Չորեքշաբթի, 7 Յունիսին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նորանշանակ նախարար Հաքան Ֆիտան հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան։
«Արարատ Միրզոյեանը շնորհաւորել է Հաքան Ֆիդանին Թուրքիայի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարի պաշտօնում նշանակուելու կապակցութեամբ: Կողմերն արտայայտել են իրենց պատրաստակամութիւնը շարունակել աշխատել երկու երկրների միջեւ յարաբերութիւնների ամբողջական կարգաւորման ուղղութեամբ», կը յայտնէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: