Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա 7 Յունիսին արձագանգեց Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութեան, ըստ որուն, ապաշրջափակման պարագային, սահմանային ամբողջ ծառայութիւնները պիտի կատարեն միայն հայկական ուժերը, այսինքն՝ ըստ եռակողմ յայտարարութեան` Ատրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ երթեւեկային հաղորդակցութիւնը պէտք է ապահովեն Ռուսիոյ սահմանապահները:
«Առաջին հերթին, Հայաստանի բարձրաստիճան ներկայացուցիչը ամէն պարագայի պէտք է կողմնորոշուի` կա՛մ բնական երկխօսութիւն, որ ոչ միայն կարելի է, այլեւ պէտք է ըլլայ, կա՛մ ալ այսպիսի յայտարարութիւններ: Մենք կ՛ընտրենք առաջինը»:
Զախարովա դիտել տուաւ, որ իսկապէս՝ Մոսկուայի հասցէին քննդատութիւն կար: «Ինչ կը վերաբերի տարածաշրջանային հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման, անիկա Ռուսիոյ, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի փոխվարչապետերու մշակման առարկայ է, առ այդ, ճիշդ չեմ նկատեր արձագանգել եղած մեկնաբանութիւններուն», ըսաւ ան։