Շաբաթավերջին, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու լոյսին տակ, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյցներ ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ:
Այս մասին յայտնեցին Հայաստանի կառավարութենէն:
Փութինի հետ զրոյցին ընթացքին, Փաշինեան ընդգծեց, որ հակառակ անոր որ Ռուսիոյ մէջ ընթացող իրադարձութիւնները Ռուսիոյ ներքին գործն են, Հայաստան կ՛ուզէ տեղեկութիւններ ստանալ բարեկամ երկրին մէջ տիրող իրադրութեան վերաբերեալ: Ռուսիոյ նախագահը Փաշինեանին տեղեկութիւններ տուաւ տիրող կացութեան մասին:
Իրանի նախագահին հետ զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան տարածաշրջանային զարգացումները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման ու օրակարգային հարցերու վերաբերող նիւթեր:
Կողմերը ընդգծեցին բարձր մակարդակի փոխայցելութիւններու եւ կապերու կարեւորութիւնը: