Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգները մտահոգ է Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին ստեղծուած իրավիճակով:
«Մենք կը շարունակենք կոչ ուղղել երկու կողմերուն՝ աշխատելու միասին, որպէսզի կարելի ըլլայ յաղթահարել մնացած տարակարծութիւնները: Ընդհանուր առմամբ, մենք կը հաւատանք, որ կայ (խաղաղութեան) համաձայնագիրը կնքելու կարելիութիւն», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն անհամբեր կը սպասէ երկու կողմերուն հետ հանդիպման, որ կարելիութիւն պիտի տայ յառաջանալ խաղաղութեան գործընթացին մէջ:
Աւելի կանուխ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած էր ռուսական լրատուամիջոցներէն մէկուն մէջ հրապարակուած տեղեկութիւնը՝ թէ Միացեալ Նահանգները Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները կը ստիպէ երրորդ երկրի տարածքին մէջ հանդիպիլ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչներուն հետ:
Նախարարութիւնը հաստատեց, որ իր երկիրը կ՛ողջունէ որեւէ երկխօսութիւն, որ պիտի նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի իրաւունքներուն եւ ապահովութեան պաշտպանութեան, որ պէտք է նկատի առնուի: