Հակարիի ատրպէյճանցիներու անցակէտի ամբողջական փակումէն տասը օր ետք, միայն 25 Յունիսէն Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէն վերսկսաւ Արցախէն Հայաստան ծանր հիւանդներ տեղափոխել: Երկու օրուան ընթացքին, 31 հիւանդներ տեղափոխուեցան Երեւան, անոնց հետ նաեւ ընկերակիցներ: Այս մասին կը գրէ «Ազատութիւն»ը:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու տարածած տեսանիւթերէն կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս անցակէտի ատրպէյճանցի ծառայողները մանրակրկիտ կերպով կը խուզարկեն ինքնաշարժները, կը ստուգեն քաղաքացիներու փաստաթուղթերը:
Տակաւին յստակ չէ, թէ արդեօք ռուսական խաղաղապահներո՞ւն ալ արտօնուած է անցակէտով ելեւմուտք կատարել:
Ըստ Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան հաղորդումին՝ բազմաթիւ հիւանդներ տակաւին իրենց կարգին կը սպասեն Արցախ երթալու, նաեւ՝ հակառակ ուղղութեամբ:
Անցակէտի փակ ըլլալուն պատճառով, Շաբաթ օր ռուս խաղաղապահները ուղղաթիռով մէկ տարեկան արցախցի փոքրիկն Մոնթէն Երեւան տեղափոխեցին: Ան ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է. ան աւելի կանուխ պէտք է տարուէր Երեւան, սակայն ճամբաներուն փակ ըլլալուն պատճառով ձգձգուեցաւ անոր տեղափոխութիւնը: «Արաբկիր» հիւանդանոցէն «Ազատութեան» յայտնեցին, որ փոքրիկին մօտ դրական յառաջընթաց կայ:
Տակաւին յստակ չէ, որ Հակարիի անցակէտը Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ինքնաշարժներուն դիմաց բանալու քայլը ինչի՛ արդիւնք է, պաշտօնական ոչինչ հաղորդուեցաւ:
Ըստ Արցախի մարդու իրաւուքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանի՝ Պաքուն այս քայլին դիմած է միջազգային զանազան կեդրոններու ճնշման իբրեւ արդիւնք։ «Սրանում միգուցէ նաեւ դեր են խաղացել նախօրէին ԵԽԽՎում ընթացած լսումները եւ ընդունուած բանաձեւը եւ առհասարակ տարբեր պետութիւնների արտայայտած դիրքորոշումները, սակայն ամբողջութեամբ արդիւնաւէտ դրանք գնահատել չեմ կարող, որովհետեւ որքան էլ որ Կարմիր Խաչի միջոցով բուժառուների տեղափոխութիւնը կամ դեղորայքի ներկրման հնարաւորութիւնը վերականգնուել է, մենք գործ ունենք 120 հազար մարդու հետ, որոնք այսօր զրկուած են պարէնային որեւէ հասանելիութիւնից, հիգիենայի (մաքրութեան) ապրանքների հասանելիութիւնից», յայտնեց Ստեփանեան՝ աւելցնելով. «Յատկապէս հումանիտար (մարդասիրական) բեռների փոխադրման անհնարինութիւնը լրջագոյն խնդիրներ է ստեղծում Արցախում»։
Ան ըսաւ, որ 12 օր շարունակ ամբողջական շրջափակման պատճառով Ստեփանակերտի եւ միւս շրջաններուն մէջ արդէն որոշ սննդամթերքներ եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ չգոյութիւնը զգալի է։
«Խօսքը օրինակ՝ արեւածաղիկի ձէթի մասին է, մրգերի ու բանջարեղէնի, իսկ Արցախի տեղական արտադրանքը տեղական պահանջարկի հետ ընդհանրապէս անհամատեղելի է», ըսաւ Ստեփանեան:
Անցակէտը միջազգային կազմակերպութեան ինքնաշարժներուն համար բանալու որոշման նախորդեց 24 Յունիսին Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին եւ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի պատուիրակութեան ղեկավարին հանդիպումը: Ճէյհուն Պայրամով եւ Տրականա Խոճիչ, ինչպէս հաղորդեց պաշտօնական Պաքուն, քննարկեցին Ատրպէյճանի եւ ԿԽՄԿի համագործակցութեան հարցերը, Լաչինի ճանապարհին տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի մէջ կազմակերպութեան աշխատանքը: Նոյն հանդիպման Պայրամով նաեւ առաջարկեց Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան «օգնելու համար» օգտագործել Աղդամ-Ստեփանակերտ ճամբան: