Հայաստանի փաստաբանները գործադուլի եւ տարբեր նախաձեռնութիւններու դիմեցին` 7 Յունիսին փաստաբան Կարէն Ալավերդեանը ոստիկանական բաժանմունքին մէջ ոստիկաններուն կողմէ բռնութեան ենթարկուելէն ի վեր:
Ալավերդեանի նկատմամբ բռնութիւն բանեցուեցաւ, երբ ան փորձեց կանխել իր պաշտպանեալին նկատմամբ ոստիկաններու բռնութիւնը:
Փաստաբանները արդէն այդ օրէն ի վեր զանազան քայլերու դիմեցին՝ իրենց կեցուածքը եւ ընդվզումը արտայայտելու համար: Անոնք գլխաւոր դատախազին հեռատեսիլ նուիրեցին՝ բռնութեան դէպքերուն մասին իրազեկ դառնալու նպատակով, իսկ այս օրերուն դարձեալ ներքին գործոց նախարարութեան շէնքը գացին, մինչ փաստաբաններէն մէկը եկած էր զրահաբաճկոնով եւ սաղաւարտով:
Անոնք նաեւ իրենց պահանջագիրը ներկայացուցին նախարարութեան:
26 Յունիսին, փաստաբանները երթով ուղղուեցան դէպի Հայաստանի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան գլխաւոր վարչութիւնը, ուր բռնութեան ենթարկուեցաւ փաստաբան Կարէն Ալավերդեան:
Անոնք յայտարարեցին, որ նման քայլի կը դիմեն, որպէսզի միջազգային կառոյցներու եւ իրաւասու մարմիններու ուշադրութիւնը հրաւիրեն փաստաբաններու նկատմամբ կիրարկուած բռնութեան դէպքերու վրայ:
Անոնք բարձրացուցին պաստառներով, որոնց վրայ գրուած է «Ո՛չ բռնութեանը», եւ «Բռնարարը ոստիկան չէ»:
Ոստիկանական բաժանմունք հասնելէ առաջ, Փաստաբաններու պալատի նախկին նախագահ Արա Զոհրաբեան, խօսելով վերջերս ոստիկանական բաժանմունքին մէջ ծեծի ենթարկուած փաստաբան Կարէն Ալավերդեանի մասին՝ ընդգծեց, որ նախաձեռնուած վարոյթը բաւարար չէ:
Փաստաբանները Երեւանի ոստիկանութեան կեդրոնական բաժինի պետին բռնցքամարտի ձեռնոցներ նուիրեցին՝ յուսալով, որ ծեծի մասին այլեւս չեն լսեր, եւ իրենց պահանջը կը կատարուի՝ բռնութիւն կատարած ոստիկանները կը հեռացուին աշխատանքէ: