Միջնորդներուն մօտեցումները պէտք չէ կանխորոշեն բանակցութիւններուն արդիւնքը, հաղորդագրութեան մը միջոցաւ յայտարարեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը` արձագանգելով Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանին` Հանրային ատկերասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հեռանկարներուն վերաբերող յայտարարութիւններուն:
Ստեփանակերտէն յայտնեցին, թէ իրենք համոզուած են, որ ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հիմնահարցը կրնայ յաջողութեամբ պսակուիլ, այն պարագային` «եթէ հակամարտութեան բոլոր կողմերը եւ միջնորդները, ամբողջովին գիտակցելով իրենց պատասխանատուութիւնը, ցուցաբերեն ճկունութիւն, ստեղծարար մօտեցում, կառուցողականութիւն եւ առաջնորդուեն ինչպէս միջազգային իրաւունքի նորմերով (չափանիշներով), այնպէս էլ համընդհանուր այնպիսի արժէքներով, ինչպիսիք են արդարութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ ազատութիւնը»։
«Գտնում ենք, որ անսասան հաւատարմութիւնն այս սկզբունքներին, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահութեան կողմից կուտակուած միջնորդական փորձի կիրառումը կը նպաստեն հակամարտութեան արդար ու համապարփակ կարգաւորմանը եւ տարածաշրջանում կայուն ու արժանապատիւ խաղաղութեան հաստատմանը: Ադրբեջանի կողմից Արցախի ժողովրդի նկատմամբ ակնյայտ ցեղասպանական մտադրութեամբ իրականացուող նուաճողական եւ էթնիկ (ցեղային) զտման քաղաքականութեան, շարունակուող անմարդկային շրջափակման, բռնութեան եւ ագրեսիայի (յարձակողապաշտ) կրկնուող դէպքերի, աճող ատելութեան խօսքի եւ ռազմատենչ հռետորաբանութեան պայմաններում նմանատիպ յայտարարութիւնները յիշեցնում են ագրեսորին (յարձակողին) հանդարտեցնելու քաղաքականութիւն: Ինչպէս ցոյց է տալիս պատմական փորձը, ագրեսորի հանդարտեցումը վերջինիս կողմից ընկալւում է որպէս իր ապակառուցողական քաղաքականութեան խրախուսում, ինչը յանգեցնում է միայն յետագայ բռնութիւնների եւ մարդկային տառապանքների», կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։
Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կ՛ընդգծէ, որ` «ադրբեջանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան արդար, հաւասարակշռուած եւ արժանապատիւ կարգաւորման ուղիների որոնումը չպէտք է ունենայ արհեստական սահմանափակումներ, այլ պէտք է հիմնուած լինի միջազգային իրաւունքի նորմերի եւ սկզբունքների, ներառեալ` ՄԱԿի կանոնադրութեամբ ամրագրուած ժողովուրդների իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքի վրայ: Նորագոյն պատմութեան մէջ եւ միջազգային պրակտիկայում (կիրարութեան մէջ) կան ժողովրդի կամարտայայտութեան հիման վրայ նման բարդ եւ ձգձգուած հակամարտութիւնների լուծման օրինակներ»: