Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաստատեց, որ յաջորդ շաբաթ Ուաշինկթընի մէջ նախատեսուած արտաքին գործոց նախարարներու քննարկումներու հերթական փուլը յետաձգուեցաւ. տակաւին յստակ չէ, թէ որքան ժամանակով, եւ թէ ինչ պատճառով: Միայն յայտարարուեցաւ, որ անոնք յետաձգուեցան Ատրպէյճանի խնդրանքով:
Խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ նախարարներ Միրզոյեան-Պայրամով հանդիպումը, ըստ պաշտօնական Երեւանի, պիտի սկսէր Երկուշաբթի, 12 Յունիսին, սակայն նոր ժամկէտներու մասին որեւէ փոխանցում չկայ: Նախարարութիւնը նշեց, որ որոշուելու պարագային, պիտի յայտարարեն թուականը:
Պաշտօնական Պաքուն չհերքեց, որ յետաձգման նախաձեռնողը ինք եղած է, բայց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի բանբերը՝ Այխան Հաճիզատէ, նոր ժամկէտի մասին ոչինչ ըսաւ, այլ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ արտաքին գործոց նախարարներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային:
Ան ընդգծեց, որ՝ իբրեւ կանոն, հանդիպման յստակ թուականին մասին կազմակերպիչ երկիրը կը յայտարարէ: Ամերիկեան կողմը, սակայն, ո՛չ հանդիպման նոր ժամկէտ կը նշէ, ո՛չ ալ յետաձգման պատճառներու փակագիծերը կը բանայ:
«Ազատութիւն»ը դիմեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան՝ պատճառներուն մասին աւելի մանրամասն տեղեկութիւն ստանալու համար: Բանբերը միայն ըսաւ, որ ներկայ դրութեամբ յստակ ժամկէտներու մասին չեն կրնար յայտարարել:
Հանդիպման մասին այս շաբաթ երկու անգամ խօսեցաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Վետանթ Փաթել՝ խուսափելով ժամկէտներ նշելէ:
«Ես մտադիր չեմ հաստատել կամ որեւէ ներքին տեղեկութիւն տրամադրել ժամանակացոյցի կամ հաւանական թուականներու մասին: Հաստատեմ միայն, որ մենք անհամբեր կը սպասենք բանակցութիւններու նոր փուլը հիւրընկալելու, որովհետեւ կողմերը կը շարունակեն հետամուտ ըլլալ Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ խաղաղ ապագայի հաստատման», ըսաւ ան:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման յետաձգման հաւանականութեան մասին 8 Յունիսին յայտարարեց »Թուրան« գործակալութիւնը՝ առանց կայակոչելու դիւանագիտական աղբիւրները: Հանդիպումը ոչ 12 Յունիսին, ոչ ալ յաջորդ շաբաթ կրնայ տեղի ունենալ, գրած է ատրպէյճանական լրատուամիջոցը: «Թուրան» դիտել տուաւ, որ հանդիպումը չէ չեղարկուած, այլ յետաձգուած է: