Օրհնութեամբ եւ նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառին, Կիրակի, 21 Մայիսին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ, սարկաւագական ձեռնադրութիւն տեղի ունեցաւ յընթացս Ս. պատարագին՝ ձեռամբ Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ Աւետիք վրդ. Տէր Կարապետեանի։
Սարկաւագական կարգ ստացան Դպրեվանքի Բ. Ընծայարանի աշակերտներ՝ Վարդան կիս. Ասայեան, Վահէ կիս. Ֆիլիքեան, Հրակ կիս. Թաշճեան եւ Դրօ կիս. Կիւլէսէրեան։
Ընծայեալները, խարտաւիլակ հայր սուրբին առաջնորդութեամբ, ծնրադիր բարձրացան Ս. Խորան, ուր՝ անոնց անբիծ կեանքին մասին վկայութիւններ տրուելէ ետք, հրապարակաւ հրաժարեցան աշխարհէն ու աշխարհիկէն եւ ուխտեցին նուիրուիլ հայ եկեղեցւոյ եւ Ս. սեղանի ծառայութեան։ Ապա, ձեռնադրիչ սրբազանը անոնց ուսերուն վրայ դրաւ Քրիստոսի լուծը խորհրդանշող սուրբ ուրարները եւ, ոգեշունչ աղօթքներով, անոնց տուաւ Ս. Աւետարան ընթերցելու, սկիհի վերաբերում կատարելու ու բուրվառով Աստուծոյ անուշ բոյրը խնկելու իշխանութիւնը։
Ձեռնադրութենէն ետք, սրբազան հայրը յաւուր պատշաճի փոխանցեց օրուան պատգամը։ Սրբազանը անդրադարձաւ սուրբ խորհուրդներուն՝ մկրտութեան, դրոշմի, պսակի եւ այլն ընդմէջէն Ս. Հոգիին դերակատարութեան։ Ձեռնադրութիւնը եւս, այս պարագային սարկաւագականը, կը ներառուի եկեղեցւոյ սրբազան խորհուրդներու շարքին։
Քարոզի աւարտին, ձեռնադրիչ Գեղամ արքեպիսկոպոսը շնորհաւորեց Դպրեվանքի տեսչութիւնն ու ուսուցչական կազմը եւ նորընծայ սարկաւագներուն ծնողներն ու պարագաները եւ աղօթք բարձրացուց առ ամենաբարին Աստուած, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը պահէ հաստատուն, Դպրեվանքը՝ զօրեղ եւ Կիլիկեան ուխտեալ միաբանութիւնը՝ բարգաւաճ։
Պատարագէն ետք, նոր ընծայեալ սարկաւագները, ձեռնադրիչ սրբազան հօր գլխաւորութեամբ եւ շաբաթ մը առաջ դպրութեան ու կիսասարկաւագութեան ձեռնադրութիւն ստացած Դպրեվանքի աշակերտները, բարձրացան Վեհարան, ուր հայրապետը իր հայրապետական ու հայրական օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքը փոխանցեց անոնց։