
Նոր հրատարակուած «Հարցեր Մկրտութեան Մասին» հատորին մասին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան կը գրէ հետեւեալը. «Մեզ համար ուրախութիւն է տեսնել Գէորգ սրկ. Գէորգեանի մտքի նոր արգասիքը՝ «Հարցեր Մկրտութեան Մասին» կարեւոր եւ օգտակար աշխատութիւնը։ Մկրտութեամբ կը դառնանք Աստուծոյ որդեգիր եւ անդամ Քրիստոսի եկեղեցւոյ։ Քրիստոնէական սրբազան այս խորհուրդի զանազան պարագաներու մասին շատ յաճախ հարցեր ի յայտ կու գան հաւատացելոց մօտ։ Եւ աշխատութեան բովանդակութեան մէջ ներկայացուող մեկնողական հատուածները, հարց ու պատասխանի ձեւով, մանրամասնօրէն կը պարզաբանեն այդ հարցերը՝ հաստատապէս յենուած Սուրբ Գիրքի, եկեղեցւոյ հայրերու յաւիտենական ճշմարտութիւններու վրայ։ Մեր օրհնութիւնն ու գնահատանքը կը բերենք գիրքի հեղինակին՝ Գէորգ սրկ. Գէորգեանին, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնց ազնիւ ջանքերով ի լոյս կ՛ընծայուի «Հարցեր Մկրտութեան Մասին» այս շահեկան ձեռնարկը»: