Արցախի Ազգային ժողովը կոչով դիմեց Հայաստանի Հանրապետութեան՝ միջոցներու ձեռնարկելու, որպէսզի կարելի ըլլայ խթանել Արցախի ժողովուրդին արժանապատիւ կեանքի ապահովումը:
Արցախի խորհրդարանականները կոչ ուղղեցին Երեւանին` անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու` Արցախի մէջ տեղակայուած խաղաղապահ առաքելութեան միջազգային յանձնարարութեամբ օժտելու համար սահմանուած ընթացակարգով դիմելու ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին, Ընդհանուր ժողովին՝ առաջարկելով պատշաճ քայլեր կատարել տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ ապահովութեան երաշխաւորման ուղղութեամբ, իսկ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն անդամ-երկիրներուն` ընդունելու կտրուկ բնոյթի որոշում մը (բանաձեւ)` ձեռնարկելով եւ սահմանելով Արցախի մէջ խաղաղութիւն պարտադրելու գործուն միջոցներ:
«Արցախի Հանրապետութիւնը յանձնառու է փրկելու իր ժողովրդին պատերազմի արհաւիրքից, վերահաստատելու հաւատը մարդու հիմնարար իրաւունքների եւ ազատութիւնների, ինչպէս նաեւ մեծ ու փոքր ազգերի հաւասար իրաւունքների նկատմամբ, ուստի այդ կառոյցներից ակնկալում է ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որոնք կ՛ապահովեն միջազգային իրաւունքի նորմերից բխող պարտաւորութիւնների հանդէպ յարգանքը, ազատութեան պայմաններում խթանել Արցախի ժողովրդի արժանապատիւ կեանքի ապահովումը», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ։