Ատրպէյճան հանդէս կու գայ ուքրանական ճգնաժամի շուտափոյթ կարգաւորման օգտին` հիմնուած Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վրայ:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Լոնտոնի մէջ Ուքրանիոյ վերականգնման միջազգային խորհրդաժողովին ընթացքին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Ան յայտնած է, որ Պաքու Ուքրանիոյ պիտի յատկացնէ 10 միլիոն տոլարի օգնութիւն, որ կը ներառէ ելեկտրական սարքերու մատակարարում եւ վերակառուցման օժանդակութիւն: