Շուէտի Գերագոյն ատեանը արտօնեց Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան համակիրի մը Թուրքիոյ արտայանձնումը` այդպիսով բաւարարելով ՆԱԹՕին անդամակցութեան համար Անգարայի գլխաւոր նախապայմաններէն մէկը: Այս մասին հաղորդեց շուէտական «Աֆթոնպլատեթ» օրաթերթը:
Օրաթերթը նշեց, որ երկրի Արդարադատութեան գերագոյն մարմինի այս «կանաչ լոյս»ը տալէն ետք, այժմ կառավարութիւնը պէտք է որոշէ, թէ այդ գործիչը Անգարային պիտի յանձնէ՞, թէ ոչ:
Եթէ Շուէտի կառավարութիւնը որոշէ այդ անձը արտայանձնել, ան կը դառնայ Թուրքիոյ կողմէ «ահաբեկչական» որակուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան առաջին համակիրը, որ Սթոքհոլմի կողմէ Անգարային կը յանձնուի:
«Աֆթոնպլատեթ»ը կը նշէ, որ խնդրոյ առարկայ 35 տարեկան անձը 2014ին Թուրքիոյ մէջ դատապարտուած էր առաւել քան չորս տարուան բանտարկութեան` թմրեցուցիչի մաքսանենգութեան յանցանքով: Ան ազատ արձակուելէ ետք փոխադրուած էր Շուէտ, սակայն Սթոքհոլմի իշխանութիւնները անցեալ Օգոստոսին զայն ձերբակալեցին` ընդառաջելով պահանջին թրքական դատախազութեան, որ կ՛ուզէ անոր ստիպել իր պատիժին մնացեալ շրջանը անցընել բանտին մէջ:
Խնդրոյ առարկայ անձը, սակայն, կ՛ըսէ, թէ թրքական իշխանութիւնները զինք թիրախ կը դարձնեն Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զօրակցելուն պատճառով:
Նշենք, որ Կիրակի օր, Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը Շուէտի` ՆԱԹՕին անդամակցելու ձգտումին եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նոր օրէնքի որդեգրման դէմ, որ, ըստ ցուցարարներուն, թրքական ճնշումներուն արդիւնք է:
Նշեալ օրէնքը ուժի մէջ մտաւ 1 Յունիսին: