25 Յուլիսի երեկոյեան, Արցախի Հանրապետութեան Ստեփանակերտի Վերածնունդի եւ Երեւանի Ազատութեան հրապարակներուն վրայ, պետական քայլերգով նոյն ժամուն սկսաn համաժողովրդական հանրահաւաքներ՝ Արցախի ապաշրջափակման եւ անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը յարգելու պահանջով:
Ստեփանակերտի հանրահաւաքին կը մասնակցէին նաեւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեան, պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան եւ պաշտօնատար այլ անձեր:
Ներսիսեան իր արտասանած խօսքին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Հայաստանից պահանջում ենք հրաժարուել Արցախն Ադրբեջանի կազմում ճանաչելու մտայղացումից եւ յարաբերութիւնների քաղաքական կարգաւորման նման մօտեցումից։ Այդ մօտեցումը ունակ չէ ապահովելու տարածաշրջանում խաղաղութիւնը եւ Արցախի ժողովրդի արժանապատիւ գոյութիւնը, աւելին` դա չի կարող երաշխաւորել նոյնիսկ Հայաստանի գոյութիւնը, որովհետեւ թուրք-ադրբեջանական տանդեմի (լծակից զոյգի) խնդիրը ոչ թէ Արցախն է, այլ ողջ հայ ժողովուրդն ու ազգային պետականութիւնը»:
Ստեփանակերտի մէջ անընդունելի նկատեցին Հայաստանի կողմէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանչնալու մասին հնչող յայտարարութիւնները:

«Գուցէ Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութիւնը ճանաչել են շատ պետութիւններ, բայց Հայաստանի դիրքորոշումը կարեւոր է այն առումով, որ ամբողջ աշխարհը, այդ թւում` Ադրբեջանը, տասնամեակներ շարունակ եւ հիմա Հայաստանին դիտարկում է որպէս Արցախում ապրող հայ ժողովրդի շահերը ներկայացնողն ու իրաւունքները պաշտպանողը: Հետեւաբար` Արցախը Ադրբեջանի տարածք չճանաչելը չի նշանակում, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը տարածքային պահանջներ ունի Ադրբեջանի նկատմամբ», յայտնեց Ներսիսեան:
Ան շեշտեց, որ Արցախի ժողովուրդին ճակատագիրը կրնայ որոշել միայն Արցախի ժողովուրդը: «Որեւէ մէկը լիազօրուած չէ մեր անունից որոշելու մեր ապագան, իսկ Արցախի ժողովուրդը, Արցախի խաղաղասէր ժողովուրդը պատրաստ է ստանձնել իր բաժին պատասխանատուութիւնն այդ հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում», ըսաւ Ներսիսեան:
Խօսք առաւ նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան, որ ըսաւ հետեւեալը. «Այսօրուայ իրականութիւնը գալիս է եւս մէկ անգամ մեզ յիշեցնելու, որ Արցախեան շարժումը չի աւարտուել եւ դեռ շարունակւում է: Այն մեզ համար պիտի դառնայ հանապազօրեայ հացի պէս, դառնայ ապրելակերպ, առաքելութիւն, գաղափար եւ պայքար: Արցախեան շարժման ընթացքին հազարաւոր հայորդիներ հերոսացան ու անմահացան: Նրանց հոգեւոր հայեացքի ներքոյ մենք չպիտի սխալուենք, այլ ամբողջ ազգով դառնալով միասնական բռունցք, այդ շարժումը պիտի հասցնենք իր բարի աւարտին` ազատ, անկախ Արցախ»։ Ան արցախցիներուն փոխանցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հայրական սէրը եւ աղօթքը:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեսաուղերձը:
Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ զուգահեռ տեղի ունեցած հանրահաւաքները աւարտեցան երթով՝ համապատասխանաբար դէպի Եռաբլուր եւ Յուշահամալիր-զինուորական պանթէոն:
Հանրահաւաքներու համակարգողները յայտարարեցին, որ երթերուն նպատակը հայրենիքին ազատութեան ու պաշտպանութեան համար հերոսացած զինուորներուն յիշատակի առջեւ խոնարհելով` հաւատարմութիւն յայտնելն է այն գաղափարին, որուն համար անոնք զոհեցին իրենց կեանքը` երդուելով, որ պիտի շարունակեն անոնց գործը: