Հայաստանի եւ Ռուսիոյ վարչապետներ Նիկոլ Փաշինեան եւ Միխայիլ Միշուսթին Սոչիի մէջ բանակցութիւններ վարեցին։ Այս մասին կը յայտնէ Ռուսիոյ կառավարութիւնը:
Հանդիպման սկիզբը, Միշուսթին Փաշինեանին եւ Հայաստանի նախագահին փոխանցեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի ողջոյնները: «Մենք անկեղծօրէն կը գնահատենք մեր եղբայրական յարաբերութիւնները, որոնք ռազմավարական եւ դաշնակցային բնոյթ ունին», ըսաւ ան։
Փաշինեան, իր կարգին, բարձր գնահատեց երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքը եւ, մասնաւորապէս, գործարար համագործակցութիւնը: Ան նաեւ լուսարձակի տակ առաւ փոխադարձ առեւտուրի եւ ներդրումներու աշխուժութեան աճը:
Միշուսթին եւս դրական նկատեց գործարարական կապը երկու երկիրներուն միջեւ՝ անդրադառնալով լաւ եւ գոհացուցիչ արդիւնքներուն։
Յայտնենք, որ Սոչիի մէջ տեղի կ՛ունենայ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի եւ ԱՊՀ Կառավարութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը:
Միշուսթին նշեց միջկառավարական յանձնաժողովի արդիւնաւէտ աշխատանքը, որուն շնորհիւ կ՛ընդարձակուի Ռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ գործընկերութիւնը՝ աւելցնելով, որ Ռուսիա շահագրգռուած է նոր միացեալ նախագիծերու սկսելով՝ ուժանիւթի, հանքարդիւնաբերութեան, թուայնացման եւ երկրագործական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ:
Ան նաեւ շեշտեց, որ՝ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն համաձայնութիւններուն համապատասխան, համակարգուած աշխատանք կը տարուի Անդրկովկասի մէջ, տնտեսական եւ երթեւեկութեան կապերու ապաշրջափակման ուղղութեամբ, կը ստեղծուին ենթակառուցուածքային նոր ուղիներ:
Փաշինեան անդրադարձաւ այն շօշափելի յառաջընթացին, որ, ըստ իրեն, ձեռք բերուած է վերջին հանդիպման ատեն: Ան ընդգծեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը` շարունակելու նման աշխատանք եւ իրականացնելու ձեռք բերուած համաձայնութիւնները: