Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնները հաղորդեցին, որ 27 Յունիսին, Ուաշինկթընի մէջ պիտի սկսին հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւնները, որոնք մասնակցելու նպատակով նախարարներ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճէյհուն Պայրամով մեկնեցան Միացեալ Նահանգներ:
Հաղորդուեցաւ, որ այս հանդիպումը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման համաձայնագիրին շուրջ քննարկումներու յաջորդ փուլին մաս կը կազմէ:
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, անդրադառնալով Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններէն ակնկալութիւններուն՝ յայտնեց, որ խաղաղութեան նախատեսուող համաձայնագիրին համար Հայաստան եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն գլխաւոր հարցերու շուրջ տարակարծութիւններ ունենալ:
«Ակնկալում ենք առաջընթաց: Հայաստանի դիրքորոշումն այն է, որ մենք ուզում ենք ունենալ խաղաղութեան պայմանագրի այնպիսի տեքստ, որը կը բխի մեր շահերից եւ հնարաւոր կը լինի ստորագրել: Բնականաբար, գործընթացը բարդ է, կան հարցեր, որոնց շուրջ կան տարաձայնութիւններ: Կան նաեւ հարցեր, որոնց շուրջ արդէն կան համաձայնութիւններ: Բայց գլխաւոր հարցերի շուրջ շարունակում են մնալ տարաձայնութիւններ», ըսաւ Ռուբինեան:
Ակնկալութիւնը այն է, որ կարելի կ՛ըլլայ քանի մը քայլով մօտեցնել դիրքորոշումները: Ռուբինեան չի կարծեր, թէ ապաշրջափակման պարունակին մէջ ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան վերաբերեալ համաձայնութիւն չկայ: «Ես տպաւորութիւն ունեմ, որ այդ կէտով համաձայնութիւն կայ: Այլ հարց, որ այդ համաձայնութիւնը դեռ չի ֆիքսուել (ճշդուած) թղթի վրայ, յոյսով եմ, որ կը ֆիքսուի», յայտնեց Ռուբինեան:
Ան աւելցուց, որ կարելի եղածին չափ արագ Հայաստան պէտք է ունենայ իր շահերէն բխող խաղաղութեան համաձայնագիր: Հայկական կողմին համար կան ամէնէն սկզբունքային եւ կարեւոր երեք կէտեր:
«Առաջինը՝ կոնկրետ (յստակ) քարտէզ դնել տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման հիմքում: Երկրորդը՝ ԼՂ ժողովրդի իրաւունքների եւ անվտանգութեան հասցէագրումն է, որը կարծում ենք, որ պէտք է տեղի ունենայ Պաքու-Ստեփանակերտ երկխօսութեան միջոցով՝ միջազգային մեխանիզմով (գործիքակազմով): Երրորդը՝ երաշխիքների ինստիտուտն է», ըսաւ Ռուբինեան:
Ըստ «Թրենտ» գործակալութեան՝ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այհան Հաճիզատէ ըսաւ, թէ հաւանականութիւն կայ, որ բանակցութիւնները տեւեն քանի մը օր, իսկ անոնց առանցքը ըլլայ խաղաղութեան համաձայնագիրը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտարարեց, որ 27 Յունիսին, Ուաշինկթընի մէջ մեկնարկելիք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն բանակցութիւնները պիտի տեւեն մինչեւ 29 Յունիս: «Հաւատացած ենք, որ ուղիղ երկխօսութիւնն է խաղաղութեան հասնելու ուղին», աւելցուց ան: