
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- «Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի բարեկամներ»ը 28 Յունիսի երեկոյեան, Կլենտէյլի «Կլեն Արտըն» սրահին մէջ կազմակերպեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը դրած քոնկրեսական Էտըմ Շիֆի ի նպաստ հաւաք մը։
Նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ իր քաղաքական գործունէութեան ընթացքին, Շիֆ շարունակաբար նեցուկ կանգնած է հայութեան, Հայաստանին եւ Արցախին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը անցեալ Փետրուարին որոշած էր նեցուկ կանգնիլ Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ Քալիֆորնիան ներկայացնող ծերակուտականներէն մէկը հանդիսանալու Շիֆի ընտրապայքարին։
Հաւաքը առիթ հանդիսացաւ համայնքի հայկական կազմակերպութիւններուն եւ անդամներուն՝ մօտէն ծանօթանալու քոնկրեսականին հետ եւ անոր հետ քննարկելու հայութիւնը յուզող շարք մը հարցեր։
Առաւել քան 100 անձեր ներկայ էին հաւաքին, գլխաւորութեամբ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեանի, Ազգային վարչութեան անդամներու, ինչպէս նաեւ համայնքին գլխաւոր հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, ներառեալ՝ Հայ մշակութային հիմնարկութեան եւ անոր մասնաճիւղերուն, Հայ կրթական հիմնարկութեան, Հայ-ամերիկեան թանգարանին, աշխատաւորական SEIU միութեան հայկական մասնաճիւղին եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան դրուատեց Շիֆի երկար տարիներու հայանպաստ գործունէութիւնը՝ շեշտելով, որ ան Քոնկրեսի եւ դաշնակցային իշխանութիւններուն մօտ եղած է հայութեան շահերը պաշտպանող եւ այս օրերուն, երբ հայութիւնը գոյութենական ճգնաժամ կը դիմագրաւէ, ան կը շարունակէ Հայկական Հարցը ջատագովել՝ պահանջելով Ուաշինկթընէն պատժական միջոցառումներ որդեգրել Արցախին եւ Հայաստանին սպառնացող Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն դէմ եւ զօրակցիլ Արցախին եւ Հայաստանին։
Շիֆ երկար տարիներ եղած է Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարներէն մէկը եւ ներկայիս անոր համաատանեպետներէն մէկը կը հանդիսանայ: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած քայլարշաւին, մօտաւորապէս 166,000 հայերու եւ համակիրներու կողքին եւ 2019ին իրականացուց Ցեղասպանութեան բանաձեւին վաւերացումը Քոնկրեսին կողմէ։ Ան 2022ին արժանացաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Արդարութեան ջատագով» մրցանակին։
Շիֆ հաւաքին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին, որ կը զօրակցի իր ընտրապայքարին՝ աւելցնելով, թէ այդ մէկը պատիւ պիտի շնորհէ իրեն՝ խոստանալով շարունակել զօրակցիլ հայութեան, յատկապէս այս օրերուն, երբ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան դարձեալ գործադրութեան դրած են իրենց ցեղասպանական գործողութիւններէն մէկը:
Շիֆ նաեւ պայքարած է Հայաստանին եւ Արցախին յաւելեալ ամերիկեան աջակցութիւն ապահովելու, Ատրպէյճանի ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու եւ Անգարայի ու Պաքուի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու, յատկապէս 2020ին կատարուած Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ու Հայաստանի վրայ յարձակումի լոյսին տակ: Շիֆ նաեւ ջատագոված է Արցախի անկախութեան ճանաչումը եւ հայ պատերազմի գերիներուն ազատ արձակումը:
Նաեւ, անցնող Ապրիլին, Շիֆ Քոնկրեսին ներկայացուցած էր Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախի անկախութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքները ճանչցող բանաձեւը։