Յարգելի խմբագրութիւն «Ասպարէզ» Օրաթերթի,
Մեծ հաճոյքով կարդացի դոկտ. Նորա Արիսեանի «Կրթական մշակ եւ բանաստեղծ Արմէն Անոյշի ծննդեան 100ամեակին առթիւ» խորագրուած յօդուածը (Երեքշաբթի, Յունիս 12, էջ 6)։ Գրութեան մէջ, սակայն, կը պակսէր յիշատակումը Արմէն Անոյշի «Արեան ճանապարհով» գործի թարգմանութեան՝ A Passage Through Hell: A Memoir-ի հրատարակիչներուն, որոնք են Յակոբ եւ Քնար Մանճիկեանները (H. and K. Manjikian Publications): Յիշատակումը անհրաժեշտ էր եւ լիովին արժանի, թէ՛ հրապարակագրական ճշգրտութեան սիրոյն, եւ թէ՛ տրուած ըլլալով այն իրողութիւնը, որ հրատարակիչները հսկայական աշխատանք տարած են A Passage Through Hell-ի լոյս ընծայման ուղութեամբ. անո՛նք էին ծրագրի նախաձեռնողները, ինչպէս նաեւ ծայրագոյն բծախնդրութեամբ մասնակիցները՝ թարգմանչական գործընթացին։ Մանճիկեան ամոլը նմանօրինակ աշխատանք տարաւ այս տարի՝ Միքայէլ Շամտանճեանի «Հայ մտքին հարկը Եղեռնին» գործի թարգմանութեան՝ Tha Fatal Night-ի պարագային եւս։ Յիշեալ զոյգ թարգմանութիւնները մաս կը կազմեն Մանճիկեաններուն կողմէ վերջերս հիմնուած եղեռնեան մատենաշարին՝ Genocide Library-ին:
Խորին շնորհակալութեամբ,
Իշխան Ճինպաշեան
Յունիս 13, 2007
Լոս Անճելըս