Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական առաքելութիւնը կը պատրաստուի յաւելեալ երեք նոր դաշտային գրասենեակներ բանալու Կապանի, Իջեւանի եւ Եղէգնաձորի մէջ։ Այս մասին յայտարարեց առաքելութեան ղեկավար Մարկոս Ռիթըր` Մարտունիի մէջ, 1 Յունիսին ընդունելով Արեւելեան Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ աշխատանքային խումբի Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը:
Ներկայացնելով առաքելութեան գործունէութիւնը` ան յայտկաէս նշեց, որ առաքելութիւնը կը կատարէ առաւել քան 300 հսկողութիւններ Գորիսի, Ջերմուկի եւ Մարտունիի մէջ գտնուող իր դաշտային գրասենեակներէն:
«Ամէն շաբաթ, հսկիչ-դիտորդները կը կտրեն առաւել քան 3800 քիլոմեթր տարածութիւն: Առաքելութիւնը մեկնարկած է աննախադէպ արագութեամբ` սկսելով իր գործողութիւնները այս Փետրուարին», ըսաւ Ռիթըր` շեշտելով` առաքելութեան նպատակն է՝ հասնիլ սահմանամերձ շրջաններու ապահովութեան կայունացման:
Վկայակոչելով Հայաստանի պաշտօնեաներու յայտարարութիւնները` Ռիթըր ըսաւ. «Առաքելութիւնը նպաստած է իրավիճակի որոշ կայունացման, այնուամենայնիւ, իրավիճակը կը մնայ անկայուն»։