաշտօնապէս բացուած կը յայտարարուի: Յովնան արք. Տէրտէրեան, ապա Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ներկայացուցիչ Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան իրենց բացման խօսքով կը քաջալերեն ներկաները եւ յաջողութիւն կը մաղթեն այս ձեռնարկին, զայն նկատելով լոսանճելըսահայութեան ամենակարեւոր նախաձեռնութիւններէն մէկը: Տէրունական հաւաքական աղօթքէն յետոյ բոլորը կ’ուղղուին դէպի մարզադաշտին մուտքը եւ սրբազանին, քահանայ հայրերուն, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Փօլ Գրիգորեանի ու Կլէնտէյլի հանրային դպրոցներու միացեալ խորհուրդի վերահսկիչի օգնական Ալիս Պետրոսեանի ներկայութեամբ ու մասնակցութեամբ, կը կտրուի մարզադաշտի մուտքի ժապաւէնը, եւ քայլարշաւը կը սկսի:
Փօլ Գրիգորեան անձամբ կը քաջալերէ քալողները: Ան իր մասնակցութիւնը բացատրեց ըսելով. «Ես այսօր հոս եմ՝ աջակցելու համար մարդոց, որոնք կը տրամադրեն իրենց ժամանակը, եռանդը այս իրապէս խիստ անհրաժեշտ ձեռնարկին: Այս կամաւորները կրնան ճակատագրական փոփոխութիւն մտցնել հիւանդներու եւ անոնց ընտանիքներու կեանքին մէջ՝ ոսկրածուծի նուիրատուութիւն ընելով: Ոսկրածուծի նուիրատու գտնելը կենսականօրէն անհրաժեշտ է ոչ միայն այս համայնքին, այլեւ միւս բոլոր համայնքներուն. մարդիկ ոսկրածուծ նուիրելով կը փրկեն փոքրիկի մը, ընտանիքի մօր մը, կնոջ մը կամ երիտասարդի մը կեանքը, եւ այդ շատ կարեւոր է, ու պէտք է գիտակցիլ այդ կարեւորութեան»: Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան նոյնպէս կ’ուղեկցի քալողներու բազմամարդ թափօրը ու կարեւորութեամբ կը շեշտէ՝ «Այս կազմակերպութիւնը իսկապէս որ բոլորիս սրտին խօսող այն կազմակերպութիւնն է, որ մարդ արարածին կեանքը փրկելու աշխատանքին եւ ջանքին մէջն է: Քանի մը տարիներ առաջ սկսած է այս կազմակերպութիւնը, ուրախ ենք, որ այսօր մեծցած է այսքան եւ կ’աղօթենք, որ Աստուած տայ ուժը եւ կորովը, որպէսզի աւելի ուռճանայ այս հաստատութիւնը, որպէսզի մենք կարողանանք առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանալ մեր հայ քոյրերուն եւ եղբայրներուն՝ կեանք մը փրկելու նպատակաւ»:
Քայլարշաւը կը սկսի. անօրինակ խանդավառութեամբ կը քալեն պատանիներ, երիտասարդներ, տարեցներ: Քաջալերելու եւ քալելու եկած են շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, ՀՕՄուհիներ: Ինչպէս բոլոր ձեռնարկներուն, այսօր ալ արթուն պահակի նման մասնակիցներու առողջութեան կը հետեւին Հայ հիւանդապահներու միութեան անդամուհիները, որոնք անմիջական դարմանումի պէտքերով եւ ջուրի շիշերով ծանրաբեռնուած՝ կեցած են մարզադաշտի մուտքին: 86ամեայ Եսայի Մարտիրոսեանը եւ իր տիկինը իրենց հինգերորդ շրջապտոյտը կ’ընեն եւ կ’երթան հանգչելու մօտակայ նստարանին վրայ: «Եկած ենք մեր օգնութեան բաժինը տալու», կ’ըսէ ծերունազարդ հայը, ու վստահաբար նոյնքան աստուածահաճոյ է իր ըրածը, եւ այդ փոքրիկ կաթիլ-օգնութիւնը աւիշ պիտի տայ այլ հայու մը կեանքին:
Ի տես համընդհանուր խանդավառութեան եւ ոգեւորութեան, Ֆրիդա Չորդընը չի կրնար զսպել իր ուրախութիւնը, ընդառաջ կ’երթայ բոլորին, կ’ողջունէ, կը ներկայացնէ, յաւուր պատշաճի կը դիմաւորէ պաշտօնական հիւրերը՝ Կլէնտէյլի քաղաքապետարանի ներկայացուցիչները, քոնկրէսական Էտըմ Շիֆը, «Արթիսթներ երեխաներու համար» կազմակերպութեան անդամները: Ֆրիդան իր ուրախութիւնը կը բաժնէ մեզի հետ՝ կարճ հարցազրոյց մը տալով. «Սա մեր կազմակերպած երկրորդ քայլարշաւն է: Մասնակիցների թիւը այս տարի կրկնապատկուել է, եւ դա նշանակում է, որ մեր աշխատանքները արդիւնաւորուած են եւ մեր ծրագրի կարեւորութեան գիտակցութիւնը մտել է հայ ընտանիքներից ներս: Մենք յիրաւի դառնում ենք համահայկական մի կազմակերպութիւն, հետզհետէ աւելի մեծ թուով մարդիկ են մասնակցում մեր ձեռնարկներին: Անցեալ տարի մենք մեծ յաջողութիւններ ունեցանք, բայց ունեցանք նաեւ կորուստներ. մեր երեխաներից երկուսը մահացան: Սա նաեւ խօսում է այն մասին, որ արեան քաղցկեղը գոյութիւն ունի մեր հաւաքականութեան մէջ, եւ մենք պէտք է ձեռք-ձեռքի տուած պայքարենք այդ հիւանդութեան դէմ: Մեր գլխաւոր հովանաւորն է Glendale Memorial Hospital & Health Center-ը: Այսօրուայ քայլարշաւը հովանաւորում են CalNational Bank-ը, City of Glendale Water & Power-ը, Closet World-ը, Design By Naz Exclusive Jewlery-ն, Eric Garcetti-ի գրասենեակը, Glendale Adventist Medical Center-ը, Կլէնտէյլի դպրոցական միացեալ խորհուրդը, «Հորիզոն» 24 ժամեայ հայկական հեռուստակայանը, Next Day Color Printing-ը, Print On All Promotional Products-ը, St. Joseph Hospital-ը եւ Կլէնտէյլի քաղաքապետարանը: Այսօր մեր աշխատանքի առաջին փուլը՝ ռեգիսթրը կազմելը յաջողութեամբ աւարտուել է, ու ներկայիս մենք ունենք մօտաւորապէս 13,000 անդամ հաշուող նուիրատուների ցանց: Մեր նպատակը Հայաստանի մէջ պատուաստման կենտրոն հիմնելն է, եւ մենք վստահ ենք, որ մեր ժողովրդի աջակցութեամբ կ’իրականացնենք նաեւ այդ: Այսօր 100ից աւելի նուիրատուներ արձանագրուեցին եւ քայլարշաւին մասնակցողների թիւը անցաւ 800ը»:
Քայլարշաւին մասնակցող ամերիկուհի Մըրին Օ’Մալին, չնայած իր յղի վիճակին, արագաքայլ կատարեց իր 12րդ շրջանը, որ հաւասար է 5 քիլոմեթրի եւ ծրագրուած նուազագոյն սահմանն էր: «Երջանկութիւն է այլ մարդոց օգնելը,- կ’ըսէ ան,- հոս եմ, որ օգնեմ դրամահաւաքին: Հաճելի է, երբ այդքան վեհ նպատակի համար գործ մը կ’ընես: Ես ծնունդ պիտի տամ նոր կեանքի մը եւ կ’ուզեմ օգնել ուրիշի մը կեանքի շարունակուելուն»: «Մերտինեան» վարժարանի աշակերտներու փոքրիկ խումբ մը կը հանգչի դպրոցի բակի նստարաններու վրայ: 10-12 տարեկան սեւաչուի հայկակներ են: Ուրախ են եւ մեծ մարդու լրջութեամբ կ’ըսեն՝ «Ըրածնիս շատ քիչ է, պէտք է աւելի շատ բան ընենք»: Երգիչ Էլոն Սարաֆեանն ալ քալողներու մէջ է: Ան իբրեւ մարդ պատուուած կը զգայ, որ «Արթիսթներ երեխաներու համար» կազմակերպութիւնը իրեն դիմած է աջակցութեան համար: Էլոնի վերջին համերգի հասոյթը՝ 5000 տոլար, ամբողջութեամբ նուիրուեցաւ Հայկական ոսկրածուծի պատուաստման կեդրոնին: Քիչ ետք, փակման հանդիսութեան, Էլոնը խօսք պիտի առնէ, ըսելու համար, որ ի՛նք շնորհակալ է այսպիսի կարեւոր գործի մը օգնելու համար, եւ չ’ուզեր, որ իրեն շնորհակալութիւն յայտնեն: Այո, կ’ըսուի, թէ սակաւ են ընտրեալները, բայց, չափազանցութիւն չէ կարծելը, որ յունիսեան այդ առաւօտ հոն հաւաքուածները ընտրեալներ էին անխտիր:
2007ի «Կեանքի քայլարշաւ»ի յանձնախումբի ատենապետուհի Թալին Խաչատուրեանը խանդավառ է, շնորհակալ այն բոլոր կամաւորներուն, որոնք եկած են համալրելու ընդամէնը 7 հոգի հաշուող յանձնախումբի շարքերը: Ան անվարան կ’ըսէ, թէ ամէն տարի պիտի կազմակերպեն այս քայլարշաւները՝ թէ՛ աւանդոյթը յարգելու եւ թէ կազմակերպութեան աշխատանքի կարեւորութիւնը մեր հայրենակիցներուն բացատրելու համար:
11:30ին տեղի ունեցաւ քայլարշաւի պաշտօնական փակումը: Յանձնախումբի անդամներէն Յարութ Մանուկեան հրաւիրեց ներկաները, հիւրերը եւ քալողները՝ մասնակցելու փակումին: Թալին Խաչատուրեան շնորհակալութեան խօսք փոխանցեց կազմակերպութեան հովանաւորներուն, պաշտօնական հիւրերուն, քալողներուն եւ ոսկրածուծի նոր նուիրատուներուն: Դոկտ. Ֆրիդա Չորդըն ամփոփ գիծերու մէջ խօսեցաւ կազմակերպութեան անցեալ տարուան նուաճումներուն մասին եւ իր ուրախութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլորին այս աննախընթաց քայլարշաւին մասնակցելու համար:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Էտըմ Շիֆ, որ արդէն ժամ մը առաջ եկած էր եւ անձամբ քաջալերած քալողները: Դիմելով ներկաներուն, ան ըսաւ, որ բոլորին աշխատանքը այսօր արդիւնաւորուեցաւ: Ան շեշտեց յատկապէս էթնիք համայնքներու մէջ կատարուող առողջապահական աշխատանքներու կարեւորութիւնը, դիտել տալով, որ ծինային նոյն իւրայատկութիւնները ունեցող մարդիկ աւելի լաւ կրնան օգնել զիրար այս պարագային:
«Արթիսթներ երեխաներու համար» կազմակերպութեան ներկայացուցիչները եւ Էլոն Սարաֆեան 5000 տոլարի չէքը պաշտօնապէս յանձնեցին Ֆրիդա Չորդընին:
Նաեւ իրենց ուղերձները յղած էին Լոս Անճելըս գաւառի խորհուրդի անդամ Մայքըլ Անթոնովիչ եւ Կլէնտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանը:
Պաշտօնական արարողութենէն յետոյ բեմ հրաւիրուեցաւ սիրուած երգիչ Ներսիկ Իսպիրեան՝ խանադավառելու ներկաները: Ներսիկ իր սիրայօժար ներկայութիւնը բացատրեց հետեւեալ խօսքերով՝ «Այս կազմակերպութեան նպատակը բարի է, եւ ուրեմն իւրաքանչիւր հայ իր լուման պէտք է բերի այս գործին»:
Յոգնած, բայց հոգեպէս բաւարարուած ներկաները շարունակեցին խանդավառ պարել Ներսիկի երգերուն ուղեկցութեամբ: